
Յ. Պալեան
Այսօր ԱՊՐԻԼ 24 է: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ…
Հեռատեսիլի Պատմութիւն ալիքին վրայ մէկ ժամ դիտեցի հաղորդում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Խօսեցան, հայեր, սփիւռքէն, Թուրքիոյ մէջ այլեւս չթաքնուող հայեր, օտարներ, եւ թուրքեր:
Բացի թուրք պետութենէն, ցեղասպանութիւնը ժխտող չկայ:
Իսկ պետութիւնը, իր նախագահի առաջնորդութեամբ, զբաղած է կայսերական նկրտումներով:
Գիտնալ լաւ բան է, բայց չմտածել յաջորդ քայլի մասին, անհատական եւ հաւաքական կեանքի մէջ, յանցանք է եւ վատութիւն:
Ռ. Էրտողան կ’ուզէ ետ բերել պատմութիւնը:
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ ան պատմութիւնը ետ տանէր մէկ կամ երկու դարով, տասը դարով, մինչեւ ԺԱ. դար, երբ սկսաւ թուրք ցեղերու ներխուժումը Միջին Ասիա, Անատոլու, Հայկական Բարձրաւանդակ, Բիւզանդիոն, իրենց անցքին աւերելով, քանդելով եւ իւրացնելով քաղաքակրթութիւններ, մշակոյթներ եւ հարստութիւններ:
Թուրքիոյ նախագահի երազանքը եսակեդրոն է, իր ազգի բնաւորութեան ուղիղ գիծին վրայ: Օտար մտաւորականներ եւ գրողներ անվարան կը խօսին, որ Ռ. Էրտողան օսմանեան փառքի վերականգնումը կը հետապնդէ: Բայց հակազդող քաղաքական ուժ չկայ:
Հարկ է խօսիլ սուլթաններու կայսերական քաղաքականութեան եւ նուաճումներու նպատակի մասին: Գրաւել Միջին Արեւելքը, Երուսաղէմը, Պալքանեան երկիրները, ամբողջ Եւրոպան: Յարձակողական՝ որ կանգ առաւ Վիէննայի առջեւ: Նպատակ էր թրքացնել ամբողջ Միջերկրականի աւազանը, գրաւել նաեւ Հռոմը: Ինչպէս որ գրաւած էին Կոստանդնուպոլիսը, ԺԵ. դարու կէսին, Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարը վերածած մզկիթի, նոյն ճակատագրին կ’ուզէին արժանացնել Սուրբ Պետրոսի տաճարը:
Օսմանցիներու քաղաքականութեան խորքին կը գտնուէր կրօնական ազդակը, տարբերութիւնները ջնջելու որպէս միջոց: Ենթարկուած ժողովուրդները քաղաքացիական իրաւունքներ չունէին, դատարանի առջեւ հաւասար չէին: Ռ. Էրտողան Մուսթաֆա Քեմալի աշխարհիկ ըմբռնումները ծալած է եւ վրան նստած է, կ’ուզէ օսմանի կայսրութիւնը վերականգնել՝ համաթրքական նպատակով, որպէս միացնող շաղախ օգտագործելով կրօնը:
Մինչեւ ո՞ւր կրնայ երթալ Ռ. Էրտողանի տարածման եւ հզօրացման մեծամտութիւնը: Այս մտահոգութիւնը ունի՞ն Թուրքիոյ նախկին եւ նոր դաշնակիցները:
Միացում եւ յառաջդիմութիւն (Իթթիհատ վէ թէրաքը) կուսակցութիւնը, Ի դարու սկիզբը, օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի պատերազմի քաոսէն, օսմանեան կայսրութեան մէջ միատարրութիւն ստեղծելու եւ վերջ տալու համար հայ ժողովուրդի ազատութեան ձգտումներուն, գործեց ՄԵԾ ՈՃԻՐը: Վասն արդիականութեան հրապարակ եկած Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութիւնը գերազանցեց սուլթաններու սանձարձակութիւնը, իրագործեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ջարդերուն ընկերացնելով հայրենահանումը (որ բաւարար չափով չի շեշտուիր ոչ մեր եւ ոչ ալ մեր բարեկամներուն կողմէ), միաժամանակ՝ հայրենահանումը յոյներու եւ կրօնական այլ համայնքներու:
Նացիներէն երեսուն տարի առաջ, նպատակադրուած էր եւ Թուրքիոյ մէջ իրականացուած ցեղային եւ կրօնական մաքրազտումը, épuration ethnique ( ethnic cleansing – խմբ․) : Այս մասին չի խօսուիր: Ազատ եւ քաղաքակիրթ աշխարհը այս մօտեցումը չունի երբ կը խօսի հայոց ցեղասպանութեան մասին: Մեր կարգին, չենք խօսիր միջազգային օրէնքով դատապարտելի այս միտումի եւ անոր գործադրութեան մասին, մինչ այդ յիշեցումը տեւաբար եղած է եւ կ’ըլլայ նացիներու պարագային: Հարց պէտք է տալ արեւմտեան երկիրներուն, ՄԱԿի անդամներուն, իրենք զիրենք իրաւարարութեան կոչածներուն, որ ընդուելի՞ եւ բարոյակա՞ն է երկու չափ երկու կշիռի այս քաղաքականութիւնը:
Այսօր, Ռ. Էրտողան, կը գտնուի կրօնաքաղաքական նոյն ուղղութեան վրայ: Անոր փաստը տուաւ երբ ուղղակի-անուղղակի կերպով օժանդակեց ՏԱՀԷՇի, գործակցութիւն՝ որուն երեւցող մասը անոր գրաւած շրջաններու նաւթի իր միջոցաւ վաճառքն էր: Նոյն կրօնաքաղաքական միտումով կը բացատրուի Սուրիոյ հարաւային շրջաններ իր զինուորական մուտքը եւ ներկայութիւնը, չեզոքացնելու համար ալեւի իշխանութիւնը: Եւ հակառակ ռուսական արգելքին, Թուրքիա կը շարունակէ յամառօրէն գրաւուած պահել Իտլիպի շրջանը: Արեւմտեան երկիրները հարց կու տա՞ն, որ եթէ չըլլար ռուսական արգելքը, Թուրքիան որքան պիտի տարածուէր Սուրիոյ մէջ:
Միշտ կռթնելով իր անպատժելիութեան, Թուրքիա կը միջամտէ Լիպիոյ մէջ, հեռանկար՝ լիպիական նաւթին տիրանալ կամ անկէ բաժին ունենալ: Միաժամանակ, Թուրքիա կ’ուզէ օգտուիլ լիպիական ծովային տարածութենէն: Նոյն հունով, անարգել կը շարունակէ ընդարձակել իր ծովային տարածքը, ընդդէմ Յունաստանի իրաւունքին: Եւ ինչպէս օսմանեան կայսրութեան օրերուն, թրքական նաւատորմը անարգել կը շրջի Միջերկրականի եւ կիպրական ջուրերուն մէջ կը փնտռէ նաւթ եւ կազ: Զարմանալի է, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա կը գոհանան հանդիսատեսի դերով, Թուրքիոյ օսմանական երազանքները հակակշռելու պարտականութիւնը վստահելով իրենց կէս-բարեկամ-կէս-թշնամի Ռուսիոյ:
Միջազգային այս բարդացող կացութեան մէջ, կարծէք կը մոռցուի Հայկական Հարցը: Խօսքը կը վերաբերի ԺԹ դարէն ի վեր տեւող Հայկական Հարցին, ոչ միայն ցեղասպանութեան ճանաչման: Հարց՝ որ ազգի մը հայրենիքին, ազատութեան, ինքնորոշման եւ մարդկային իրաւունքին կը վերաբերի: Հայկական Հարցը քաղաքական օրակարգ էր անցեալին, պէտք է ըլլայ այսօր, անկախաբար ցեղասպանութեան ճանաչումներէ եւ անորոշ սահմանումներով հատուցումներէ, մանաւանդ՝ երբ կ’ըսուի փոխհատուցում: Ի՞նչ բանի փոխհատուցում:
Ինչ կը վերաբերի պատասխանատուութեան, պարզամտութիւն է ըսել, որ ցեղասպանութիւնը որոշողները, գործադրողները չկան, որ դատարան տարուին: Տեղահանութիւն, ջարդ, կալուածներու իւրացում, ինչ ալ եղած ըլլան պայմանները, պետութեան պատասխանատուութիւն են, պետութիւնը միշտ իրաւայաջորդ է: Ժամանակակից Գերմանիան չհրահանգեց եւ չգործեց հրէական ցեղասպանութիւնը, բայց այդ սխալը ժառանգեց եւ հատուցում ըրաւ, վերականգնեց հրեաներու իրաւունքները, վերադարձուց սինակոկները եւ անհատական ինչքերը: Թուրքիան պատասխանատու է որպէս յաջորդ եւ ժառանգորդ, հայկական հողերու եւ հարստութիւններու կողոպուտը եւ բռնագրաւումը ինք ընդունած է: Հետեւաբար, Թուրքիան պատասխանատու է եւ Իրաւունքը պէտք է վերականգնէ:
Հայկական ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման զուգահեռ, կը խօսուի ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան մասին: Որո՞ւ վերագրելու համար պատասխանատուութիւնը եւ ի՞նչ ընելու համար: Այս հարցումը ազգային-քաղաքական եւ իրաւական-պահանջի յստակցման կարիք ունի, հետեւանքներու սրբագրութիւն կը պահանջէ:
Կը խօսուի, անորոշ բովանդակութեամբ, հատուցման եւ փոխահատուցման մասին:
Անհատներու կորուստներու եւ կրած վնասներու հատուցումը օրէնք է: Օրինակ, հայերը դրամատուներու մէջ դրամ ունեցած են: Անոնք պէտք է վերադարձուին տէրերուն: Հայերը տուներ, կալուածներ, գործարաններ ունէին: Անոնք պէտք է վերադարձուին եւ որպէս վնաս՝ փոխ-հատուցուին: Այս պարագային բառասկիզբի փոխը հասկնալի է: Բայց ցեղասպանութեան ճանաչման զուգահեռ գործածուող փոխ-հատուցում բառի սկիզբի փոխը խիստ անորոշ է:
Հայրենահանուած եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդին, որպէս ազգային հաւաքականութիւն, ի՞նչ հատուցում պէտք է տրուի եւ ի՞նչ բանի փոխարէն:
Ազգին բազմադարեան հայրենիքը բռնագրաւուած է, ի՞նչ փոխահատուցում կարելի է տալ, բացի այդ հայրենիքի վերադարձէն:
Հայոց պահանջը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), քաղաքական յստակութիւն պէտք է ունենայ:
Հայրենիքը անհատական կալուած չէ, որ կարելի ըլլայ առնել, ծախել, փոխարինել: Կալուածը կը պատկանի անհատին, ան կրնայ առեւտուրի ապրանք ըլլալ:
Հայրենիքը կը պատկանի ազգին եւ ան առեւտուրի ապրանք չէ: Չի փոխհատուցուիր:
Բառերը խորք եւ իմաստ ունին:
Փոխ-հատուցման պահանջի ճապկումը փերեզակի հայրենադաւութիւն պէտք չէ ըլլայ: