
Ա.Ա.
Օրէ օր աւելի յստակ կը դառնայ, թէ Արցախը բանակցութիւններու սակարկութեան նիւթի իսկ պիտի չվերածուի, որովհետեւ բոլոր տուեալները եւ երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Երեւանի իշխանութիւնները առաւելաբար տրամադրուած են Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու եւ քննարկելու Հայաստան – Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ չ՛ընդգրկեր Արցախն ու Արցախի վերջնական կարգավիճակի խնդիրը։
Այս ենթադրութեան առաջին յղումը կ՛երթայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ Արցախի հարցով հիմնական միջնորդները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Եւրոպական Միութիւն, պատրաստ չեն ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը կամ Արցախը Հայաստանի մէկ մասը։
«Յանուն ճշմարտութեան» կատարուած Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը տարբեր ձեւով դրսեւորուեցաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ, երբ ան նշեց ,որ իր կարծիքով, Արցախ բառը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան համաձայնագրին բնագիրին մէջ տեղ պէտք չէ գտնէ, որովհետեւ, անկախութենէն ի վեր Հայաստան տարածքային պահանջներ չէ ունեցած դրացի պետութիւններէ եւ ճանչցած է Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը։Սակայն հոս Սիմոնեանի պէտք է յիշեցնել եւ հարց տալ, թէ 2019-ին Փաշինեան Ստեփանակերտի մայր հրապարակին վրայ արտասանած իր խօսքին ընթացքին ինչ կը պատկերացնէր, երբ յայտարարեց, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։Ամբոխավարութեան դրսեւորու՞մ էր, թէ՞ հանրութիւնը շփոթի մատնելու, կամ թշնամին պատերազմի առաջնորդելու փորձ մը։
Հոս պէտք է նկատի ունենալ նաեւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն տեսակէտը, մանաւանդ Երեւանի իշխանութիւններուն այն պնդման վերաբերեալ, թէ Արցախի հարցով բանակցող կողմը պէտք է արցախցիները ըլլան։ Այլ խօսքով՝ Երեւանի իշխանութիւններուն չի վերաբերիր Արցախի խնդիրը,որ առաւելաբար արցախցիներուն կը պատկանի։ Ստեփանակերտ՝ հակադարձելով Երեւանի իշխանութիւններուն այս տրամաբանութեան, որ անշուշտ իր ետին ունի շատ վտանգաւոր ծալքեր, յայտարարեց, որ այնքան ատեն որ Ստեփանակերտ իբրեւ բանակցող կողմ նկատի չէ առնուած, Երեւան կը գտնուի արցախցիներուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան պարտաւորութեան եւ լիազօրութեան տակ։Փաշինեանի այս մասին կատարած յայտարարութիւնը, թէ Ղարաբաղի հարցով հիմնական բանակցողը պէտք է Արցախը ըլլայ, Ստեփանակերտի իշխանութիւնները մղեց յիշեցնելու, թէ Արցախի խնդրով զբաղելու Երեւանի իշխանութիւններուն պարտաւորութիւնը եւ լիազօրութիւնը ամրագրուած է Հայաստանի ներքին պետական եւ միջազգային փաստաթուղթերուն մէջ։
Ալէն Սիմոնեան սակայն կը պնդէ, որ Արցախի խնդիրը արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքի խնդիր է եւ ըստ այնմ պէտք է քննարկուի։Հետեւաբար ոչ մէկ առնչութիւն կրնայ ունենալ Հայաստան- Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրին հետ։ Սիմոնեանի պնդումը նաեւ կը յուշէ, որ Երեւանի իշխանութիւններուն համար Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման խնդիրը վերածուած է իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցի մը։
Դիւանագիտական բառամթերքին տրամաբանութիւնը՝ Ալէն Սիմոնեանի խօսքին մէջ, շատ յստակ է։Արցախի անկախութեան եւ պետութեան գաղափարէն Երեւանի իշխանութիւնները հրաժարած են։ Ընդդամէնը խօսքը կը վերաբերի Արցախի մէջ տակաւին ապրող արցախցիներուն իրաւունքներուն, որոնցմէ մին ճիշդ է,որ ինքնորոշման իրաւունքն է, սակայն ներկայիս արդէն իսկ յստակացած է, թէ այս մասին ոչ մէկ դիտաւորութիւն գոյութիւն ունի։Թէ ուր, ով եւ ինչպէս պիտի քննարկուի արցախցիներուն ինքնորոշման խնդիրը, Երեւանի իշխանութիւնները չեն գիտեր։Կամ արդէն համոզուած են, որ նման խնդիր նոյնիսկ քննարկման առարկայ չէ։Հետեւաբար դարձեալ հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ։Փաշինեան 5 օգոստոս 2019ին Ստեփանակերտի մէջ ինչու յայտարարեց, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։ Հիմա աւելի քան յստակ է, որ Փաշինեան ըսել կ՛ուզէր, թէ «Արցախը Հայաստան չէ եւ վերջ»։