ԼԻԶՊՈՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ 30-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Լիբանանի մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 30-Ամեակը: Արդարեւ հոծ բազմութիւն մը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, Պուրճ Համուտի հրապարակէն իր քայլերը ուղղեց դէպի Ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա ներկաները հինգ հերոսներու հոգիներուն համար մոմեր վառեցին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին...