ԱԿԱՆՋԱԼՈՒՐ ԸԼԼԱՆՔ ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԻՆ

1 0
Read Time:3 Minute, 37 Second

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 30 2022-ը Արցախեան պայքարի տարեգրութեան մէջ պիտի արձանագրուի իբրեւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը վերահաստատելու օր: Այդ օր շուրջ քառասուն հազար արցախցիներ համախմբուեցան Ստեփանակերտի մէջ եւ վերաշեշտեցին իրենց կառչածութիւնը 1988 թուականին ազգային վերազարթօնքի շարժումով հրապարակ նետուած սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն նկատմամբ, որոնց գլխաւորներն են՝ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, պատմական անարդարութեան սրբագրութիւնը, հետեւաբար նաեւ՝ շրջանի հայկական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ընդգծումը:

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ բազմահազար հայորդիներու այդ օրուան հանրահաւաքը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը բաղկացնող բոլոր խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ խորհրդարանական նիստ եւ ընդունուեցաւ համապատասխան յայտարարութիւն, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ ուժեղ պատասխան մը Երեւանէն թէ որոշումի կեդրոններէ եկած այն ակնարկութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մաս դարձնելուն:

Ատկէ առաջ ալ, դարձեալ այս տարուան ընթացքին, մէկէ աւելի անգամներ Արցախի խորհրդարանը միացեալ կեցուածքով ոչ ըսած էր Հայաստանի իշխանութիւններէն հնչած այն բարբանջանքին, որ կը վերաբերէր Արցախի կարգավիճակի հարցով նշաձողը իջեցնելուն: Արցախի խորհրդարանը նաեւ որդեգրած էր յատուկ օրէնք Արցախէն բառնագրաւուած հողերու ներկայ կարգավիճակին եւ անոնց ապաբռնագրաւման մասին: Սակայն հոկտեմբեր 30-ի հանրահաւաքը եւ Ազգային ժողովի նիստը իւրայատուկ էին: Այդ օր հրապարակին վրայ Արցախի քաղաքական, մտաւորական եւ հոգեւոր ամբողջ վերնախաւը ներկայ էր, իշխանութիւններ եւ ընդդիմադիր ուժեր: Կար նաեւ հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութենէն բաւական մեծ պատուիրակութիւն մը: Բոլորն ալ համախմբուած էին մէկ եւ միասնական կեցուածքով, իսկ այդ միասնական կեցուածքին հետագայ հետեւանքները մենք այս օրերուն զգալի կերպով կը շօշափենք Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կազմին մէջ կատարուած արմատական եւ հսկայական փոփոխութիւններուն ընդմէջէն, որոնք անպայմանօրէն պիտի յանգեցնեն Արցախի հաւաքական եւ ոչ թէ միանձնեայ կառավարման գործիքակազմի որդեգրման:

Այդ հանրահաւաքէն անմիջապէս ետք էր, որ յաջակցութիւն Ստեփանակերտի մէջ համախմբուած արցախցիներուն եւ արցախեան քաղաքական միասնական կեցուածքին, Դիմադրութեան շարժումը որոշեց Նոյեմբերի 5-ին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կազմակերպել հանրահաւաք, որ սկզբունքով պէտք էր ըլլար Ստեփանակերտի համախմբումին շարունակութիւնը իր պատգամներով եւ Արցախեան շարժումի սկզբունքներէն անշեղ մնալու իր շեշտադրումներով: Եւ թէեւ մեծաթիւ ներկայութիւն կար այս հանրահաւաքին, սակայն այս ներկայութիւնը չէր համապատասխաներ ակնկալութիւններուն:

Բայց երեւանեան այս հանրահաւաքին հետ կապուած յատուկ պահ մը կայ, որ մասնաւորաբար կ՛ուզենք յիշել, այդ ալ հանրահաւաքին ընթացքին Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի ելոյթն է: Եթէ այս հանրահաւաքը հետագային պատմութեան մէջ երբեւէ պիտի յիշուի, ապա պիտի յիշուի գլխաւորաբար սրբազանի ոգեշունչ ելոյթին համար, որուն մէջ արծարծուած միտքերը ուղենիշեր են մեր ապագայ պայքարին համար: Պատահական կղերական մը չէ Բագրատ սրբազանը, ան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան եւ ընկերային վարդապետութեան մէջ խորացած մտաւորական հոգեւորականն է, որ այլ կղերականներու հետ մասնակցեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին՝ հոգեւոր ներուժ հաղորդելով կռուող զինուորականներուն եւ կամաւորականներուն: Ան նաեւ մինչեւ վերջին օրերը մնաց յանձնուած Շուշիի մէջ, մինչեւ վերջին օրերը պատարագ մատուցեց հրթիռակոծման թիրախ դարձած Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Բագրատ եպս. Գալստանեանը, ինչպէս ըսինք, մեր ապագայ պայքարին համար ուղենշային գաղափարներ արծարծեց իր ելոյթին մէջ: Այդ գաղափարներէն ամէնէն գլխաւորը այն է, որ մենք՝ իբրեւ հայութիւն, պէտք է այլեւս ներկայանանք մեր սեփական ազգային օրակարգով: Ըստ սրբազանին, ոչ թէ պէտք է հրաժարիլ բարեկամներ ունենալէ, այլ պէտք է հրաժարիլ մեր յոյսը միայն մեր բարեկամներուն վրայ դնելէ՝ աւելցնելով իրաւացիօրէն, որ ներկայիս քաղաքական շահերը եւ երկակի չափանիշները աւելի գերակշռող են դժբախտաբար, քան արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը, իսկ շատ յաճախ ներկայիս այդ քաղաքական շահերն են, որոնք միջազգային գետնի վրայ կ՛որոշեն, թէ ո՛վ իրաւունք ունի իրաւունք ունենալու: Ըստ այս բնորոշումին ուրեմն, հայութիւնը իրաւունք չունի իրաւունք ունենալու, մինչդեռ նոյնինքն հայութիւնն է, որ այդ իրաւունքը ունի, որովհետեւ ջուրէն աւելի արիւնով ոռոգուած է հայրենի հողը: Այս իսկ պատճառով այդ իրաւունքը անբեկանելի է: Արձագանգ հանդիսանալով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հնչած կանչին՝ Բագրատ սրբազանը նաեւ նշեց իր ելոյթին մէջ, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ թշնամական պետութիւններու կազմին մէջ:

Անցնող չորս տարիներուն ընթացքին, մանաւանդ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» անմիջապէս ետք, մեր հայրենիքին մէջ հետեւողական պայքար մղուեցաւ հայ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն դէմ: Այս պայքարի առաջին թիրախներէն գլխաւորը Հայ առաքելական եկեղեցին էր՝ իբրեւ այդ արժէքներուն հիմնական կրողը: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ Բագրատ եպս. Գալստանեան իր ելոյթի եզրափակիչ բաժինով անդրադարձաւ հայ ազգային արժէքներուն դէմ շղթայազերծուած պայքարին՝ շեշտելով, որ քրիստոնէական սիրոյ եւ հաշտութեան գաղափարները ի վերջոյ պիտի յաղթանակեն: Սրբազանը այդ եզրափակիչ բաժինին մէջ մասնաւորաբար նշեց. «Թող հնչեն յաղթանակի զանգերը, որպէսզի հայ մարդը երբեք չլքի իր տունը, հայ ծնողը արցունք չտեսնի, որպէսզի Եռաբլուրն  անտէր ու անիմաստ չմնայ, որպէսզի Եռաբլուրը Ծիծեռնակաբերդ չդառնայ։ Ես հաւատում եմ, որ հոգեւոր Հայաստանը յաղթելու է նոր Հայաստանին, իրական հզօր Հայաստանը յաղթելու է կեղծ ու ֆէյսպուքեան Հայաստանին, տաճարը յաղթելու է փողոցին, ոգին յաղթելու է դուխին, հաշտութիւնն ու սէրը  յաղթելու են ատելութեանն ու թշնամութեանը, եւ եռագոյնը յաղթելու է սեւ ու սպիտակին»։

Եւ այո, մենք հաւատացած ենք, թէ դարձեալ պիտի հնչեն յաղթանակի զանգերը, Հայոց աշխարհը եւ հայութիւնը դարձեալ ոտքի պիտի կանգնին՝ գլուխները բարձր բռնած, նաեւ բարձր պահած ազգային ու քրիստոնէական արժէքները:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles