
Մարտի 12-ին, Քալիֆորնիոյ Պէվըրլի Հիլզ Պանդոկի շքեղ սրահներէն մէկը գեղեցկօրէն զարդարուած էր նշելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Որբերու եւ Երեխաներու Ծրագրի Յանձնախումբին 25-րդ տարեդարձը։
Թինա Սէկէլ տեսահոլովակ մը պատրաստած էր Որբերու եւ Երեխաներու Խնամակալութեան Յանձնախումբի 25-րդ տարեդարձը նշող։ Տեսահոլովակը ցոյց կուտար շատ մը երեխաներ եւ անոնց ընտանիքները որոնք նպաստընկալները եղած էին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան օգնութեան՝ տարիներ շարունակ։
Ճաշկերոյթի աւարտին Որբերու եւ Երեխաներու Ծրագրի Արեւմտեան Ափի Յանձնախումբի ատենապետները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ նուիրատուներուն այս ձեռնարկին իրենց ընծայած շարունակական աջակցութեան համար՝ ի նպաստ Հայաստանի մեր նպաստընկալ երեխաներուն։ Հայաստանի մէջ տակաւին կան շատ մը մանուկներ որոնք կարիքը ունին հիմնական բաներու, ինչպէս հագուստ, սնունդ եւ ապաստան։ «ՄԵնք կը փորձենք բարելաւել երեխայի մը կեանքը եւ անոր աւելի յուսալի ապագայ մը պարգեւել» ըսին անոնք։