
Եգիպտական գրաւոր եւ ելեկտրոնային մամուլը վերջերս դարձեալ անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին եւ լուսարձակի տակ առած էր Եգիպտոսի լրատուական եւ մտաւորական շրջանակներու կողմէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչերը:
- Նոյեմբեր 10ին “Տիփլոմեթիք Ուէպ“ կայքը անդրադարձած էր “Մասաիյա“ օրաթերթի եւ “Տելիլ“ քաղաքական ու ռազմավարական ուսումնասիրուիւններու կեդրոնի կազմակերպած կլոր սեղանին, որ նուրիրուած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւններուն: Կլոր սեղանին ընթացքին կատարուած են հետեւեալ ակնարկները.- “Պոլիս երբեք չէր ակնկալեր, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կը միջազգայնանայ եւ անիկա պատճառ կը դառնայ, որ իր վրայ միջազգային ճնշումներ բանեցուին: Այս իրականութիւնը Թուրքիան սարսափահար կը դարձնէ“: Միւս կողմէ, կլոր սեղանը հաստատած է “Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ նշուած է, որ Եգիպտոստի հոգեւոր հեղինակութիւն նկատուող Ազհարը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելի՛ն. եգիպտական մամուլը օրին առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է` Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայոց դէմ գործուած ոճիրներն ու սպանդները ներկայացնելու իմաստով, ինչպէս նաեւ հաստատած, թէ Եգիպտոս Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ գաղթականներ ընդունած է“: Կլոր սեղանին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ եգիպտական-հայկական երկկողմանի պատմական յարաբերութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ նշուած է, թէ Եգիպտոսի առաջին արտաքին գործոց նախարարը եղած է հայ մը` Պօղոս Նուպար փաշա, իսկ հայ ծաղրանկարիչ Սարուխան իր վաստակը ունեցած է եւ իր արուեստով եգիպտական մամուլին էջը հարստացուցած: Կլոր սեղանին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործելու դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
- Նոյեմբեր 6 եւ 7-ին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբ պատմաբաններու համադաշնակցութեան տարեկան խորհրդաժողովը` “Արաբները եւ ուրիշին բացայայտումը“ խորագիրին տակ, գրականութեան եւ պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ ներկայացուցած է ուսումնասիրութիւն մը, որ կը վերաբերի 1878-1923 ժամանակաշրջանի օսմանցի հայերուն հանդէպ արաբական կեցուածքին: Ուսումնասիրութիւնը ստեղծած է հարցականներ եւ առիթ տուած է շարք մը մեկնաբանութիւններու:
- Եգիպտական “Ռայ“ օրաթերթին համաձայն, Նոյեմբեր 7ին, “Ախպար Եում“ հրատարակչատունը կազմակերպած է “Եգիպտոսն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը“ խորագիրը կրող կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ ներկայացուցած է եգիպտական տեսակէտները`1878-ի Պերլինի վեհաժողովին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնականացման: Տոքթ. Իմամ անդրադարձած է ներկայիս Եգիպտոսի կառավարութեան կողմէ 1915-ին գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հեռանկարներուն: Այս ծիրին մէջ, ան ակնարկած է եգիպտացիներուն կողմէ հայ գաղթականներու հիւրընկալումին` 1894-1896-ին գործուած համիտեան ջարդերուն եւ 1909-ին գործուած Ատանայի կոտորածին ընթացքին:
- “Վիթօ կէյթ“ կայքը Հոկտեմբեր 7ին տեղադրած էր տարբեր կեցուածքներ, որոնք քաղուած էին Սփիւռքի զանազան շրջաններէն Հայաստան ժամանած եւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան ներկայ գտնուած պատասխանատուներու հետ:
“Վիթօ կէյթ“ կատարած էր հետեւեալ մէջբերումները.-
“Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան շեշտեց, որ թրքական իշխանութիւնները երբ հայերը բռնագաղթի ենթարկած են եւ զանոնք աքսորած դէպի անապատները, մտածած են, թէ արաբները պիտի մերժեն հայերը հիւրընկալել, որովհետեւ անոնք տարբեր կրօնքի կը պատկանին: Թրքական իշխանութիւնները համոզուած էին, թէ անապատները պիտի ըլլան հայոց գերեզմանները եւ անոնք երբեք յարութիւն պիտի չառնեն…: Արաբական երկիրներուն մէջ ապրող հայկական գաղութները խաղաղ քաղաքացիներ են, որոնք կը յարգեն պետութիւնը եւ կը նպաստեն այդ երկիրներուն բարգաւաճումին:
“Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արմէն Մազլումեան նկատել տուաւ, որ Արաբական աշխարհը հայութեան շնորհեց այն ինչ որ արեւմտեան պետութիւնները զլացան շնորհելէ: Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ Հայ Դատին հանդէպ Եգիպտոսի կեցուածքները եւ կը մաղթենք, որ անոնք աւարտին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Եգիպտոսի շէյխ Ազհարը 1915-ին եղած է առաջին հեղինակութիւնը, որ կրօնական հրամանագիրով մը դատապարտած է հայութեան դէմ գործուած սպանդներն ու անիրաւութիւնները:
“Քալիֆորնիա Քուրիըր“ թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան մաղթած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու նոր հանգրուան մը սկսի` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ Հայաստանի հետ թրքական սահմանի փակման վերացումով: Ան մաղթեց, որ Արաբական աշխարհին համար յստակ դառնայ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը քաղաքական է եւ ոչ կրօնական: Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ կ՛ապրի ժողովուրդ մը, որ ցամաքային եւ օդային շրջափակումի ենթակայ է եւ արտաքին աշխարհին հետ կապուելու անոր միակ անցքը Հայաստանն է, հետեւաբար անոնց իրաւունքն է ունենալ արժանապատիւ կեանք մը եւ մարդկային նուազագոյն իրաւունքներ“:
- Եգիպտական “Սատա Պալատ“ կայքը Սեպտեմբեր 21-ի իր թիւին մէջ անդրադարձած է Հայաստան այցելած եգիպտացի լրագրողներուն պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսին, որ կայացած էր Երեւանի մէջ: Պատուիրակութեան մաս կազմած են “Ռոզ էլ Եուսեֆ“ եւ “Պատիլ“ թերթերու, ինչպէս նաեւ “Սատա Պալատ“ կայքի ներկայացուցիչներ:
“Ռոզ էլ Եուսեֆ“-ի յօդուածագիր Ալաէտտին Զահեր յայտնեց, որ այս հանգրուանին Հայոց Ցեղասպանութեան քննարկումը շատ կարեւոր է Եգիպտոսի եւ Հայաստանի համար, նկատի ունենալով, որ Հայաստան բազմաթիւ երկիրներէ կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Զահեր նշեց, որ եգիպտական քաղաքական շարժում մը արդէն իսկ բացած է Հայոց ցեղասպանութեան արխիւները, զանոնք ներկայացնելու համար եգիպտական դատական իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնցմէ ստանայ վճիռ մը, որուն համաձայն Եգիպտոսի կառավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Իր կարգին, “Պատիլ“ թերթի յօդուածագիր Հազեմ Մալլահ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ակնարկեց հայկական-եգիպտական պատմական յարաբերութիւններուն, աւելցնելով, որ 1991-ին Եգիպտոս եղած է Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատող առաջին երկիրներէն մէկը:
Նշենք, որ “Սատա Պալատ“ կայքը 20 Յուլիսի իր թիւին մէջ տեղադրած էր եգիպտացի յօդուածագիր Մոհամետ Մանտուրի մէկ յօդուածը, որ կը վերաբերէր Թուրքիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան:
Մանտուր իր յօդուածին մէջ գրած էր հետեւեալը.
“Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ վերջապէս Եգիպտոսի մասին վերջերս կատարուած թրքական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ անոր մերթ բացայայտ եւ մերթ գաղտնի մեղսակցութիւնը` արաբական ցեղային եւ քաղաքացիական արիւնահեղութիւններուն, մեզի կը յիշեցնեն 98 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2015-ին կը զուգադիպի Թուրքիոյ գործած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ հակառակ բոլոր այն փաստերուն, թէ Օսմանեան կայսրութեան գործած այդ ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած էր, Թուրքիա կը շարունակէ մերժել Մեծ Եղեռնին իր պատասխանատուութիւնը: 1915-ին, միջազգային ընդհանուր անտեսումի շրջագիծին մէջ, Էրտողանի նախահայրերը գործադրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ մարդկային պատմութեան մէջ մեծագոյն ցեղասպանութիւնն է: Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ շուրջ օսմանեան նոր կայսրութիւն մը հիմնելու Էրտողանի ձգտումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ միլիսներու զօրակցելու անոր ջանքերը` հորիզոնին վրայ այլ ցեղասպանութիւններու ուրուականը կը գծեն: Այս հանգրուանին Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին քննարկումները շատ կարեւոր են, նկատի ունենալով Եգիպտոսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Հայաստանի պահանջը եւ երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները“:
- “Պատիլ“ օրաթերթը Սեպտեմբեր 18-ի իր թիւով հրապարակեց Հուսամ Ռապիհի ստորագրութիւնը կրող յօդուած մը, որուն համաձայն նշուած էր, թէ հայկական օրաթերթերու համաձայն Եգիպտոս կը գտնուի Թուրքիոյ գործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճամբուն վրայ: Յօդուածագիրը շեշտած էր, որ ըստ այդ օրաթերթերուն Եգիպտոսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հզօր թափով առաջ կը տանի Հայ Դատի աշխատանքները:
- “Ուաթան“ օրաթերթը Սեպտեմբեր 4-ի իր թիւով հրատարակած է Հազեմ Ուաքիլի յօդուածը, որուն մէջ նշուած է, թէ Եգիպտոսի եղբայրականացման ալիքին դէմ պայքարող ժողովրդային ճակատը բացած է թրքական պետութեան կողմէ հայերը բնաջնջելու թղթածրարը եւ կը պատրաստէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին թղթածրար մը:
Ըստ Ուաքիլի այդ թղթածրարը պիտի ներկայացուի եգիպտական դատական իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք արձակեն վճիռ մը, որ Եգիպտոսի կառավարութեան կը պարտադրէ ճանչնալ 1915-ին գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
- “Վիթօ կէյթ“ թերթը Օգոստոս 27ի իր թիւով հրատարակած է թերթի խմբագրապետ Իսամ Քամելի ստորագրութիւնը կրող յօդուած մը, որուն մէջ ան նշած էր, թէ իրեն ուղղուած են բազմաթիւ նամակներ, որուն մէջ փափաքներ եւ առաջարկներ կատարուած են, որպէսզի եգիպտացի ժողովուրդը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նեցուկ կանգնի հայութեան` Հայ Դատի պաշտպանութեան անոր պայքարին մէջ: “Իսկ ես չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ պահանջեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան մը կանգնեցուի Գահիրէի հրապարակներէն մէկուն վրայ եւ իբրեւ գումար` իմ ամսական աշխատավարձերէս մէկը կը տրամադրեմ անմիջապէս սկսելու համար այդ ծրագիրին, որ աւելի ուշ կրնայ ստանձնուիլ մարդկային իրաւունքները պաշտպանող քաղաքացիական ընկերութեան մէկ կազմակերպութեան կողմէ: Եգիպտոսի մէջ հայերը ունին պատուաբեր անցեալ. պատմութիւն մը, որ կը սկսի ճարտարարուեստով, գլխաւորաբար ոսկերչութեամբ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ արհեստներով, որոնք կը հասնին մինչեւ քաղաքական բարձրագոյն պաշտօններուն: Հայերէն շատեր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են անկախութեան համար Եգիպտոսի մղած ազգային պայքարներուն մէջ: Հաւանաբար այս առաջարկին եգիպտական զօրակցութիւն ապահովող կարեւորագոյն միտքը պիտի ըլլայ այն, որ Եգիպտոս բոլոր երկիրներէն աւելի նեցուկ կանգնած է հայութեան, երբ անոր դէմ օսմանական վայրագութիւն կը գործուէր: Հազարաւոր հայեր հասած էին Փոր Սայիտ, փախուստ տալով օսմանցի սուլթանին դժոխային արարքներէն, երբ տակաւին ամբողջ աշխարհը եւ մեծ պետութիւնները քար լռութեամբ կը վերաբերէին հայութեան դէմ գործուող սպանդներուն հանդէպ“, կը գրէ Իսամ Քամել:
- “Ալեաում Ալսապեհ“ օրաթերթի Օգոստոս 18ի թիւով յօդուածագիր Հաշեմ Ֆախարանի անդրադարձած է Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ յուշարձանի բացման: Իր յօդուածին մէջ Ֆախարանի կ՛ըսէ.
“Մինչ Թուրքիա եգիպտական կառավարութեան նկատմամբ ծայրայեղ կեցուածքներ կը ճշդէ եւ միջազգային ջանքեր ի գործ կը դնէ Իսլամ եղբայրները պաշտպանելու ի խնդիր, Պելճիքա, ուր կը գտնուի Եւրոպական Միութեան կեդրոնը, համաձայն գտնուած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը կանգնեցնելու: Հարկ է նշել, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած աւելի քան 135 յուշարձաններ կանգնեցուած են 25 երկիրներու մէջ: Իսկ 1965-ին, Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են շուրջօրեայ ցոյցեր, որոնց ընթացքին Սովետական Միութենէն պահանջուած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սովետական Միութիւնը ընդառաջած է ցուցարարներուն պահանջին եւ կարելի եղած է կանգնեցնել Ծիծեռնակաբերդը եւ ապա կառուցել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ստորերկրեայ թանգարանը: Յայտնենք, որ Օսմանեան կայսրութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք կանխամտածուած եւ ծրագրուած կերպով գործադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, բռնագաղթի ենթարկելով ամբողջ ժողովուրդ մը, կոտորելով շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր:
- “Վիթօ կէյթ“ իր Օգոստոս 4ի թիւին մէջ անդրադարձած է ռամատանեան հաւաքի մը ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումի մը, որուն նախագահած է եգիպտացի հանրածանօթ խմբագիր Իսամ Քամել եւ որուն ներկայ գտնուած են Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Աղեքսանդրիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս Քուսա եպիսկոպոս եւ պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ: Հանդիպումին ընթացքին տոքթ. Իմամ հաստատած է, թէ հայերը իրենց մշակոյթն ու այբուբենը ունեցած են Դ. դարէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ ունեցած են մշակութային ինքնութիւն, “իսկ թուրքերը շփոթի մատնուած են իրենց ազգային եւ իսլամական անծանօթ արմատներն ու ինքնութիւնը ճշդելու առումով, ինչպէս նաեւ իբրեւ Արեւմուտքին մաս կազմող ժողովուրդ մը ներկայանալու իրենց մարմաջին պատճառով: Տոքթ. Իմամ նշած է նաեւ, որ Ազհարը 1909-ին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան դատապարտած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, զուտ քաղաքական պատճառներով` սակայն կրօնքի անունով երեսուն հազար քրիստոնեաներ` մեծ մասամբ հայեր ջարդելու արարքը“:
Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ
Նոյեմբեր 2013