ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 140-ԱՄԵԱԿԸ
Տաղանդաւոր երգիծաբան, վիպասան, թատերագիր եւ հրապարակագիր է Երուանդ Օտեան (1869-1926): Ծնած է Պոլիս, սերելով Օտեաններու յայտնի գերդաստանէն: Նախնական ուսումը ստացած է տեղական վարժարաններու մէջ, սակայն մտաւոր բարձր ուսումի հասած է ինքնաշխատութեամբ: Պատանի հասակէն սորված է լեզուներ, կարդացած է ընտանեկան հարուստ գրադարանի հայերէն եւ Ֆրանսերէն գիրքերը, համակուած է ընտանիքէն ներս տիրող գիտութեան, արուեստի եւ գրականութեան պաշտամունքով: Աշխատակցած է շատ մը հայ պարբերականներու, առաւել՝ յարատեւօրէն Արփիարեանի »Հայրենիք«ին: Ինք եւս հիմնած եւ խմբագրած է շատ մը թերթեր, որոնց մէջ մասնաւոր տեղ կը գրաւեն »Ազատ Խօսք«ը, »Պարսաւատետր«ը:
Օտեանի անունը թուրք իշխանութիւններու համար »անբարեյոյս անձեր«ու ցանկին մէջ էր: 1896-ի Օգոստոսին, երբ Կ.Պոլսոյ մէջ սկսած են հայկական ջարդերը, գաղտնի կերպով հեռացած է անկէ. եղած է Աթէնք, Գահիրէ, Փարիզ, Վիեննա, Լոնտոն, Պոմպէյ: 1908-ի երիտ-թրքական յեղափոխութենէն ետք Օտեան վերադարձած է Կ.Պոլիս: 1915-ի Մեծ Եղեռնի ժամանակ աքսորուած է Տէր Զօր: Հրաշքով փրկուելով, 1918-ին կրկին դարձած է Կ.Պոլիս, 1922-ին տեղափոխուած է Պուտափեշտ, 1924-ին Թրիփոլի, 1925-ին Գահիրէ, ուր մահացած է քաղցկեղէ:

