ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ.- ՄԱՐԴԿԱՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

0 0
Read Time:32 Second

Լուսանկար՝ Նազիկ Արմենակեան («Արմինիա Նաու»)

Երեւանի մէջ, Ապրիլ 6-ին, ազդանշանը տրուեցաւ Մարդկանց Իրաւունքներու Միջազգային Համադաշնակցութեան (FIDH) 37-րդ ընդհանուր համագումարին:
Համադաշնակցութեան նախագահ տիկին Սուհայր Պելհասէնը կարեւոր նկատեց այս համագումարը եւ յատկապէս նշեց թէ կը զուգադիպի Աշխարհի առաջին Ցեղասպանութեան՝ Հայոց Եղեռնի 95-ամեակին:
Նշենք թէ համագումարի բացման, խօսք առաւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան: Իսկ, ձեռնարկի ընթացքին, Երեւանի օփերայի շէնքին մօտ« բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած էր ընդդիմադիր Հայ Ազգային քոնկրէսի կողմէ: Այս առթիւ, ցուցարարները յատուկ պատրաստութիւններ կատարած էին եւ կենդանի պատկերներ պատրաստած` ցոյց տալու համար թէ մարդկանց իրաւունքները ոտնակոխուած են:
Այս համագումարին մասնակցողները, որոնց թիւը կը գերազանցէ երեք հարիւրը, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցանելու՝ զոհերու յիշատակին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles