Գլխաւոր

ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ ԱԶԱՏ Կ՛ԱՐՁԱԿՈՒԻ

ՊՈԼԻՍ .- Թուրք այլախոհ Ռակըպ Զարաքօլու, որ Հոկտեմբեր 2011-էն ի վեր ձերբակալուած էրԵրեքշաբթի, Ապրիլ 10-ին ազատ արձակուած է տասնըհինգ այլ գաղափարակից գործընկերներու հետ: Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ մղուած Թուրքիոյ պետութեան պայքարին ծիրէն ներս, կատարուած էր այս ձերբակալութիւնը:

Դատարանը նշած է թէ ազատ արձակման հիմնաւորում տրուած է, նկատի ունենալով կալանքի տակ մնալու ժամկէտը, յանցագործութեան բնոյթի փոփոխութեան հաւանականութիւնը եւ գոյութիւն ունեցող փաստերը:

Դեռ անցեալ շաբաթ, դատախազը Զարաքօլուն մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտելու առաջարկ ներկայացուցած էր:

Նշենք թէ ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ այդ գծով բազմիցս գիտաժողովներ կազմակերպած եւ շարք մը հրատարակութիւններ լոյս ընծայած է իրՊելկէհրատարակչութեան միջոցով:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button