
Ա.Ա.
26 Սեպտեմբեր 1869։
Հարիւր յիսուն տարի առաջ՝ ճիշդ այսօրուան նման Օսմանեան կայսրութեան խորերը՝ Անատոլուի Կուտինա քաղաքին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ Հայ Երգի Մեսրոպ Մաշտոցը՝ անկրկնելի Մեծ Վարդապետը, հայոց սիրելի Կոմիտասը։
Նախախնամութիւնը նախագծած էր Սողոմոնի կեանքին ուղին, որ զայն բոլորովին դիպուածով մը պիտի առաջնորդէր Սուրբ Էջմիածին, ուր Գէորգ Դ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս անձամբ հարցապնդեց թրքախօս այս տասներկու տարեկան որբուկը, որ Կուտինայի փոխ առաջնորդ Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Դերձակեանի կողմէ քսան պատանիներու խումբէն միակը ընտրուելով՝ ծովային երկարատեւ ճամբորդութենէ մը ետք Մայր Աթոռ հասած էր։
Մեծ վարդապետին կուսակրօն քահանայի կեանքին ընտրութեան մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցաւ Մեր ամէնէն նշանաւոր հայրապետներէն՝ Խրիմեան հայրիկ, որուն կարգադրութեամբ եւ հրամանով Սողոմոն աւագ սարկաւագ Սողոմոնեան Սուրբ Գայեանէ տաճարին մէջ, Փետրուար 26, 1895-ին ձեռնարդուեցաւ աբեղայ՝ ստանալով անունը եօթներորդ դարու Կոմիտաս կաթողիկոսին, որ երգահան եւ երգիչ էր նոյնպէս։
Այնուհետեւ Կոմիտասի կեանքը եղաւ ուսման, պրպտումներու, իրագործումներու, գագաթներու նուաճումներու, գիտական աշխատանքներու եւ երգչախմբային քառաձայն երգեցողութեան ծանօթացման ու որդեգրման բեղուն գործունէութեան այնպիսի ժապաւէն մը, որ իրաւամբ արժանի է մերօրեայ շարժապատկերային բոլոր կարելիութիւններու օգտագործմամբ ժապաւէնի մը նիւթը դառնալու պատիւին, որպէսզի ամբողջ աշխարհին կարելի ըլլայ առարկայականօրէն ներկայացնելու հայ երգի Մաշտոցին կեանքը՝ իր բազմերես ծալքերով։
Անշուշտ կասկած չ՛ուզեր, որ Կոմիտասի կեանքը պէտք է բաժնել երկու մասի։Պոլսէն առաջ եւ Պոլսէն ետք, որովհետեւ Արեւմտահայ Զարթօնքի Օճախը՝ Պոլիսը, ինչպէս կը վկայէ Յակոբ Սիրունի, շատ բան ստացաւ Կոմիտասէն, եւ շատ բան ալ տուաւ մեր մեծ վարդապետին։
Կը բաւէ միայն յիշատակել ու ի մտի ունենալ պոլսահայութեան պարծանքը դարձած Գուսան երգչախումբը, որ թէեւ անկարելի էր, որ ստեղծուէր առանց Կոմիտասի, բայց նաեւ պէտք է ընդունիլ, որ մեծագոյն երգահանները, բոլորը, եւ Կոմիտաս բացառութիւն մը չէ, պէտք ունեցած են մարդուժի, որպէսզի իրենց տեսիլքները իրականութիւն դարձնեն։ Այդ մարդուժը, պայմանները եւ մթնոլորտը առատաձեռնօրէն Կոմիտասի հրամցուց պոլսահայութիւնը՝ ժամանակի լուսամիտ մտաւորականութեան անվերապահ եւ ամբողջական զօրակցութեամբ։
Եւ անմիջապէս պէտք է շեշտել ցաւալի եւ ամօթալի հանգամանք մը, որ Մեծ Վարդապետին ստեղծագործական կեանքին թափը ջլատեց եւ մթագնեց Կոմիտասի պայծառ միտքը։Խաւարամիտ եւ նախանձ կղերականներու այն խումբը, որ այնքան առաջ գնաց իր մոլեգնութեան եւ ջղագառութեան մէջ, որ Կոմիտասը ողջագուրած եւ որդեգրած նոյն Պոլսոյ մութ թաղերուն մէջ դաւեր հիւսեց, թակարդներ լարեց վարդապետին դէմ։Նոյնիսկ թուրք ոստիկաններու ձեռամբ ջարդուփշուր ընել տուաւ Կոմիտասի աստուածային ձայնով Գերմանիա արձանագրուած ձայնասկաւառակները։Պատճա՞ռը։Նախանձ եւ քինախնդրութիւն։Նախանձ խաւարի կղերականներու կողմէ, որոնց միացած էին գինետուներու մէջ իսկ երգելու իրաւունքը չունեցող կիսագրագէտ դպրապետներ։
Եւ երբ Հայ Գիրերու գիւտին 1500 ամեակին եւ հայ գիրքի տպագրութեան 400 ամեակին զոյգ յոբելեաններուն նուիրուած Պոլսոյ Մեծ Փառատօնը կազմակերպուեցաւ 13 Հոկտեմբեր 1913-ին, իթթիհատականներ՝ Ճեմալ եւ Թալաաթ փաշաները ներկայ գտնուեցան Բերայի Եսայեան Սանուց միութեան կողմէ Փըթի Շան թատրոնին մէջ կազմակերպուած մեծ փառատօնին եւ հոն էր,որ անդրադարձան, թէ պոլսահայութիւնը ինչպիսի վտանգ մը կը ներկայացնէ իր փայլուն մտաւորականութեամբ։Պարզապէս յիշենք անուններ, որոնք այդ փառատօնին կազմակերպման մէջ դերակատարութիւն ունեցան։Բնականաբար Կոմիտաս, Գրիգոր Զոհրապ, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Ռուբէն Զարդարեան, Զապէլ Եսայեան, Փանոս Թերլեմեզեան, Կոստան Զարեան, Թէոդիկ, Ակնունի, տոքթոր Պեննէ եւ ուրիշ բազմաթիւ մտաւորականներ, որոնք այդ օրն իսկ վերածուեցան Ճեմալի եւ Թալաաթի որսերուն։ Երկուքն ալ շշմած էին փառահեղ հանդէսէն եւ թէեւ բեմ բարձրացան իրարու ետեւէ՝ նախ Թալաաթ, ապա Ճեմալ, ու լորձնաշուրթն գովաբանեցին հայ ազգը, որոշեցին կոտրել անոր ողնաշարը։
Այդպէս ալ եղաւ։Եւ երկար պատմութիւն է Կոմիտասի չարչարալից տարագրութիւնը Չանկըրը։Ապա վերադարձը՝ խոցուած սրտով եւ խանգարուած մտքով։
Կոմիտասի կեանքը հատորներու մէջ չի սեղմուիր։ Բայց պէտք է վկայել, որ՝ Կուտինայէն Սուրբ Էջմիածին, յետոյ՝ եւրոպական ոստաններ եւ ապա Պոլիս, հուսկ աքսոր։ Յետոյ՝ Պոլիսէն Փարիզ։Կոմիտասի ուղին բնաւ դիւրին չեղաւ։ Սակայն մեծ վարդապետին երկրաւոր կեանքին վերջին հանգրուանը եղաւ առաւել տաժանալից եւ խորախորհուրդ, որ ըստ երեւոյթին միայն մեծերու եւ հանճարներու վիճակուած ճակատագիր մըն է։ Կոմիտասն ալ անմասն չմնաց այդ անիմանալի տառապանքէն, որուն բաժակը ցմրուր խմեց։
Բայց հակառակ տառապանքին եւ կրած հալածանքներուն, Կոմիտաս լուսաւորեց հայոց աշխարհը, հոգեմտաւոր էութիւնը մաքրազտեց եւ պատմութեան անցաւ։ Եւ այս պատճառով ալ Կոմիտասի պարտական ու յաւերժ երախտապարտ ըլլալու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք՝ ազգովին։