
2012 տարուան սեմին, բայց մանաւանդ տարին թեւակոխելէ ասդին, Հայաստանէն մինչեւ Թիֆլիս ու սփիւռքեան օճախներ` զիրար վարակեցինք գեղեցիկ գաղափարով մը. 2012 տարին հռչակեցինք Սայաթ Նովայի ծննդեան 300ամեակ, ամէնուրէք գեղարուեստական ձեռնարկներ կը նուիրուին մեծ աշուղին, պաշտօնական հանդիսութիւններով վեր կ՛առնենք անոր տեղն ու արժէքը` մեր արուեստի պատմութեան մէջ:
(Երանի թէ մեր բոլոր մեծերուն ամեակներն ալ նման շքեղութեամբ նշենք):
Տեղ մը, բան մը սխալ է, սակայն: Պատմական ճշմարտութեան սիրոյն, պէտք է նկատի ունենալ սխալը: Եթէ այս տարի 300ամեակ կը տօնենք, կը նշանակէ, թէ մեծ աշուղը պէտք է ծնած ըլլայ 1712ին: Հարցը ճիշդ հոս է:
Սայաթ Նովայի ծննդեան թուականը տասնամեակներ շարունակ վէճի նիւթ էր: Սայաթնովայագէտներ ծննդեան տարեթիւը տարուբերած են 1712էն մինչեւ 1725 կամ քիչ մըն ալ աւելի ուշ: Բոլորն ալ յարգելի մտաւորականներ եղած են, հաշուարկին համար ալ ունեցած են իրենց բացատրութիւնը:
Աւելի քան 40 տարի առաջ, համոզիչ յստակացում բերաւ Պարոյր Սեւակ, որուն “Սայաթ Նովա“ ուսումնասիրութեան առաջին շուրջ 100 էջերը նուիրուած են Սայաթ Նովայի ծննդեան թուականի առեղծուածի լուծման: Սեւակ, մանրադիտակով ու նուրբ նշդրակով աշխատող գիտնականի մը պէս, տարբաղադրած է մինչ այդ գրուածներն ու վիճելի երեսները, ու առաւելաբար հիմնուելով աշուղին տաֆթարէն բխող բացայայտ կամ թաքուն մանրամասնութիւններու վրայ, տասնեակներով փաստարկումներ շարած է ու յանգած` այն վճռական եզրակացութեան, որ Սայաթ Նովա ծնած է 1722ին, չէր կրնար ծնած ըլլալ անկէ առաջ կամ վերջ:
Եթէ Սեւակի եզրայանգումը գիտական արժէք ունի, եւ ունի՛, պէտք է յարգենք զայն: Այսքանը` պատմական ճշգրտութեան համար:
Է՛, հիմա ի՞նչ ընենք: 300ամեակին նուիրուած ու նուիրուելիք նախաձեռնութիւնները չեղեա՞լ նկատենք:
Նման քայլ անկարելի է. մեր նպատակն ալ այդ չէ, որովհետեւ լաւ սկսուած գործի մը վրայ պաղ ջուր թափելը որեւէ բարի նպատակ չ՛իրագործեր:
Լուծո՞ւմը:
Եկէ՛ք, համաձայնինք 2012ով սկսող տասնամեակը, մինչեւ Սայաթ Նովայի ծննդեան իսկական 300ամեակի թուականը հռչակենք ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱՅԻ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ: Կ՛արժէ՛ որ տասը տարի նուիրենք մեծ աշուղի յիշատակին, Սեւակին նման պեղենք անոր ժառանգութեան գանձարանը: Որովհետեւ Սայաթ Նովա ո՛չ միայն գագաթ մըն է մեր գրականութեան մէջ, այլ նաեւ մեծ երաժիշտ, բանաստեղծ ըլլալու կողքին` նաեւ փիլիսոփայ ու ընկերային արդարութեան հետամուտ ստեղծագործ:
Եթէ Սայաթ Նովա տիտան մը եղած չըլլար, անոր երգերը աւելի քան 250 տարի դիմացած պիտի չըլլային (մինչեւ օրս ալ անմրցելի հաճոյքով կը լսենք ու կ՛երգենք իր երգերը, թէեւ անոնց բառերը լիովին հասկնալի չեն զանգուածներուն կողմէ): Աւելին, երբ ըսենք Սայաթ Նովա, մեր մտապատկերին վրայ բանաստեղծ-աշուղը կը բազմի առաւելաբար իր սիրայի՛ն երգերով, նուազ ժամանակ կը տրամադրենք թափանցելու անոր փիլիսոփայական աշխարհէն ներս, հպանցիկ կերպով կ՛անդրադառնանք անոր արծարծած ընկերային հարցերուն: Հետեւաբար, տասը տարին լաւ ժամանակ է` լիարժէքօրէն վեր առնելու Սայաթ Նովայի թողած ժառանգութեան ու արժանիքներուն ամբողջութիւնը:
Իսկ եթէ այս բոլորին զուգահեռ, այս տասնամեակին վերարժեւորենք Սայաթ Նովային պէս տաղանդաւոր տիտաններ, ո՞վ կը դժգոհի…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ