ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ԲԵՌՆԱՐԿՂ ՄԸ Կ՛ՈՒՂԱՐԿՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 8 Second

Յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կա­նանք թէ, Մա­յի­սի կէ­սե­րուն Երե­ւան հա­սած է Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան կող­մէ, ու­ղարկ­ուած բժշկա­կան սար­քե­րու նոր խմբա­քա­նակ մը:

Տիթ­րոյ­թի մէջ մի քա­նի հայ ազ­գա­յին­նե­րու լրիւ տա­րի մը գոր­ծադ­րած ճի­գե­րուն շնոր­հիւ, Հ.Օ.Մ.-ը յա­ջո­ղած էր զա­նա­զան ատամ­նա­բուժ­նե­րէ ստա­նալ չորս ատամ­նա­բու­ժա­րան­ներ – ատամ­նա­բու­ժա­կան աթոռ, շո­ղար­ձակ­ման ու հա­կա­նե­խու­մի սար­քեր եւայլն: Ստաց­ուած սար­քե­րու կող­քին էին որոշ քա­նա­կու­թեամբ դե­ղեր ու յա­րա­կից մա­սեր:

Այս սար­քե­րու կող­քին, Հ.Օ.Մ.-ը ստա­ցած էր նա­եւ ակ­նա­բու­ժա­կան զա­նա­զան սար­քե­րով օժտ­ուած կա­յան մը, որոշ քա­նա­կու­թեամբ ակ­նոց­նե­րով ու հա­մա­պա­տաս­խան ապա­կի­նե­րով:

Այս բո­լոր իրե­րը, Հայ­կա­կան Մի­աց­եալ Ֆոն­տի մի­ջո­ցաւ բեռ­նարկ­ղով մը ճամբ­ուե­ցան դէ­պի Հա­յաս­տան: Ատամ­նա­բու­ժա­կան կա­յան­նե­րէն մէ­կը պի­տի յատ­կաց­ուի Հ.Օ.Մ.-ի Ախուր­եա­նի “Մօր ու Ման­կան“ Կեդ­րո­նին, մէ­կը` Ջա­ւախ­քի, իսկ մնաց­եալ եր­կու ատամ­նա­բու­ժա­կան կա­յան­ներն ու ակ­նա­բու­ժա­կան սար­քե­րը` Հ.Օ.Մ.-ի Հա­յաս­տա­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան հա­յե­ցո­ղու­թեամբ, բա­րե­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող առող­ջա­պա­հա­կան հիմ­նարկ­նե­րու:

Ընդգծ­ուած ձե­ւով կ՛ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել ըն­կեր Ար­մէն Թո­փուզ­եա­նին եւ Տոք­թոր Ռո­պերթ Խա­չա­տուր­եա­նին, առանց որոնց ճի­գին ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար մե­զի հա­մար այս սար­քե­րը ձեռք ձգել, ապա մշա­կել այն­պէս, որ կա­րե­լի ըլ­լայ զա­նոնք ապա­հով ու փո­խադ­րե­լի դարձ­նել եւ հասց­նել Հա­յաս­տան,- յայտ­նեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ Շա­քէ Պաս­մաճ­եա­նը, որ իր կար­գին Տիթ­րոյ­թի բնա­կիչ ըլ­լա­լով, ամիս­ներ աշ­խա­տած էր խնդրոյ առար­կայ իրե­րը պատ­րաս­տե­լու եւ Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խե­լու հա­մար: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն նա­եւ Ա.Մ.Ն. Մի­շի­կըն նա­հան­գէն Բար­սեղ­եան ըն­տա­նի­քին, որ ակ­նա­բու­ժա­կան սար­քերն ու իրե­րը յատ­կա­ցուց Հ.Օ.Մ.-ին“,- շա­րու­նա­կեց Շա­քէ Պաս­մաճ­եա­նը:

Այս­տեղ կ՛ար­ժէ նշել, որ բշժկա­կան սար­քե­րու կող­քին, նոյն բեռ­նարկ­ղով Հա­յաս­տան ու­ղարկ­ուած էր երե­խա­նե­րու յա­տուկ շուրջ չորս հա­րիւր բա­րե­կեն­դա­նի տա­րազ­ներ, որոնք տրա­մադր­ուած էին Ուս­տը­րի մէջ գոր­ծող եւ Ար­ուա­նիկ­եան ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նող Holloween Outlet հաս­տա­տու­թեան կող­մէ: Ար­ցա­խի թէ՛ Հ.Օ.Մ.-ի Սօ­սէ, թէ այլ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու երե­խա­նե­րը իրենց հան­դէս­նե­րուն ու այլ հա­ւաք­նե­րուն կրնան հա­ճոյ­քով ծպտուիլ ու բեմ բարձ­րա­նալ,- նկա­տեց Շա­քէ Պաս­մաճ­եա­նը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles