
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28-ին, 82 տարեկանին՝ յետ երակարատեւ հիւանդութեան մահացաւ վաստակաւոր պատմաբան, բանասէր եւ հայագէտ Կապրիելա Ուլուհոճեան: Փարիզի մէջ, լոյս տեսնող «Նոր Յառաջ»ը կը տեղեկացնէ թէ յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Դեկտեմբեր 1-ին, Փարմայի տաճարին մէջ:
Կապրիելա Ուլուհոճեան ծնած է Արեւմտեան Հայաստանէն մազապուրծ հայ գաղթական ընտանիքի մը երդիքին տակ: Շրջանաւարտ եղած է Միլանոյի Կաթողիկէ համալսարանի դասական բանասիրութեան բաժնէն եւ խորացած է յունա-լատինական մասնագիտութեան մէջ: Այդ տարիներու մեծ հայագէտ Ճանքարլօ Պոլոնիեզի ղեկավարութեամբ ուսումնասիրած է յունական դպրոցի երկերը, մասնաւորապէս բիւզանդացի բանաստեղծ Ժորժ Փիսիտեսի «Վեցօրեայ»-ի հայերէն թարգմանութիւնը` զայն համեմատելով յունարէն բնագրին հետ: Այդ երկը դարձած է Կապրիելա Ուլուհոճեանի աւարտաճառի նիւթը, զոր ան փայլուն կերպով պաշտպանած է 1958-ին եւ ստացած՝ դոկտորի գիտական աստիճան:
Ան 1973-էն 2004 դասաւանդած է Պոլոնիայի (Իտալիա) համալսարանին մէջ: 1973-ին, ծանօթ լեզուաբան Լուիճի Հեյլմանի փափաքով՝ նշեալ համալսարանին մէջ հայկական ուսմանց ամպիոն մը ստեղծուած է, ուր սկսած է դասաւանդել Կապրիելա Ուլուհոճեան եւ որու ղեկավարութիւնն ալ ստանձնած է 1982-էն: Այս մէկը, իտալական համալսարանի մը մէջ հայկական ուսմանց առաջին ամպիոնն էր: Նախ ղեկավարած է լեզուագիտութեան, ապա միջնադարեան պատմութեան բաժինները: Այդ տարիներու ընթացքին, ան յաջողած է ամրապնդել նշեալ համալսարանին մէջ Հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան մակարդակը, իր ջանքերով հիմնուած է համապատասխան գրադարան:
Երկար տասնամեակներու ընթացքին՝ դասախօսի եւ հետազօտողի իր գործունէութեամբ հայագիտուհին տիրացած է համաշխարհային համբաւի, հրատարակելով եւ ստորագրելով հարիւրեակ մը գիրքեր եւ յօդուածներ: Ողբացեալը հասցուցած է մեծ թիւով մասնագէտներ, որոնք այսօր կը գործեն Իտալիա եւ այլուր:
1979-1980-ին այցելած է Հայաստան եւ յաճախած՝ Երեւանի պետական համալսարան, ուսանած է գրաբար, արեւելահայերէն, հայ հին եւ ժամանակակից գրականութիւն: Միեւնոյն ժամանակ առանձին հետազօտութիւններ կատարած է «Մաշտոց» Մատենադարանին մէջ` ուսումնասիրելով Բարսեղ Կեսարացիի «Գիրք Հարցողաց»-ի հայերէն թարգմանութեան ձեռագրերը: Յետագային, ան այդ երկը պատրաստած է գիտահամեմատական հրատարակութեան համար, ինչ որ դարձած է իր ամենէն ծանօթ գործերէն մէկը:
1979-1989 ժամանակաշրջանին Ուլուհոճեան գործակցած է Միլանոյի Հայ ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնին հետ, որու ընթացքին երկու անգամ մասնակցած է կեդրոնի կազմակերպած գիտարշաւներուն, մեկնած է Իրան եւ կատարած՝ հետազօտական աշխատանքներ: Գիտարշաւի ժամանակ ուսումնասիրած է հայերէն վիմագիր արձանագրութիւնները եւ որպէս արդիւնք հրատարակած է մենագրութիւն մը նուիրուած՝ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանքի արձանագրութիւններու հաւաքածոյին:
Ուլուհոճեան անդամակցած է Հայ ճարտարապետական վաւերագրերու շարքի խմբագրութեան, միջազգային եւ իտալական բազմաթիւ ընկերակցութիւններու, Հայկական հետազօտութիւններու միջազգային ընկերակցութեան եւ մասնակցած՝ Պօ-Արաքս ընկերութեան հիմնադրման: 1991-էն անդամ էր Revue des Etudes Armeniennes-ի գիտական խորհուրդի: Գիտական գործունէութեան զուգահեռ՝ մեծ աւանդ ունեցած է Պոլոնիայի եւ Երեւանի պետական համալսարաններու միջեւ դասախօսներու փոխանակման եւ ծրագրերու համակարգման ոլորտին մէջ: Իր ջանքերով՝ Թորինոյի եւ Վենետիկի մէջ կազմակերպուած են հայագիտական ցուցահանդէսներ, գիտաժողովներ:
Նոյեմբեր 5-ին, Ուլուհոճեան արժանացած էր Մոտենայի «Ալեսանտրօ Թասոնի» մրցանակին: 2009-ին լոյս տեսած եւ 2015-ին վերհրատարակուած իր «Հայերը» հատորը: