Լիբանանի Մէջ Հ․Յ․Դ․ 133-Ամեակի Տօնակատարութիւն

0 0
Read Time:4 Minute, 33 Second

Լիբանանահայ գաղութը, Ուրբաթ, Յունուար 26-ին  նշեց Հ․Յ․Դաշնակցութեան 133-ամեակը, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ։

«Շարունակենք մեր սուրբ գործը» կարգախօսով տօնակատարութիւնը սկսաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի շեփորախումբին կողմէ «Արիւնոտ դրօշ»-ի նուագակցութեամբ` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ․Յ․Դ․-ի 133 դրօշներ կրող պատանիներու, երիտասարդներու, ուսանողներու եւ սկաուտներու սրահ մուտքով: Ապա Հ․Մ․Ը․Մ․-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

Օրուան առաջին պատգամաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, թէ տօնախմբութեան եւ ցնծութեան մթնոլորտի մէջ չէ, որ կը նշուի Դաշնակցութեան 133-ամեակը, որովհետեւ ցաւ, ներկային ու ապագային նկատմամբ մտահոգութիւն, հոգիներուն մէջ յուսախաբութիւն կայ ամէնուրեք: «Մեր աչքերով կը տեսնենք, աշխարհի գերեզմանային լռութեան դիմաց, Արցախի յանձնումը, Արցախի ժողովուրդին հեռացումը իր հայրենիքէն` իր ետին թողելով Արցախի ազատագրութեան համար անսակարկ նուիրումով նահատակուած հերոսներուն աճիւնները: Եռաբլուրի մէջ հազարաւոր նահատակներու ոսկորներուն հետ ականատես ենք, թէ ինչպիսի՛ բեմադրութեամբ օրէ օր Հայաստանի իշխանաւորները զիջումներ կը կատարեն ո՛չ միայն Հայաստանի սահմաններէն, այլ նաեւ Հայաստանի գոյութիւնն ու հայ ժողովուրդի ապագան վտանգող եւ հայութիւնը պաշտպանող սրբութեան համազօր սկզբունքներէն», ըսաւ ան` շեշտելով, որ զիջումներու եւ յանձնուողական քաղաքականութեան ընթացքը տակաւին կանգ չէ առած Հայաստանի վարչակարգին համար, որովհետեւ ներքին ճակատի վրայ աշխատանք կը տարուի պառակտումներ սերմանելու, իսկ արտաքին առումով բարեկամներու եւ նոր դաշնակիցներու փնտռտուք կը կատարուի` ի վնաս Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան:

Անդրադառնալով սփիւռքի մէջ տիրող կացութեան` Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր բազում տագնապներն ու մարտահրաւէրները, որոնց գլխաւորն ու ամէնէն վտանգաւորը հայութենէ հեռանալու, հայկականը անտեսելու եւ համաշխարհայնացումով ու արդի թակարդներով տարուելու ահազանգող ընթացքն է:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ մնալ պայքարի կուսակցութիւն, ձախողութիւններն ու պարտութիւնները շրջանցելով` պիտի վերականգնէ ու յաղթանակներ կերտէ, հարուածները դիմակայէ խիզախութեամբ, արիութեամբ, միասնականութեամբ, հայկականութեամբ:

Երկրորդ պատգամաբերն էր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան ապրած ներկայ բախտորոշ փուլը, որուն ընթացքին  Հայաստան յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ ու դժուարին կացութեան մէջ, եւ արտաքին ազդակները լարուած են իրեն դէմ` Հայաստանի շահերն ու մեր հայրենիքը վերածելով  միջազգային կռուախնձորի: Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ այս բոլորը ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնեն Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ` դիտել տալով, որ ներկայ վարչակարգի քաղաքականութեան պատճառով է, որ վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ պարտուած ու իր ազգային էութենէն դատարկուած պետութիւն, որ պատրաստ է թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:

«Այսօր, իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած Արցախը ողբերգական հանգամանքէ անդին նաեւ զրկուած է պաշտպանելու նոյնինքն Հայաստանի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կ՛ենթարկուին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ: Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, Հայաստանի իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցանեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որուն Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին լծուած է Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը: Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, փաշինեանական վարչակարգը տակաւին լծուած է հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակին եւ մարտական ոգիին հարուածելու, Հայաստանի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ քաղքենիացում եւ ազգային առումով անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները` հայոց պատմութիւնը, հայագիտական նիւթերը, ազգային հարցերու հանդէպ նուիրումի պատրաստակամութիւնը եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ու հայ ազգային կառոյցները տկարացնելու, Հայ դատի համաշխարհային պայքարը նսեմացնելու, նոյնիսկ` սփիւռքի մէջ հաստատուած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին», նշեց ան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հիմնական նկատեց կերտել ինքնավստահ, նախաձեռնող ու հայկական ակունքներէ բխող արտաքին քաղաքականութիւն` հեռու պարտուողական եւ յարատեւ միակողմանի զիջումներու կողմնորոշումներէ, ապաւինելով մեր ուժերուն եւ հայկական արեւելումով յառաջ մղելով Հայաստանի ու հայութեան շահերը: «Ազգովին պարտինք պայքարիլ թէ՛ Արեւմուտքի, եւ թէ Արեւելքի պետութիւններու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ունեցած գործակցական սերտ կապերուն դէմ», նշեց ան:

Այժմու հրամայականներու կարգին Բիւրոյի ներկայացուցիչը կարեւոր նկատեց վերաթարմացնել եւ արդիականացնել սփիւռքի կառոյցներն ու բարձրացնել կազմակերպուածութիւնը նուիրեալ զանգուածներուն` անոնց նոր աւիշ ներարկելով եւ յաւելեալ վճռականութեան մղելով:

Իր  խօսքը եզրափակելով` Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Այսօր, ձեր` հայ ժողովուրդին առջեւ Դաշնակցութիւնը կը վերանորոգէ իր վճռականութիւնը մեր երկարաշունչ պայքարը աներեր առաջ տանելու, հայութեան անժամանցելի իրաւունքները պահանջելու եւ Հայաստանն ու հայութիւնը իր թշնամիներէն աննահանջ պաշտպանելու համար»:

Տօնակատարութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատանիներու խոստման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ Արցախեան պատերազմի երկու նահատակներու հայր Միքայէլ Հաջեանի:

Բուռն ծափողջոյններով բեմ բարձրացան պատանիներն ու անոնց խոստման արարողութեան կնքահայրը, որ յայտնեց, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է իրեն վստահուած այսօրուան դերակատարութիւնը:

«Իբրեւ Միքայէլ Հաջեան եւ արցախցի հպարտ եմ ու շոյուած այս դերակատարութիւնը ստանձնելու համար: Մանաւանդ երբ իմացայ, թէ Պէյրութի մէջ առաջին անգամն է, որ արցախցի մը կը ստանձնէ նման դերակատարութիւն: Հպարտ եմ այս դերակատարութեամբ», ըսաւ ան:

Հաջեան ներկաները շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան 133-ամեակին առիթով: Ան ըսաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն մըն է, որ անցած է ազգային ազատագրական ու ազգային պետականաշինութեան պանծալի ու փառաւոր ուղին, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իր դերակատարութեամբ, Հ․Յ․Դ․-ն իր ամբողջ էութեամբ, գաղափարաբանութեամբ եւ գործելաոճով ազգային ու ժողովրդական կուսակցութիւն է», ըսաւ ան:

Օրուան կնքահայրը հաստատեց, որ Հայաստանն ու Արցախը պէտք է ըլլան համայն հայութեան հայրենիքը, եւ բոլոր հայերը պէտք է իրաւունք ունենան մասնակցելու հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման բոլոր մարզերուն մէջ: «Ես վստահ եմ, որ կու գան նոր իշխանութիւններ, որոնք այդ բոլորը կարելի կը դարձնեն», աւելցուց ան:

Ան հաստատեց, որ ցաւալի իրականութիւն է, սակայն ճշմարտութիւն, որ արցախցիներն ու սփիւռքահայերը դարձած են հաւասար:

Ապա 70 պատանիներ կատարեցին իրենց խոստման արարողութիւնը եւ կոչուեցան «Արցախ» սերունդ:

Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ 133-ամեակի տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

Շաբաթ, Յունուար 27-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ թեմի կղերականաց դասուն պատկանող քահանայ հայրերու: Խօսք առին Միքայէլ Հաջեան եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Հաւաքը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles