
Կռւում ենք մենք հոգով անպարտ,
Քառասուն օր, քառասուն դար,
Աւարայրից՝ Սարդարապատ,
Մուսա լեռից՝ մինչ Գանձասար:
Մուսա լեռ, Մուսա լեռ, դու պարծանքն ու փառքը մեր:
Խօսք՝ Գէորգ Էմինի
»Մուսա Լերան քայլերգ«էն
Արդարութեան, ազատութեան եւ անկախութեան համար մղուած կռիւները պարտութիւն չեն ճանչնար եւ ընդհակառակը, դատապարտուած են յաղթանակով աւարտելու:
Այսպէս, Մուսա Լերան զաւակները, կը տօնեն իրենց հերոսամարտի 95-ամեակը:
Հերոսամարտ մը, որուն դրդապատճառներն ու օրուան պայմանները նոյնքան անկիւնադարձային եւ յիշատակելի են, որքան նոյնինքն հերոսամարտը:
Երբ դեռ Սուրիոյ անապատներէն ներս դիակներ ոսկորի չէին վերածուած, երբ դեռ Եփրատի հոսող ջուրը դեռ արիւնաթաթախ էր…հոն, քիչ մը աւելի հարաւ Մուսա Լերան լանջերուն թառած բուռ մը հայորդիներ, որոշած էին ակն ընդ ական պարզել ազատութեան եւ ըմբոստութեան դրօշը:
Արհամարհելով այդ Եղեռնի համատարած սուգն ու գոյժը, անոնք դիմած էին ամենէն աւելի դժուար ու վտանգաւոր հնարին:
Անվախօրէն ե°ւ ամէնայն յանդգնութեամբ, անոնք պարզեցին այդ ըմբոստութեան դրօշը, բարձր պահելով իրենց արժանապատուութիւնը եւ մանաւանդ նախընտրելով, ի գին ազատութեան մահը՝ վայրագ թշնամիի դաժան շղթաներէն:
Մուսա Լերան հերոսամարտը պատմական պարզ դրուագ մը չէ միայն, այլ հայոց իւրայատուկ պատմութեան շքեղ եւ լուսաւոր էջերուն կրկնութիւնն է: …Եւ այդ մէկ հաստատումը, Գէորգ Էմինն ալ կը շեշտէ վերոյիշեալ քայլերգին մէջ:
Ցայսօր, նոր սերունդին ներշնչման աղբիւրն ու հպարտանքն է, քանի մը խենթ կտրիճներու արձանագրած յիշատակելի յաղթանակը: Յաղթանակ մը, որ կերտուեցաւ շարունակ հաւատարիմ մնալով անցեալի արմատներուն եւ ազատութեան սրբազան դրօշին:
Միասնաբար կրկնենք վերոյիշեալ քայլերգին կրկներգը.-
Եւ կռուեցինք ու կը կռուենք,
Քառասուն օր, քառասուն դար,
Որ կամ որպէս հերոս զոհուենք,
Կամ կատարուի մեր իղձն արդար:
»Հայրենիք«
Օգոստոս 10, 2010