ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՈՒԺԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 26 Second

Ճղճիմ հա՞րց, անբացատրելի իրավիճա՞կ թէ անընդունելի Անպատասխանատուութիւն…
Արդարեւ, վերջերս Գանատայի մէջ կատարուած «Ութերու խմբակ»ի կամ աւելի ծանօթ «G8»ի ժողովին, Արցախի առնչութեամբ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի  նախագահները, յայտարարութիւն մը լոյս ընծայած էին, որ իր թարգմանութիւններու տարբերութեամբ կամ աւելի ճիշդը տարբեր թարգմանութեամբ, շատ աւելի խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէր եւ լուրջ հարցադրումներու դուռ կը բանար եւ մանաւանդ, կը փաստէր թէ որքա¯ն անլուրջ ձեւով եւ անշուշտ մութ հաշիւներով կը մօտեցուի հարցին:
Սպիտակ Տան եւ Քրէմլինի կայքէջներուն մէջ, յաջորդաբար «Շէյքսփիրեան» եւ «Տոսթոյեւսքեան» լեզուներով լոյս տեսած յայտարարութիւնները յար եւ նման չեն: Ընդհակառակը անհամապատասխան են եւ յատուկ բառերու թարգմանութիւններ, կատարուած չեն յաւելեալ ուշադրութեամբ եւ  բծախնդրութեամբ:
Արդարեւ, յայտարարութեան մէջ գրուած է. «Լեռնային Ղարաբաղի յարակից գրաւուած տարածքներու վերադարձ»: Մինչդեռ ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած նախադասութեան մէջ կլորցուած է այդ մասը եւ ամբողջական եւ հեռուէն ակնարկով մը. «Լեռնային Ղարաբաղի մերձակայ տարածքներու վերադարձ» կ°ըսուի:
Ինչպէ՞ս բացատրել այս «Lost in Translation»ը, յատկապէս երբ քանի մը տող ետք, շատ աւելի մեծ թարգմանական սխալ մը կատարուած է: Սխալ մը՝ կաֆ մը, ուր խնդրոյ առարկայ է Արցախի ժողովուրդին իրաւական ուժը:
Սպիտակ Տան կայքէջին մէջ, «Անքըլ Սէմ»եան տառերով կը նշուի հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշում, իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտութեան միջոցով»: Մինչդեռ փառուսքի լեզուով այս նախադասութիւնը, հետեւեալն է. «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշում, անոր ժողովուրդի իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտութեան միջոցով»: Տարբերութի՞ւն…Շա¯տ…Այդ ալ պարզ ու մէկին, անգլերէն լեզուով լոյս տեսած թարգմանութեան մէջ, «անոր ժողովուրդի»ն՝ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, անընդունելի բացակայութիւնն (բանաւոր թէ ոչ բանաւոր) է:
Իսկ երբ այս թարգմանութեան խառնիճաղանչին մասին անդրադառնալով, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, շատ աւելի անտարբերութիւն ցուցաբերած է, յայտնելով թէ երկու թարգմանութիւններու գծով ալ դրական է կարծիքը…այդ ժամանակ, շատ աւելի անհանդուրժելի եւ ընդվզեցուցիչ կը նկատուի նմանօրինակ արտայայտութիւն:
«Հայրենիք»
Յուլիս 2, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles