Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը՝ Հայաստան Եւ Արցախ

0 0
Read Time:49 Second

 

Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Անի Չաղլասեան (ձախին) եւ Սեպուհ Հացագործեան (աջին), Ամերիկայի Հայ Մշակութփային Ընկերակցութեան Արցախի հիմնարկի ներկայացուցիչ՝ Տրդատ Մարտիրոսեանի հետ։

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Ճորճ Աղճայեան (ներկայացուցիչ), Անի Չաղլասեան եւ Սեպուհ Հացագործեան աւելի քան մէկ շաբթուայ տեւողութիւն ունեցող այցելութեամբ մը գտնուեցան Հայաստան եւ Արցախ։

Ներկայացուցիչները տեսակցութիւններ ունեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի, Գորագոյն Մարմինի, Հ․Օ․Մ․-ի եւ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն հետ։ Նաեւ Հ․Օ․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ, կարելի եղաւ այցելել  առաջին հիւանդանոցը։ Հ․Օ․Մ․-ը կը շարունակէ օժանդակել այս կառոյցին, կատարելով վերանորոգման աշխատանքները։

Նաեւ կատարուեցան այցելութիւններ՝ Արցախի կարգ մը գիւղեր, յատկապէս Լաչին։

Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան Արցախի հիմնարկը պիտի օժանդակէ մահացած հերոսներու պարագաներուն եւ վիրաւորուած զինուորներուն։ Նաեւ նիւթական օժանդակութիւններ պիտի կատարուին անտուն ընտանիքներուն։

Այս այցելութիւնները յաւելեալ կարեւորութիւններ ստեղծեցին գործակցելու եւ ներդրում կատարելու։

Նուիրատուութեան համար այցելել․- https://acaainc.org/artsakh/

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles