Ա.Մ.Ն. ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱԿՍԵՑՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:47 Second

Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ Արցախի տրամադրուած օժանդակութիւնները, նախատեսուածէն պակաս են: Արդարեւ, 1988էն ի վեր Միացեալ Նահանգներ Արցախին տրամադրած են 36 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն, որ նախատեսուած 61էն  25 միլիոն տոլար պակաս է:
Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեան յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ տակաւին 1990ականներու աւարտին անյաջող փորձեր կը կատարէր՝ Քոնկրէսին արգիլելու համար Արցախի աջակցութիւն տրամադրելու գործադրման ծրագիրը, այսօր ալ կը շարունակէ արգելք հանդիսանալ ամերիկացի օրէնսդիրներու յստակ արտայայտած կամքի իրականացման եւ այդ նպատակներով կը յատկացնէ Քոնկրէսի նախատեսած գումարէն նուազ օժանդակութիւն:
»Իրարու յաջորդող վարչակազմեր, Քոնկրէսի մտադրութիւնները չեն յարգեր եւ մարդասիրական այս ծրագիրին համար պատշաճ օժանդակութիւն չեն ապահովեր«, եզրակացուց Քէն Խաչիկեան:
Միւս կողմէ, վերջերս, Հայաստանի մէջ Արցախէն ժամանած գաղթականներու հարցերով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ գերագոյն յանձնակատարի նորանշանակ ներկայացուցիչ Տամթիու Տեսալէյն տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այս վերջինը մտահոգիչ նկատեց այն փաստը, որ անոնք ընդգրկուած չեն Մ.Ա.Կ.ի գաղթականներու աջակցութեան ծրագիրներուն մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles