ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԴԻՒԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:5 Minute, 48 Second

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Դիւան­նե­րու Խորհր­դա­ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, Մարտ 5, 2011, առա­ւօտ­եան ժա­մը 9:00ին Ուա­թըր­թաու­նի (Մաս.) մէջ: Ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ Հո­գեշ­նորհ Տէր Ռա­ֆա­յէլ վար­դա­պետ Ան­տոն­եա­նի եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան, որ սի­րա­յօ­ժար կեր­պով տրա­մադ­րե­ցին եկե­ղեց­ւոյ սրա­հը:

Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան Ատե­նա­պետ` Եղբ. Պե­տիկ Տէր Վար­դան­եան բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով եւ »Յա­ռաջ Նա­հա­տակ«ի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ բաց­ուած յայ­տա­րա­րե­ց ժո­ղո­վը:

Վար­չու­թիւնս լման կազ­մով ներ­կայ էր: Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան 10 մաս­նա­ճիւ­ղեր եւ մօ­տա­ւո­րա­պէս մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն ժա­մա­նած 46 եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր: Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին նա­եւ Շրջա­նա­յին Սկաու­տա­կան Խոր­հուր­դը: Շրջա­նա­յին Սկաու­տա­կան Խոր­հուր­դը եւ Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու Վար­չա­կան Սկաու­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը առանձ­նա­նա­լով կա­տա­րե­ցին Սկաու­տա­կան Խորհր­դա­ժո­ղո­վը:

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին մաս­նա­ճիւ­ղե­րը հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցու­ցին 2011 տա­րեշր­ջա­նի իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Ներ­կա­նե­րը ու­շի ու­շով լսե­ցին ներ­կա­յաց­ուած զե­կոյց­նե­րը եւ կա­տա­րե­ցին կարգ մը լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­ներ: Այս առի­թով Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Լե­ւոն Սա­հակ­եան կար­դաց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան տար­ուայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան նա­խա­գի­ծը: Իսկ քոյր Երան Սի­մոն­եան փո­խան­ցեց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեանս նիւ­թա­կան իրա­վի­ճա­կը:

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին խօս­ուե­ցաւ հե­տեւ­եալ օրա­կար­գե­րու մա­սին:

Յա­րա­բե­րա­կան, Մար­զա­կան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ապա­գան, Քա­րոզ­չա­կան, Սկաու­տա­կան եւ Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան Սե­մի­նար­ներ:

Ժո­ղո­վին մաս­նա­կե­ցաւ 21րդ Միջ Մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղե­րու յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ` եղբ. Աւօ Պար­մագ­եան: Եղբ. Աւօ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն փո­խան­ցեց Միջ Մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղե­րու թղթած­րա­րը իր բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով: Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը ուղ­ղե­ցին կարգ մը հար­ցում­ներ եւ կա­տա­րե­ցին շի­նիչ թե­լադ­րանք­ներ, որոնք նկա­տի առն­ուե­լով Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մէ, պի­տի ու­սում­նա­սիր­ուին:

Շրջ. Վար­չու­թիւնս ճա­շով մը պատ­ուեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րը:

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին վար­չու­թիւնս հրա­ւի­րեց 5 սկաուտ եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր, որոնք մաս­նակ­ցած էին հե­ռա­ձայ­նա­յին ծրագ­րա­ւո­րու­մի ժո­ղո­վին: Անոնք դա­սա­խօ­սե­ցին Հ.Մ. Ը.Մ.ի ապա­գա­յի մա­սին եւ փո­խան­ցե­ցին իրենց ու­նե­ցած ներդ­րու­մը ծրագ­րա­ւո­րու­մի ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին:

Ստո­րեւ, թարգ­մա­նա­բար կը ներ­կա­յաց­նենք, անց­եալ Օգոս­տո­սին հա­մաՀ.Մ.Ը.Մ.-ական բա­նա­կու­մին մաս­նակ­ցող Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի կարգ մը մաս­նակ­ցող­նե­րուն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը.- 

«2006-ի բա­նա­կու­մին առ­թիւ, ար­դէն իսկ այ­ցե­լած էի Հա­յաս­տան, սա­կայն անց­եալ տար­ուայ բա­նա­կու­մը շատ աւե­լի տպա­ւո­րու­թիւն ձգեց վրաս: Ար­դէն իսկ, մեկ­նու­մի օրն իսկ տպա­ւո­րիչ էր: Բո­լորս մի­աս­նա­բար Նիւ Եոր­քէն մեկ­նե­ցանք: Վե­րա­դար­ձած եմ նոռ յու­շե­րով, նոր երազ­նե­րով ու եռան­դով»:

Ժիւլի­էթ Ոս­կան­եան 

«Անց­եալ ամառ, առի­թը ստեղծ­ուե­ցաւ, որ մաս­նակ­ցիմ հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բա­նա­կու­մին: Եր­կու շա­բաթ շա­րու­նակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ըն­տա­նի­քը հա­ւաք­ուած Աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րէն ան­մո­ռա­նա­լի հա­ւաք­ներ ու ձեռ­նարկ­ներ կա­տա­րեց: Հա­զիւ հա­սած Հա­յաս­տան, զգա­ցինք մեր խո­րունկ կա­պը, հայ­րե­նի­քին հետ: Վե­րա­դար­ձին, մենք` Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­ներս, շատ աւե­լի կապ­ուած ու հա­ւատ­քով վե­րա­դար­ձանք»: 

Սմբատ Տրամ­կոչ­եան

 «Բա­ցա­ռիկ ու ան­մո­ռա­նա­լի փոր­ձա­ռու­թիւն: Յատ­կա­պէս բնու­թիւնն ու պատ­մա­կան վայ­րե­րը: Մին­չեւ օրս կը յի­շեմ Խոր Վի­րա­պը իր խորհր­դա­ւո­րու­թեամբ: Որո­շած եմ…Պի­տի վե­րա­դառ­նամ եւ վերս­տին վա­յե­լեմ հայ­րե­նի բնու­թիւնը»:

Սա­ռա Տի­լան­եան

 «Գառ­նի, Գե­ղարդ, Խոր Վի­րապ…շար­քը եր­կար է այն վայ­րե­րուն, որոնք այ­ցե­լե­ցինք մեր ան­մո­ռա­նա­լի հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բա­նա­կու­մին: Հա­պա վիթ­խա­րի Արա­րա­տը: Ամէն կող­մէն կա­րե­լի էր նկա­տել»:

Ճե­սի­քա Խո­լամ­եան

 «Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բա­նա­կու­մին վեր­ջին օրը, ցայ­սօր կը մնայ ան­մո­ռա­նա­լի: Այդ Ցտե­սու­թիւն եր­գը շատ յու­զիչ էր: Քա­նի մը շաբթ­ուայ մէջ, ար­դէն իսկ մեծ ըն­տա­նիք մը կազ­մած էինք»:

Շո­ղիկ Աբ­գար­եան

 «Աւե­լի կ’անց­նին…շատ աւե­լի կառ­չած կ’ըլ­լամ հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բա­նա­կու­մի անց­եա­լի օրե­րուն:Իսկ Հա­յաս­տա­նը…պատ­մու­թիւն է…հա­յոց պատ­մու­թիւն: Պատ­մու­թեանս հա­տոր­նե­րէն մէ­կը»:

Ալիս­իա Խո­լամ­եան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles