ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԱՆԻ… ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻ՞ՒՆ
Հող, մշակոյթ եւ կրօնք…աճուրդի հանուած են: Աղաւաղում, մութ հաշիւներ, կեղծիք եւ անշուշտ օտարի աչքին լաւ երեւելու կամ տիպար օրինակ դառնալու մարմաջ: Այսպէս, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Կարսի նահանգային վարչութեան...