ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՈՒ­ՍՈՒՄ­ՆԱ­ԿԱՆ ԽՈՐ­ՀՈՒՐ­ԴԻ ՏԱ­ՐԵ­ԿԱՆ ՍԵ­ՄԻ­ՆԱ­ՐԸ ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ՑԱՒ ՈՒ­ՍՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԱՋԱԿ­ՑԵ­ԼՈՒ ՎՐԱՅ

0 0
Read Time:5 Minute, 45 Second

p8-9 main  Շա­բաթ, Սեպ­տեմ­բեր 7-ին, առա­ւօտ­եան ժա­մը 10-էն մին­չեւ կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4, Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դը կազ­մա­կեր­պեց սե­մի­նար մը` արե­ւել­եան շրջա­նի հայ­կա­կան ամէ­նօր­եայ եւ շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րան­նե­րու հա­մար, Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ: Ներ­կայ էին Նիւ Եոր­քէն, Նիւ Ճըրզի­էն, Շի­քա­կո­յէն, Փրո­վի­տըն­սէն եւ Ֆի­լա­տելֆ­իա­յէն ու­սու­ցիչ­նե­րու, տնօ­րէն­ներ եւ խնա­մա­կալ մար­մին­նե­րու ան­դամ­ներ:

Նա­խա­ճա­շէն ետք, Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու թե­մի առաջ­նորդ Բարձրշ. Տ. Օշա­կան արք. Չօ­լոյ­եան կա­տա­րեց բաց­ման աղօթ­քը եւ խօ­սե­ցաւ` իր ու­սուց­չա­կան փոր­ձա­ռու­թեան ընդ­մէ­ջէն, դաստ­ի­ա­րակ­նե­րու դե­րին շուրջ: Ան նշեց, թէ նոր սե­րուն­դի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը ո՛չ միայն մշա­կու­թա­յին, այ­լեւ ազ­գա­յին խնդիր մըն է:p8-9 1

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Ուս. Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէն դոկտ. Աս­պետ Վա­սիլ­եան, որ յայտ­նեց մաս­նա­կից­նե­րուն, թէ “այս սե­մի­նա­րը ձե­զի՛ նուիր­ուած է“: Ան դի­տել տուաւ, որ Ուս. Խոր­հուր­դը տե­ւա­բար որո­նու­մի մէջ է` իր ծա­ռա­յու­թիւնը միշտ բա­րե­փո­խե­լու նպա­տա­կով: Այ­նու­հե­տեւ, հա­կիրճ ուր­ուագ­ծե­լով օր­ուան յայ­տա­գի­րը, ներ­կա­յա­ցուց առա­ջին բա­նա­խօ­սը` Ուս. Խոր­հուր­դի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն դոկտ. Վար­դան Մատ­թէ­ոս­եա­նը: Վեր­ջի­նիս դա­սա­խօ­սու­թիւնը` “Հա­յոց լեզ­ուի “գաղտ­նիք­ներ““, ուղղ­ուած էր ու­սու­ցիչ­նե­րը օժ­տե­լու հա­յե­րէ­նի ար­մատ­նե­րու եւ նկա­րա­գա­յին հիմ­նա­կան գի­ծե­րու իմա­ցու­թեամբ, ինչ­պէս եւ փա­րա­տե­լու թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ եւ քա­րա­ցած հաս­կա­ցու­թիւն­ներ, որոնք, ան­բա­ւա­րար գի­տե­լիք­նե­րու պատ­ճա­ռով, կրնան փո­խանց­ուիլ աշա­կերտ­նե­րու: Դոկտ. Մատ­թէ­ոս­եան խօ­սե­ցաւ հա­յե­րէն լեզ­ուի տե­ղին մա­սին` հնդեւ­րո­պա­կան լե­զու­նե­րու մէջ, գրա­բա­րի ու աշ­խար­հա­բա­րի, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի կա­պե­րու, ինչ­պէս եւ ուղ­ղագ­րու­թեան շուրջ տե­ղի ու­նե­ցող վէ­ճե­րուն մա­սին:p8-9 2

Յա­ջորդ բա­նա­խօսն էր տիկ. Մա­րուշ Կիւ­լիւմ­եան, որ կեդ­րո­նա­ցաւ դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան նիւ­թե­րու ձեռք­բե­րու­մին ու գոր­ծա­ծու­թեան վրայ: Անոր քննար­կու­մը մեկ­նե­ցաւ դա­սա­գիր­քե­րէն, ըն­թեր­ցա­նու­թեան նիւ­թե­րէն ու թուա­բա­նու­թեան ու­սուց­ման գիր­քե­րէն, հաս­նե­լով մին­չեւ քար­տէս­ներ, գլուխ­ կոտ­րուկ­ներ (puzzle) ու տե­սաե­րիզ­ներ: Իւ­րա­քան­չիւ­րի պա­րա­գա­յին, տիկ. Կիւ­լիւմ­եան նշեց ար­տադ­րու­թեան վայ­րը, ձեռք­բե­րու­մի կեր­պը եւ գոր­ծա­ծու­թեան ձե­ւը: Վեր­ջա­ւո­րու­թեան, մաս­նա­կից­նե­րը առի­թը ու­նե­ցան Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի գրա­խա­նու­թի ճոխ հա­ւա­քա­ծոն աչ­քէ անց­նե­լու եւ գնում­ներ ընե­լու:

Ճա­շի դա­դա­րէն ետք, Ուս. Խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Մսըրլ­եան ներ­կա­յա­ցուց եր­րորդ դա­սա­խօ­սու­թիւնը` “Հա­յոց պատ­մու­թիւնը քար­տէս­նե­րու մէ­ջէն“: Ան խօ­սե­ցաւ քար­տէս­նե­րով պատ­մու­թիւնը աւան­դե­լու մա­սին` զու­գադ­րու­թեան (association) գա­ղա­փա­րի գոր­ծա­ծու­թեամբ, եւ կեդ­րո­նա­ցաւ ու­սու­ցիչ­նե­րու աշ­խա­տան­քին վրայ` տան եւ դպրո­ցի չսոր­վե­ցու­ցա­ծը լրաց­նելու հա­մար:

p8-9 3  Դոկտ. Մատ­թէ­ոս­եա­նի վեր­ջին ներ­կա­յա­ցու­մը` “Հիմ­նա­կան տու­եալ­ներ Մեծ Եղեռ­նի մա­սին“, ուղղ­ուած էր ընդ­հա­նուր շրջա­գիծ մը ներ­կա­յաց­նե­լու` հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­սա­ւան­դու­թեան հա­մար: Ան դի­տել տուաւ, որ կա­րե­ւոր է աշա­կերտ­նե­րուն մէջ ար­մա­տա­ւո­րել այն գա­ղա­փա­րը, որ մինչ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը կրնան փոխ­ուիլ, անց­եա­լի հան­դէպ անոնց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ կան­գուն մնալ: Ան նա­եւ անդ­րա­դար­ձաւ դէպ­քին պատ­մա­կան (Մեծ Եղեռն) եւ իրա­ւա­կան (հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն) անուն­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ տար­բե­րու­թեան:p8-9 4

Փակ­ման խօս­քին մէջ, դոկտ. Վա­սիլ­եան խօ­սե­ցաւ Ուս. Խոր­հուր­դի օժան­դա­կու­թեան դե­րին մա­սին, բայց շեշ­տեց, որ փո­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լու ու­ժը իւ­րա­քան­չիւր դպրո­ցի ձեռքն է: Խոր­հու­րդը չի կրնար իւ­րա­քան­չիւր դպրո­ցի հար­ցե­րը լու­ծել, ըսաւ ան, բայց կրնայ օժան­դա­կել իւ­րա­քան­չիւ­րին` լու­ծում­նե­րու որո­նու­մին մէջ: Ան եզ­րա­կա­ցուց, որ Ուս. Խոր­հուր­դը պի­տի աշ­խա­տի ու­սու­ցիչ­նե­րը կա­պե­լու եւ իրա­րու օգ­նե­լու ձե­ւեր հայ­թայ­թե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Սուր­ճի եւ անու­շե­ղէն­նե­րու պա­հուն, Ուս. Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը բաց քննար­կում մը վա­րե­ցին, որ կը մի­տէր մաս­նա­կից­նե­րու անդ­րա­դարձ­նե­րը ու­նե­նա­լու` ներ­կա­յաց­ուած կամ այլ հար­ցե­րու մա­սին: Ի մաս­նա­ւո­րի, աշ­խոյժ խօ­սակ­ցու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ` հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու նոր սե­րուն­դի պատ­րաս­տու­թեան եւ աշա­կեր­տու­թեան թիւի աճին մա­սին:

Ազ­գ. Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դը Արե­ւել­եան թե­մի Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի եւ Հ.Օ.Մ. հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քով կազմ­ուած մար­մին մըն է: Առա­ւել տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մար, այ­ցե­լե­ցէ՛ք www.armenianprelacy.org.

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles