ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է .-Ինչո՞ւ ստիպուած ենք դադրեցնել «Յառաջ»ի հրատարակութիւնը

0 0
Read Time:3 Minute, 31 Second

Տարուէ տարի ոգեկոչելով Հայաջինջ Սարսափները, մենք պիտի ունենանք մէկ մտածում,- երգի վերածել վէրքը:
Երգ՝ հայ ժողովուրդի յաւիտենականութեան:
Երգ՝ հայրենիքի ամբողջացման եւ անկախութեան:
Երգ՝ խաղաղութեան, շինարար ու յարատեւ աշխատանքի:
Երգ՝ մշակոյթի զարգացման եւ ստեղծագործութեան:
Երգ՝ ներքին կազմակերպութեանց զօրացման եւ ներդաշնակ համակեցութեան:

Շաւարշ Միսաքեան («Յառաջ»ի հիմնադիր)
Ապրիլ 24, 1956 խմբագրականէն («Երգի վերածենք վէրքը») մասնիկ մը

«Յառաջ»ը պիտի դադրի…83 տարի շարունակ գործելէ ետք:
Թերթի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի տեսիլքին հետեւելով« յաջորդող սերունդը« գլխաւորութեամբ հիմնադրի դուստր՝ Արփիկ Միսաքեանի, փարոսը վառուած պահելու իմաստով բծախնդիր եւ կարեւոր աշխատանք տարաւ:
Առանձին միջոցներով (եւ ինչպէս խմբագիր Ա© Միսաքեան կը խոստովանի՝ մի քանի հաւատարիմ լուռ բարեկամներու օժանդակութեամբ) թերթը տարիներու ընթացքին պահեց իր բաժանորդները Գերմանիոյ« Մեծն Բրիտանիոյ« Սուրիոյ« Լիբանանի« Իսրայէլի« Իրանի« Գանատայի« Միացեալ Նահանգներու« Արժանթինի եւ Յունաստանի մէջ:«Յառաջ»ը մնաց հայատառ հրատարակութիւն« երբ Ֆրանսայի տարածքին հետզհետէ կը նահանջէր հայախօսութիւնը եւ հրատարակութիւնները միայն ֆրանսերէնով կը կատարուէին:

p2-haratch
Տարի մը առաջ էր մօտաւորապէս, երբ հայ մամուլի օրուան առիթով լրագրողներուն շնորհուող «Ազդարար» մրցանակի աւանդութիւնը պահպանելով, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ կը պարգեւատրուէր «Յառաջ» թերթի խմբագիր Արփիկ Միսաքեանը, որ քառասուն տարի առաջ, թերթին հրատարակութիւնը ժառանգելով իր հօրմէն՝ Շաւարշ Միսաքեանէն՝ կրցած է «Յառաջ»ը պահել, որպէս սփիւռքահայ մամուլի երեւելի թերթ:

Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան անցեալ տարի կը յայտարարէր, որ սահմանուած հինգ մրցանակներուն վրայ աւելցած է նաեւ մէկ հատ, որ երկու տարի է արդէն որ կը շնորհուի սփիւռքահայ արժանաւոր լրագրողներու:
Ազգապահպանումը, հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական դատը, ընկերային ազատագրութիւնը, հայ լեզուի ու մշակոյթի պաշտպանութիւնն ու զարգացումը, հայ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութիւնը՝ հայ լեզուով ու ոգիով, բոլորը գործեր են, որոնց իրականացման համար բարձրախօս դարձած են հայատառ մեր թերթերը, օրկանները:

«Յառաջ»ի դադրեցման լուրը փոխանցող գրութեան մէջ կը կարդանք զանազան դժուարութիւններուն մասին, որոնք խմբագրութիւնը առաջնորդեցին վերջնական այս քայլի որդեգրման: Հայ մամուլի բոլոր ներկայացուցիչներուն մօտ շատ ծանօթ պայմաններ ու դժուարութիւններ են անոնք, որ օրէ-օր աւելի կը յորդին, կը սեղմեն ու կը ճզմեն հայ թերթերը եւ կը վտանգեն անոնց գոյութիւնը: Ստորեւ, լոյս կ°ընծայենք «Յառաջ»ի լոյս ընծայած գոյժ-խմբագրականը.-
Ինչպէս մեր բաժանորդները կռահած էին Յունուար 1ի մեր խմբագրականի վերջին հատուածէն եւ կցուած վարչական ազդի սակերէն« «Յառաջ» այլեւս անկարելիութեան առջեւ էր շարունակելու իր առաքելութիւնը:

Վերյիշենք այդ հատուածը.-

«Ու հասանք նոր տարուան մը սեմին:Նման պարագաներու« Շահնուր յանկերգի պէս կը սիրէր թելադրել մեզի՝ խմբագրականը լաւատեսութեամբ պէտք է վերջանայ« այլ խօսքով՝ վաղը լաւ կը լինի:

Այդպէս ալ փորձած ենք ընել« հակառակ անոր որ տարուէ տարի քիչ մը աւելի բազմացած են մեր դիմաց պարզուող խոչընդոտները:Տարիները անցան սակայն եւ լաւատեսութիւնն ալ մշուշոտ դարձաւ:Տոկացինք որքան որ կրցանք« մերժելով լացի պատերը:Շաւարշի մահէն ետք« յիսնամեակէ աւելի է որ շարունակեցինք տոկալ« բայց ժամը հասաւ որ մենք ալ այլեւս նոյն լաւատեսութեան տէրը չկարենանք մնալ« նախքան մեր կարապի երգը երգելը՝ վաղը»:

Չկարենալ շարունակելու պատճառները մէկէ աւելի են եւ մեզի համար անդարմանելի:Շարքը երկար է« բայց կրկնենք հիմնականները:Տպարանի հնամաշ Մաթուսաղայէն մնացած եւ անգործածելի դարձած տողաշար մեքենաները եւ անոնց ամէնօրեայ խանգարումները կը կարօտին գրաշարներու համբերատար եւ հնարամիտ դարմանումներուն:Ութ տարի է «Յառաջ» դադրած է ինքնաբաւ ըլլալէ եւ իր մատակարարութիւնը կրցած է հաւասարակշռել շնորհիւ քանի մը բարեկամներու լուռ օժանդակութեան:Դեռ հարկ է աւելցնել բաժանորդներու զգալի նուազումը« քանի «Յառաջ»ի տպաքանակը« որ հազարի իսկ չի հասնիր« ծիծաղելի է գաղութի մը համար« որու կը տրուի հինգ հարիւր հազարի յաւակնոտ թիւը:Առեւտրական ծանուցումներու բացակայութիւնը եւ այս բոլորին դիմաց վարչութեան կրած յարաճած յաւելումները բոլոր մարզերու մէջ« ինչպէս թղթատարը« առաքման ընկերութիւնը« ընկերային տուրքերը« թուղթը« եւայլն« եւայլն:Այս եւ այլ խոչընդոտներ պատճառ դարձան որ յանգինք մեր ծանրակշիռ եւ անբաղձալի որոշումին՝ վերջ տալ 83¬ամեայ օրաթերթի մը հրատարակութեան:Կը գիտակցինք որ դեռ կան սակաւաթիւ հաւատարիմ ընթերցողներ« որոնց համար օրուան հաց ու պանիրն էր «Յառաջ»ը« բայց ուրիշ որեւէ լուծում չունէինք:Կը գիտակցինք մանաւանդ« թերթին հետ Շաւարշին վերջնական մահն է, որ կը պատահի« քանի զինք ողջ պահած էինք աւելի քան յիսնամեակ մը ի°ր թերթով:

Ուզեցինք սակայն« որ պատիւով վերջ գտնէ անոր հրատարակութիւնը« թէեւ հոտ ալ մետասաներորդ պահուն« կը թերանանք մեր կամքէն անկախ պատճառներով:Արդարեւ« պիտի չկարենանք յարգել Յունիս 30ի թուականը« որ մեր պայմանաժամն էր« բայց պաշտօնազրկման տեղական նոր պայմանագրութիւններու համաձայն« պաշտօնազրկուող աշխատաւորը« պայմանաժամէն առաջ եւ գործատիրոջ հաշւոյն« կրնայ հեռանալ գործէն վերապատրաստութեան շրջանի մը համար« ինչ որ պարագան է մեր տպարանի փոքր անձնակազմին:Ուրեմն« ստիպուած ենք կանխել մեր պայմանաժամը եւ թերթը դադրեցնելու Մայիսի վերջ« Մայիս 30¬31ի թիւով:Կþապաւինինք մեր բաժանորդներու ներողամտութեան:

Մեր յոյսն է« նոյնիսկ համոզումը որ ֆրանսահայ գաղութը ի մօտոյ կþօժտուի հայերէն նոր օրաթերթով մը« արդիական տպարանով եւ ժամանակակից ըմբռնումով« որպէսզի «Յառաջ»ի բացը պարապի չվերածուի:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles