Դիւանագիտութի՞ւն, Թէ՞ Քինախնդրութիւն…

0 0
Read Time:3 Minute, 11 Second

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ – Վըրճինիա

Մարտ 20, 2024

Հակառակ այն իրողութեան, որ ազգային թէ միջազգային քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը, սերնդակիցներուս համար, գրականութեան կողքին մեր նախասիրած թեման հանդիսացած է շատ կանուխ տարիքէն, սակայն անձամբ, կը զգուշանայի այդ նիւթին մատչելէ ու Հայաստանի վարչապետին որդեգրած քաղաքական սխալ, չըսելու համար վտանգաւոր ընթացքը քննադատելէ, քանի որ Միացեալ Նահանգներու մէջ, բացի լրատուկան միջոցներէ ու հայկական մամուլէն, ուրիշ աղբիւրներ չունէինք ճշդելու շրջող լուրերը, աւելի եւս՝ թափանցելու հարցերու խորքն ու բովանդակութիւնը:

Երբ Սերժ Սարգիսեանի իշխանութեան դէմ այնպէս կոչուած՝ թաւշեայ յեղաշրջում տեղի ունեցաւ, բազմահազար ցուցարարներու մասնակցութեամբ, Սերժը խոհեմութիւնը ունեցաւ իշխանութենէն հրաժարելու, քանի որ երկիրը կ՛երթար դէպի քաղաքացիական պատերազմ կամ այդ ահագնութեամբ բախումներու…

Գազազած էր ամբոխը:

Հայութիւնը՝ հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, շունչերը բռնած սպասեց լաւագոյն վաղուան: Իշխանափոխութիւնը երկրէն ներս տիրող սովետէն ժառանգուած փտախտը պիտի վերացնէ՞ր ու երկիրը յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրէ՞ր բոլոր ճակատներու վրայ:

Անկեղծ ասաց, փտախտը մասամբ մաքրուեցաւ, որու համար պէտք է գնահատել ներկայ իշխանութիւնները: Տնտեսութիւնը վերելք արձանագրեց, ընդունինք թէ ոչ: Շինարարութիւնը զարգացաւ: Զբօսաշրջութիւնը նոյնպէս որոշ աճ արձանագրեց: Նոր աշխատատեղիներ բացուեցան:

Բոլոր դրական այդ երեւոյթներու դիմաց, արտաքին քաղաքականութիւնը տուժեց: Գրեթէ անէացաւ: Դիմագիծ փոխեց ու իբրեւ արդիւնք, Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ դրդումով եւ ինչու չէ նաեւ անոր օրհնութեամբ ու զօրակցութեամբ, պատերազմ յայտարարեց, զոյգ մը յարձակումներ գործեց եւ հայկական դարաւոր հողերը խլեց: Լենային Ղարաբաղին տիրեց, ամիսներով Արցախի մեր եղբայրները սովամահ, խեղդամահ ըրաւ Լաչինի միջանցքը փակելով, արար աշխարհի անտարբեր աչքերուն առջեւ:

Ասոնց վրայ աւելցուցէք Արցախի նախկին նախագահներն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը ձերբակալելով բանտ նետելը: Եւ զարմանալին հոն է, որ մեր սիրելի վարչապետը, օտար դիւանագէտներու ու պետական մարդոց հետ իր հանդիպումներուն, բնաւ չարծարծեց թշնամի բանտախուցերու մէջ հիւծող արցախահայ ղեկավարութեան բաժին ինկած տաժանքը: Փաշինեանի իշխանութեան տակ ոչ միայն Արցախը թշնամիին նուէր տրուեցաւ, ոչ միայն 120 հազար արցախցի անտունի դարձան, այլ նաեւ գլխատուեցաւ անոր ղեկավարութիւնը: Ու այս բեմագրութեան դիմաց, անհասկանալի կու գայ սփիւռքահայուն, Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան մեղսակից լռութիւնը:

Աստուծոյ սիրոյն, եթէ պահ մը մոռնանք Արցախն ու անոր ժողովուրդին ողբերգութիւնը, հապա Ռուսիոյ հանդէպ կիրարկուած տղայական վերաբերմո՞ւնքը: Դաս առնենք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանէն, որ դիւանագիտութիւնը լարախաղացութեան հասցուցած է, իր լպրծուն քաղաքականութեամբ բոլորին հետ լեզու գտնելով: Այդ ըսելով չենք իտէալացներ Էրտողանի դիւանագէտի կառուցուածքը, սակայն անոր չափազանցութիւններէն գուցէ բան մը սորվին մեր երկրին ազգընտիրները… Թէ ինչպէ՜ս անիկա Ռուսիոյ հետ լեզու գտաւ Ուքրանիոյ ցորենը ազատ շուկայ հանելու…

Տակաւին մեր մտքին մէջ կենդանի է անհեթեթութիւն բուրող այն պատկերը, երբ պարոն Փաշինեան ԵԱՀԿ մէկ ժողովին, անոր ղեկավարութեան հետ լուսանկարուելու պահուն, մէկ մեթր հեռաւորութիւն պահեց Ռուսիոյ նախագահ Փութինէն, իբր թէ անկէ հիասթափուած ըլլալու խօսուն մէկ քայլ է, կամ ալ միջազգային հասարակութեան առջեւ անոր երեսին տրուած ապտակ:

Եղբայր, եթէ մէկէ մը հիասթափուիս, պիտի աւելի սեղմ կանգնիս անոր կողքին ու առիթէն օգտուելով անոր յայտնես նեղութեանդ պատճառը ու այդ անձը փորձես մեղայի բերել: Յատկապէս երբ անիկա քեզ Թուրքիայէն լաւ-գէշ պաշտպանող գերպետութեան մը նախագահն է: Չենք հասկնար մանկամիտ, անհեթեթ այդ արարքին դիւանագիտական իմաստն ու տարողութիւնը:

Մեր մանկութեան չքաւոր օրերուն, երբ թաղին լակոտները գնդակ չունէին խաղալու, «ունեւոր» գաղթականի մանչը իրը կ՛իջեցնէր ֆութպոլի դաշտ, խաղը գլուխ հանելու: Սակայն երբ խաղացողներէն մէկը հպէր անոր, նեղուած՝ փաշինեանական արարքով ու մտայնութեամբ, անդին կը հրէր հակառակորդը ու «ոսկեզօծ» իր գնդակը շալակելով կը հեռանար խաղավայրէն․ «այլեւս չեմ խաղար կոր» բացականչելով:

Ափրիկեան օրերէն ուրիշ դէպք մը վերյիշեցի Փաշինեանի արարքին ականատես ըլլալէ յետոյ: Կիպրոսի հարցով ափրիկեան երկիրները այցելող թրքական պատուիրակութիւնը, իր պանդոկէն վերցնելով ծովեզերեայ ճաշարանը տարի: Հիւրերս լաւ մը յղփացնելէ ետք, տիրող ընկերական ջերմ մթնոլորտէն օգտուելով, ծոծրակէս Ուիլսընեան Հայաստանի քարտէսը հանելով անոնց առջեւ փռեցի ու բարեկամական շեշտով հարց տուի, թէ ե՜րբ հայկական հողերը պիտի վերադարձուին… Հիւրերս, երկինքէն եւ հայ երիտասարդի մը ծուղակը ինկածի նման, խէթ խէթ նայեցան իրարու: Միայն խումբին քիւրտ ներկայացուցիչը առիթէն օգտուելով բացականչեց՝ «Պապամ, քրտական հողերն ալ սեփականացուցեր էք…» Չիմացանք, թէ անոր ակնարկութիւնը ինծի ուղղուած էր, թէ՞ իր թուրք պաշտօնակիցներուն: Զուր տեղ մեր նախահայրերը չեն ըսած՝ «Այն ձեռքը որ չես կրնար կտրել, համբուրէ, գլուխդ դիր…»

Եւրոպական Միութեան ու ՆԱԹՕ-ի հետ գաղտնօրէն սիրաբանելով հանդերձ, ժամանակը չէր Ռուսիան մեզի դէմ լարելու… Տղայական այդ արարքին գինը հայութիւնը շատ սուղ կրնայ վճարել, եթէ խելքի չգանք սիրելի պարո՛ն վարչապետ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles