ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՀԱ­ՄԱ­ԳՈՒ­ՄԱՐ`ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐ­ՊՈՒ­ԹԵԱՄԲ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈ­ՍՈՒ­ԹԵԱՆ “ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ` ՃԱ­ՆԱ­ՉՈՒ­ՄէՆ ՀԱ­ՏՈՒ­ՑՈՒՄ“

0 0
Read Time:31 Minute, 51 Second


 Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին, Փետր­ուար 23-էն 25, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը` Ճա­նա­չու­մէն Հատ­ու­ցում նիւթ ար­ծար­ծող հա­մա­գու­մա­րը:

Հա­մա­գու­մա­րի Բաց­ման նիս­տին, ընդգ­ծե­լով ճա­նա­չու­մէն հա­տու­ցում անց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը` Թուրք­իա պէտք է վե­րա­դարձ­նէ հա­յոց եկե­ղե­ցա­կան կալ­ուած­նե­րը, իրենց իրա­ւա­կան սե­փա­կա­նա­տի­րոջ` Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան յայտ­նեց Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս:

Ներ­կա­յու­թեամբ հայ թէ օտար իրա­ւա­գէտ­նե­րու, քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու, ակա­դե­մա­կան­նե­րու, ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու եւ ազ­գա­յին այ­լա­զան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հրա­ւիր­եալ հիւ­րե­րու, այս հա­մա­գու­մա­րին բա­ցու­մը կա­տա­րեց մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի դա­սա­խօս դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տար­եան:

Անգ­լե­րէ­նով ար­տա­սա­նած իր բաց­ման խօս­քին մէջ, դոկտ. Պայ­րագ­տար­եան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ ապա ներ­կա­յա­ցուց եռօր­եայ այս հա­մա­գու­մա­րին նիս­տե­րուն ար­ծար­ծե­լիք գլխա­ւոր նիւ­թե­րը: “100 տարիէ ի վեր ար­դա­րու­թիւնը տա­կա­ւին չէ իրա­գործ­ուած. այս խորհր­դա­ժո­ղո­վը պի­տի քննար­կէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան էու­թիւնը` դա­տա­կան, իրա­ւա­կան ու մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու մօ­տե­ցու­մով, յայտ­նեց դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տար­եան` ընդգ­ծե­լով, որ խորհր­դա­ժո­ղո­վի քննար­կում­նե­րուն եզ­րա­յան­գում­նե­րը պի­տի բա­նա­ձե­ւեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան “ճամ­բու քար­տէ­սը“:

Պայ­րագ­տար­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց յատ­կա­պէս ար­տա­սահ­մա­նէն եկած հիւ­րե­րուն եւ բա­նա­խօս­նե­րուն, ապա հրա­ւի­րեց Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սը` իր պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լու:

Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս յա­տուկ կեր­պով բա­նա­ձե­ւեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը` մէջ­բե­րում­ներ կա­տա­րե­լով 1948-ին Մ.Ա.Կ.-ի Մարդ­կա­յին իրա­ւանց յայ­տա­րա­րու­թե­նէն, պար­զե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը: Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը միայն 1944-ին մուտք գոր­ծեց մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի բա­ռա­րա­նին մէջ, յայտ­նեց վե­հա­փա­ռը` ընդգ­ծե­լով, որ խոր­քին մէջ 1915-ին Թուրք­իոյ մէջ գոր­ծադր­ուած արարք­նե­րը իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն սահ­ման­ուած են նշեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: Տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր մենք կեդ­րո­նա­ցած էինք Թուրք­իոյ եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թեան կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վրայ: Խոր­քին մէջ, վեր­ջերս ըն­թացք առած ամե­րիկ­եան, թրքա­կան թէ ֆրան­սա­կան ապա­հո­վագ­րա­կան դա­տա­կան հարցե­րը, ինչ­պէս նա­եւ ամե­րիկ­եան ծե­րա­կոյ­տին որո­շու­մը` Թուրք­ի­ան մղե­լու վե­րա­դարձ­նե­լու հա­յոց եկե­ղե­ցա­պատ­կան կալ­ուած­նե­րը եւ այս գծով 27 Օգոս­տոս 2011-ին թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան որո­շու­մը` 1936-էն ի վեր բռնագ­րաւ­ուած եկե­ղե­ցա­պատ­կան կալ­ուած­նե­րը փոք­րա­մաս­նու­թեանց վե­րա­դարձ­նե­լու որո­շու­մը, այս բո­լո­րը եկան վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­տուց­ման խիստ էա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւնը, շեշ­տեց Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս` ընդգ­ծե­լով, որ Թուրք­իա պէտք է թուրքօս­ման­եան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ բռնագ­րաւ­եալ եկե­ղե­ցա­պատ­կան կալ­ուած­ներն ու հա­մայն­քա­յին սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րը վե­րա­դարձ­նէ իր իրա­ւա­կան սե­փա­կա­նա­տի­րոջ` Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան“:

Ապա, դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տար­եան կեն­սագ­րա­կան հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց յա­տուկ այս առի­թով Լի­բա­նան ժա­մա­նած դա­տա­խազ Ֆաուս­թօ Փո­քա­րի մա­սին: Նախ­կին Եու­կոս­լաւ­իոյ հա­մար կազմ­ուած Մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կան ատ­եա­նի դա­տա­խա­զը իր շնոր­հա­կա­լա­կան ու երախ­տա­գի­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն ետք ձայ­նակ­ցե­ցաւ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին ներ­կա­յա­ցու­ցած եզ­րե­րու սահ­մա­նու­մին` դի­տել տա­լով, թէ պէտք է բնո­րո­շել, եթէ 1915-ին պա­տա­հա­ծը օս­ման­եան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կի­րարկ­ուած ծրա­գի՛ր էր, թէ՛ որ­դեգր­ուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն: Դա­տա­խազ Փո­քար յա­րա­կից բաղ­դա­տա­կան­ներ կա­տա­րեց նախ­կին Եու­կոս­լաւ­իոյ, յատ­կա­պէս` Սրեպ­րե­նի­ցա­յի եւ Ռուան­տա­յի ցե­ղաս­պա­նա­կան ջար­դե­րուն ու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջեւ:

Մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կան ատ­եա­նի դա­տա­խազ Ճօ Վեր­հո­վըն խօսք առ­նե­լով յայտ­նեց, թէ խո­րա­պէս տպա­ւոր­ուած է այս հա­մա­գու­մա­րէն: Ան հարց տուաւ, թէ պա­տա­հած ջար­դե­րը արդ­եօք կան­խամ­տած­ուա՞ծ էին: Ող­բեր­գու­թիւնը իս­կա­պէս պա­տա­հած է, բայց անոր անդ­րա­դար­ձը ար­դար չէ եղած (ակ­նար­կե­լով Թուրք­իոյ): Ան յայտ­նեց, որ բազ­մա­թիւ գիր­քեր եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կար­դա­ցած է` աւե­լի մօ­տէն, ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան խոր­քին ու էու­թեան: Ան զար­մանք յայտ­նեց, թէ ին­չո՞ւ (Թուրք­իա) չի ճանչ­նար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը` դի­տել տա­լով, թէ որ­քան ալ հան­րա­յին կար­ծի­քը ճանչ­նայ եւ ըն­դու­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, Թուրք­իոյ կող­մէ նմա­նօ­րի­նակ քայլ մը կը մնայ էա­կան: Ան­կախ թէ ո՞վ է տի­րող իշ­խա­նու­թիւնը` պե­տա­կան կազմն է պա­տաս­խա­նա­տուն տու­եալ հո­ղա­մա­սին վրայ պա­տա­հած դէպ­քե­րուն: Այլ խօս­քով` ան­կախ ան­կէ, որ օս­ման­ցի՞, թէ՛ այլ պի­տա­կի թուր­քեր կա­տա­րած են ոճի­րը, այժ­մու Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնն է պա­տաս­խա­նա­տուն անց­եա­լին հոն պա­տա­հած դէպ­քե­րուն, դի­տել տուաւ դա­տա­խազ Վեր­հո­վըն:

Փրոֆ. Ֆեռ­նան­տօ Թե­սըն, անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման ոճիր­նե­րու պա­րա­գա­յին նե­րում հայ­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ու անոր ու­նե­ցած տար­բեր տե­սա­կի ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն: Ան հիմ­նա­կա­նօ­րէն լու­սար­ձա­կի տակ առաւ այն երե­ւոյ­թը, որ բա­րո­յա­կան որ­քան մեծ ար­ժա­նիք է նե­րում հայ­ցե­լը, նա­եւ միւս կող­մին որ­քան մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ այդ մէ­կը: Ան ման­րա­մասն բա­ցատ­րեց հա­ւա­քա­կա­նու­թեան գոր­ծած ոճի­րին հա­մար հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կող­մէ հայց­ուած նե­րու­մին եւ ան­հա­տա­կան նե­րու­մին տար­բե­րու­թիւն­նե­րը` դի­տել տա­լով, որ ան­հա­տա­կան­նե­րը որ­քան ալ կա­րե­ւոր ըլ­լան, սա­կայն պէտք չէ միշտ ակն­կա­լել, որ հա­ւա­քա­կա­նին հա­մար ան­հատ­ներ նե­րում հայ­ցե­լու ստիպ­ուած են, այլ այդ մէ­կը պէտք է կա­տար­ուի աւե­լի բարձր մա­կար­դա­կով:

``Թուրքիա հաւանական է, որ շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը` կասեցնելու համար ճանաչումներու ընթացքը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է իր գործօն մաս-նակցութիւնը ունենայ ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքներուն գծով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողի-կոսութիւնը` իբրեւ ցեղասպանութեան զոհ, բարոյական եւ օրինական պարտականութիւնը եւ արդար իրաւունքը ունի Թուրքիոյ ներկայացնելու իր կալուածներուն եւ ունեցուածքներուն պահանջը:…1915-ին հայութեան դէմ կատարուած անմարդկային ոճիրը երեւակայութիւն չէ, այլ` Օսմանեան կայսրութեան հա-մաթրքական քաղաքականութեան արտայայտութիւնը: Հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը հիմն-ուած է արդարութեան վրայ, այլ խօսքով` մենք արդարութիւն կը պահանջենք, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ ալ պակաս: Թուրքիան պարտաւոր է յարգելու հայ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքները ու միջազգային համայնքը կոչուած է զօրավիգ կանգնելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն``, ըսաւ Արամ Ա. Վեհափառը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Մայրավանքին մէջ տեղի ունե-ցած ``Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն Հատուցում`` համագումարին փակումը կատարելով:

Մար­դու իրա­ւունք­նե­րու պրիս­մա­կէն դիտ­ուած ճա­նա­չու­մի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ու հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան վե­րա­կանգն­ման մա­սին խօ­սե­ցաւ փրոֆ. Ռի­չըրտ Ուիլ­սըն, որ յա­տուկ կեր­պով լու­սար­ձա­կի տակ առաւ կա­տար­ուած ոճի­րի մը մա­սին զո­հե­րուն եւ անոնց հա­րա­զատ­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան կեր­պով մարդ­կա­յին մօ­տե­ցում դրսե­ւո­րե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնը: Ան իբ­րեւ ելա­կէտ նկա­տի առաւ հա­մալ­սա­րա­նի իր ու­սա­նող­նե­րուն հետ կա­տա­րած ու­սում­նա­սի­րու­թիւնը, որ կը վե­րա­բե­րի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու հո­գե­բա­նա­կան վի­ճա­կին, որ իր ազ­դե­ցու­թիւնը կ՛ու­նե­նայ ընդ­հա­նուր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան եւ անոր զար­գաց­ման ըն­թաց­քին վրայ:

Այլ զե­կու­ցա­բեր մը` Ով Պրինկ, նշեց 1915-էն ետք մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ուղ­ղա­կի կամ անուղ­ղա­կի ճա­նաչ­ման հիմ­նա­կան թուա­կան­ներն ու դրսե­ւո­րում­նե­րը, որոնք ան­պայ­ման պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ չեն ըլ­լար: Ան յի­շեց, որ թեր­թե­րուն մէջ տեղ գտած լրա­տուու­թիւն­նե­րը եւս, որոնք կը սկսին բա­ւա­կան հին ժա­մա­նակ­նե­րէն, ոճի­րը ըն­դու­նե­լու ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ են: Պրինկ անդ­րա­դար­ձաւ հին ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ մեր օրե­րը այս գծով եղած յատ­կան­շա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, գո­յու­թիւն ու­նե­ցող փաս­տե­րուն ու վկա­յու­թիւն­նե­րով` հաս­տա­տե­լով, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մարդ­կու­թեան դէմ ոճիր է, ան­կախ թիւե­րէն, պայ­ման­նե­րէն կամ անոր առնչ­ուած տար­բեր տե­սա­կի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէն: Զե­կու­ցա­բե­րը շեշ­տեց, որ ներ­կայ պա­րու­նա­կին մէջ պէտք է դի­տել այս բո­լո­րը եւ հա­մա­պա­տաս­խան ար­ժե­ւո­րում­ներ կա­տա­րել:

Փրոֆ. Մարք Ֆինտ­լէյ, խօ­սե­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճ­րայ­նու­թեան եւ անոր իրա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կին մա­սին:

Ան դի­տել տուաւ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը քննար­կու­մի նիւթ կրնայ դառ­նալ տար­բեր ատ­եան­նե­րու մէջ` աւելց­նե­լով, որ հար­ցը միայն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ստանձ­նու­մին մէջ չի կա­յա­նար, այ­լեւ` իրա­ւունք­նե­րու պահ­պան­ման եւ վե­րա­դարձ­ուե­լուն: Ան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մօ­տե­ցաւ իբ­րեւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի իրա­ւա­կան հո­վանի­ին տակ դրուած հարց մը, որով­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը միայն տու­եալ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան չի վե­րա­բե­րիր: Այս պա­րու­նա­կէն ու դի­տան­կիւ­նէն ան անդ­րա­դար­ձաւ ոճ­րա­յին արարք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու եւ տու­ժող կող­մե­րուն կար­գա­վի­ճակ­նե­րուն:

Փրոֆ. Քարս­թեն Սթահն խօ­սե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին ոճ­րա­յին ատ­եա­նին եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին` մատ­նան­շե­լով հե­ռան­կար­ներն ու սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը:

Ան դի­տել տուաւ, որ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ ոճի­րի մը բնու­թագ­րու­մը տա­լու հա­մար կա­րե­ւոր է միու­թիւն մը ստեղ­ծել մի­ջազ­գա­յին ոճ­րա­յին ատ­եա­նի վճի­ռին եւ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ, այ­լա­պէս անոնք կրնան հա­կա­սա­կան ըլ­լալ: Ք. Սթահ­նի հա­մա­ձայն, իրա­կա­նու­թիւնը չը­սե­լու մէջ եւս յան­ցանք գո­յու­թիւն ու­նի, որով­հե­տեւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ եր­բեմն շատ մա­կե­րե­սա­յին կեր­պով կը մօ­տե­նան հար­ցե­րուն` զա­նոնք ար­դար վճի­ռով կշռա­դա­տե­լէ շատ հե­ռու եր­թա­լով:

Ֆրե­տե­րիք Մեկ­րեթ անդ­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­պա­կան մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու դա­տա­րա­նին եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: Լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով Եւ­րո­պա­յի մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը` հիմն­ուե­լով յատ­կա­պէս Թուրք­իոյ մէջ այս գծով գոր­ծող օրէն­քին եւ Ֆրան­սա­յի ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ վեր­ջերս որ­դեգր­ուած բա­նա­ձե­ւին վրայ: Զե­կու­ցա­բե­րը այս եր­կու­քին մի­ջեւ բաղ­դա­տու­թիւն­ներ կա­տա­րեց, յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Թուրք­իոյ մէջ խօս­քի ազա­տու­թեան կաշ­կանդ­ման, նա­եւ նշեց Ֆրան­սա­յի օրէն­քին ծալ­քե­րը` յատ­կա­պէս լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով այն երե­ւոյ­թը, որ մինչ Թուրք­իա կ՛ու­րա­նայ, Ֆրան­սա իրա­կա­նու­թիւնը պաշտ­պա­նե­լու փորձ կը կա­տա­րէ:

Հո­ղա­յին հա­տուց­ման գծով ան դի­տել տուաւ, որ նոյ­նիսկ եթէ Թուրք­իա միայն եկե­ղե­ցի­նե­րու մա­սին խօ­սի, պարզ կը դառ­նայ, որ ան կ՛ըն­դու­նի տե­ղի ու­նե­ցած իւ­րա­ցում­նե­րը:

Աշ­խա­տանք­նե­րու եր­րորդ նիս­տը` նա­խա­գա­հու­թեամբ Ժը­նե­ւի հա­մալ­սա­րա­նի Բարձ­րա­գոյն ուս­մանց հիմ­նար­կի դա­սա­խօս, փրո­ֆե­սէ­օր Վե­րա Կո­լանտ – Տեպ­պա­սի, գլխա­ւոր նիւթ ու­նէր` Պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը` ըստ մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի: Այս ծի­րին մէջ խօսք առաւ Բրի­տան­իոյ Ուեսթ­մի­նիսթր հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին ընդ­հա­նուր օրէն­քի դա­սա­խօս փրոֆ. Մար­քօ Ռո­սի­նի, որ կեդ­րո­նա­ցաւ նշեալ նիւ­թին, յատ­կա­պէս` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ծա­գող հար­ցե­րուն վրայ:

Սա­հիկ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ փրոֆ. Ռո­սի­նի հիմ­նա­ւոր­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց` պատ­մա­կան ետ­դարձ մը կա­տա­րե­լով մին­չեւ 1878-ի Պեր­լի­նի վե­հա­ժո­ղո­վը, 1894-1896-ի Հա­միտ­եան կո­տո­րած­նե­րը, յան­գե­լով մին­չեւ 1915-ի Մեծ Եղեռ­նը: Իր նշեալ վե­րագ­րում­նե­րով փրոֆ. Ռո­սի­նի հաս­տա­տեց, որ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը (օս­ման­եան թէ այլ վար­չա­կար­գի տակ) պա­տաս­խա­նա­տու են պա­տա­հած դէպ­քե­րուն:

Յա­ջորդ զե­կու­ցա­բերն էր Գա­նա­տա­յի Օթաուա­յի հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին ընդ­հա­նուր օրէն­քի դա­սա­խօս Փաթ­րիք Տամ­պը­րի, որ անդ­րա­դար­ձաւ նիս­տի գլխա­ւոր նիւ­թին` Թուրք­իոյ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան դի­տան­կիւ­նէն, ճշգրտօ­րէն` հե­տեւ­եալ բա­նա­ձե­ւու­մով. Իբ­րեւ Օս­ման­եան կայս­րու­թեան ժա­ռան­գորդ` Թուրք­իոյ վե­րագր­ուած հե­տե­ւանք­նե­րը` մի­ջազ­գա­յին ապօ­րի­նի արարք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ծի­րին մէջ: Ան որոշ հար­ցա­կան­ներ դրաւ, թէ արդ­եօք 1923-ին Աթա­թուր­քի կող­մէ հաս­տատ­ուած Թուրք­իոյ Հան­րա­պե­տու­թիւնը պա­տաս­խա­նա­տու կը նկատ­ուի նա­խորդ շրջա­նին պա­տա­հած դէպ­քե­րուն: “1878-1918-ի մի­ջեւ եր­կա­րած 40 տար­ուան ըն­թաց­քին, Թուրք­իա (Օս­ման­եան կայս­րու­թիւնը) կորսն­ցու­ցած էր իր հո­ղա­յին տա­րա­ծու­թեան 85 առ հա­րիւ­րը եւ 75 առ հա­րիւր բնակ­չու­թիւնը: Յետ 1924-ի Թուրք­ի­ան վե­րա­դար­ձած էր իր հիմ­նա­կան, նա­խա­կայ­սե­րա­կան շրջա­նի տա­րո­ղու­թեան, իր կա­տար­եալ ինք­նու­թեան, ընդգ­ծեց փրոֆ. Տամ­պը­րի` ընդգ­ծե­լով, որ Թուրք­իա կը շա­րու­նա­կէ ներ­կա­յաց­նել իր պե­տու­թիւնը, այն­քան ատեն որ հա­կա­ռա­կին փաս­տե­րը չկան: Ան այս գծով իբ­րեւ օրի­նակ նշեց Ֆրան­սա­յի եւ Իրա­նի պա­րա­գա­նե­րը, որոնք շա­րու­նա­կե­ցին ներ­կա­յաց­նել Ֆրան­սան ու Իրա­նը յաչս մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին, հա­կա­ռակ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մին Գեր­ման­իոյ կող­մէ Ֆրան­սա­յի գրաւ­ման եւ (Փետր­ուար 1979-ին) Իրա­նի մէջ ծայր առած յե­ղա­փո­խու­թեամբ իրան­եան վար­չա­կար­գի փո­փո­խու­թեան:

Բրի­տան­իոյ Կլաս­կօ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին ընդ­հա­նուր օրէն­քի դա­սա­խօս Քրիսթ­ի­ան Ճէյ. Թամզ, խօ­սե­ցաւ Պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կի­րարկ­ման առն­չուող հար­ցեր նիւ­թին մա­սին: Սա­հիկ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ ան անդ­րա­դար­ձաւ (մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ապօ­րի­նի արարք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու նկատ­ուած) պա­րա­գա­նե­րու, ինչ­պէս` Լիպ­ի­ան, որ դա­տա­կան հե­տապն­դու­մի են­թարկ­ուե­լով պա­տաս­խա­նա­տու նկատ­ուե­ցաւ իր մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ապօ­րի­նի արարք­նե­րուն հա­մար: Փրոֆ. Թամզ անդ­րա­դար­ձաւ նա­եւ Խրուաթ­իոյ եւ Սերպ­իոյ պա­րա­գա­նե­րուն` հարց տա­լով, թէ ո՞վ իրա­ւա­սու է հե­տապն­դե­լու յան­ցա­գործ­նե­րը:

Նա­խա­գա­հու­թեամբ Հռո­մի Լա Սափի­են­զա հա­մալ­սա­րա­նի եւ­րո­պա­կան ու մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի դա­սա­խօս փրոֆ. Էն­զօ Քա­նին­զա­րո­յի, ար­ծարծ­ուե­ցաւ Հա­տու­ցու­մի իրա­ւուն­քը նիւ­թը:

Առա­ջին բա­նա­խօսն էր, Գեր­ման­իոյ Ֆրանք­ֆըրթ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին ընդ­հա­նուր օրէն­քի դա­սա­խօս փրոֆ. Ռէյ­նար Հոֆ­ման, որ դարձ­եալ սա­հիկ­նե­րու օժան­դա­կու­թեամբ պար­զեց մի­ջազ­գա­յին ոճ­րա­րարք­նե­րու ան­հա­տա­կան հա­տուց­ման պատ­ճառ­ներն ու պայ­ման­նե­րը:

Անոր յա­ջոր­դեց Հո­լան­տա­յի Կրո­նին­կեն հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին ընդ­հա­նուր օրէն­քի դա­սա­խօս փրոֆ. Մար­սել Պրուս, որ անդ­րա­դար­ձաւ դա­տա­կան օտար ատ­եան­նե­րէն մի­ջազ­գա­յին ոճ­րա­րարք­նե­րու հա­տուց­ման օրի­նա­կան քայ­լե­րու հո­լո­վոյ­թին: Ան յա­տուկ օրի­նակ­ներ ներ­կա­յա­ցուց Ին­տո­նեզ­իոյ մէջ պա­տա­հած ոճ­րա­րարք­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ:

Իսկ վեր­ջին զե­կու­ցա­բե­րը` Բրի­տան­իոյ Տուր­համ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին քրէ­ա­կան բաղ­դա­տա­կան օրէն­քի դա­սա­խօս Մայ­քըլ Պոհ­լան­տըր անդ­րա­դար­ձաւ Հա­տուց­ման գծով մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կան ատ­եան­նե­րու մօ­տեց­ման: Յա­րա­կից պա­րա­գա­նե­րու անդ­րա­դառ­նա­լէ ետք փրոֆ. Պոհ­լան­տըր ընդգ­ծեց, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, որ շուրջ 100 տար­ուան իրո­ղու­թիւն է, խիստ ծանր հարց է:

Հա­մա­գու­մա­րի երկ­րորդ եւ վեր­ջին օր­ուան` Դէ­պի հայ­կա­կան իրա­ւունք­նե­րու եւ կալ­ուած­նե­րու որա­կա­կան եւ քա­նա­կա­կան ցանկ մը խո­րա­գի­րը կրող առա­ջին նիս­տը ըն­թացք առաւ առա­ւօտ­եան ժա­մը 9:00-ին: Նիս­տին նա­խա­գա­հեց Բրի­տան­իոյ Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի ըն­կե­րա­ի­րա­ւա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց կեդ­րո­նի գոր­ծող տնօ­րէն փրոֆ. Մա­րի­նա Քուրչ­եան: Առա­ջին զե­կու­ցա­բերն էր Պէյ­րու­թի ամե­րիկ­եան հա­մալ­սա­րա­նի քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց դա­սա­խօս փրոֆ. Ժան Կէ­օքճ­եան, որ ներ­կա­յա­ցուց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պատ­կա­նող կալ­ուած­նե­րը: Ան նշեց, որ իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ետք քե­մա­լա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը եւս հա­յա­պատ­կան կալ­ուած­նե­րը գրա­ւե­լու յա­ւել­եալ քայ­լեր որ­դեգ­րեց` Թուրք­իոյ հո­ղե­րէն հե­ռաց­ուած­նե­րը զրկե­լով իրենց իրա­ւունք­նե­րը պա­հան­ջե­լու իրա­ւուն­քէն:

Երկ­րորդ զե­կու­ցա­բերն էր Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ճորճ Ուա­շինկ­թըն հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին եւ բաղ­դա­տա­կան իրա­ւա­բա­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան բա­ժան­մուն­քի հա­մատ­նօ­րէն փրոֆ. Սիւ­զան Քա­րա­ման­եան: Ան իրՑե­ղաս­պա­նու­թեան տնտե­սա­կան երե­կոյ զե­կու­ցու­մին մէջ նշեց, որ 1915-ին տե­ղի ու­նե­ցած իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը տնտե­սա­կան են­թա­հող ալ ու­նին, եւ զա­նոնք հասկ­նա­լու հա­մար հարկ է հասկ­նալ 1800-ական թուա­կան­նե­րուն պա­տա­հած­նե­րը: Ան յայտ­նեց, որ քրիս­տոն­եա­նե­րը տնտե­սա­կան գետ­նի վրայ թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ նա­խա­ձեռ­նող եւ աշ­խուժ տարր մըն էին, ինչ որ անոնց նկատ­մամբ լար­ուա­ծու­թիւն ստեղ­ծեց: Իբ­րեւ օրի­նակ ան նշեց, որ 1913-ին հայ­կա­կան առեւ­տու­րի եւ ար­տադ­րու­թեանց ­պոյ­քո­թի ­քա­ղա­քա-­կա­նու­թիւն մը կի­րարկ­ուե­ցաւ:

Փրոֆ. Քա­րա­ման­եան յայտ­նեց, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը տնտե­սա­կան նա­խանձն ու տնտե­սա­կան շահն էր` նշե­լով, որ վեր­ջինս նա­եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք էր, այ­սինքն` բազ­մա­թիւ թուր­քեր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք տնտե­սա­կան շա­հեր ապա­հո­վե­ցին:

Թուրք այ­լա­խոհ պատ­մա­բան փրոֆ. Թա­ներ Աք­չամ, Հայ­կա­կան կալ­ուած­նե­րու օրի­նա­կա­նաց­ուած գրա­ւու­մին ետին ցե­ղաս­պա­նա­կան նպա­տա­կը խո­րա­գի­րով զե­կու­ցու­մին մէջ ներ­կա­նե­րուն հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց: Ան յայտ­նեց, որ թրքա­կան օրէնս­գիր­քին մէջ գո­յու­թիւն ու­նին 70-80 օրէնք­ներ, որոնք կը վե­րա­բե­րին Թուրք­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ հայ­կա­կան կալ­ուած­նե­րու հար­ցին:

Փրոֆ. Աք­չամ ընդգ­ծեց, որ հա­յե­րու բնաջն­ջու­մը պար­զա­պէս ման­րա­մաս­նու­թիւն մըն էր, իսկ կա­րե­ւոր հար­ցը հա­յե­րուն վե­րա­դարձն ու կալ­ուած­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման պա­հան­ջը կան­խար­գի­լելն էր: Ուս­տի այդ նպա­տա­կին ծա­ռա­յող օրէնք­ներ որ­դեգր­ուե­ցան: Ան նշեց, որ հա­յա­պատ­կան կալ­ուած­նե­րու գրա­ւու­մը թրքա­կան օրէն­քին մէջ ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ իբ­րեւ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ այդ կալ­ուած­նե­րուն հա­յե­րուն փո­խա­րէն կա­ռա­վա­րում մը, որ­պէս­զի պե­տու­թիւնը գո­ղի երե­ւոյթ չու­նե­նայ: Ոչինչ կա­տար­ուած է ապօ­րի­նի կեր­պով, սա­կայն այդ օրէնք­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­ղադ­րիչ մէկ մասն են:

Թուրք այ­լա­խոհ պատ­մա­բա­նը ընդգ­ծեց, որ ոչ իսկ մէկ օրէնք կայ, որ կ՛ար­գի­լէ կալ­ուած­նե­րը հա­յե­րուն վե­րա­դարձ­նել, սա­կայն օրէնսդ­րու­թիւնը այն­պէս է, որ “ձեզ ոչ մէկ տեղ կ՛առաջ­նոր­դէ“: Ան յայտ­նեց, որ Լո­զա­նի եւ թրքա­կան օրէնք­նե­րու հի­մամբ Թուրք­իա չի կրնար հեր­քել, թէ կալ­ուած­նե­րը հա­յե­րուն կը պատ­կա­նին: Ան ըսաւ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը իբ­րեւ տե­ղա­հա­նում կը ներ­կա­յաց­ուի, սա­կայն չկայ որե­ւէ օրէնք, որ կը նշէ, թէ հա­յե­րը ինչ­պէ՞ս պի­տի վե­րաբ­նա­կեց­ուին` աւելց­նե­լով, որ անոնց վե­րա­դար­ձը բա­ցառ­ուած է: Ան վե­րոնշ­եալ օրէնք­նե­րուն իբ­րեւ օրի­նակ նշեց 30 Մա­յիս 1915-ին եւ 10 Յու­նիս 1915-ին որ­դեգր­ուած եւ հա­յե­րու ինչ­քե­րը կա­ռա­վա­րե­լուն վե­րա­բե­րող օրէնք­նե­րը, որոնց հի­մամբ պե­տու­թիւնը ինք ձեռք առաւ ինչ­քե­րը եւ հա­յե­րուն ար­գի­լեց զա­նոնք կա­ռա­վա­րել, ինչ­պէս նա­եւ Սեպ­տեմ­բեր 1915-ի օրէն­քը, որ կը պա­հան­ջէ այդ կալ­ուած­նե­րուն ար­ժէ­քը փո­խան­ցել իրենց իրա­ւա­տէ­րե­րուն:

Փրոֆ. Աք­չամ յայտ­նեց, որ 1920-ին որ­դեգր­ուած է օրէնք մը, որ բա­ցա­յայտ կեր­պով ինչ­քե­րը կը վե­րա­դարձ­նէ հա­յե­րուն, սա­կայն քե­մա­լա­կան­նե­րը ջնջե­ցին զայն եւ վե­րա­կանգ­նե­ցին 1915-ի օրէնք­նե­րը: Ան յայտ­նեց, որ Լո­զա­նէն ետք 1924-ին օրէն­քը բա­րե­փոխ­ուե­ցաւ եւ իրա­ւունք տրուե­ցաւ կալ­ուած­նե­րը վե­րա­դարձ­նե­լու այն հա­յե­րուն, որոնք իրենց ինչ­քե­րուն հետ Թուրք­իոյ մէջ կը գտնուէ­ին, սա­կայն օրէն­քով ամէն ինչ կա­տար­ուե­ցաւ այս ըն­թաց­քը ար­գե­լափա­կե­լու:

Փրոֆ. Աք­չամ այլ հե­տաքրք­րա­կան բա­ցա­յայ­տում մը կա­տա­րե­լով նշեց, որ բո­լոր արեւմ­տա­հա­յե­րը մին­չեւ 1964 Թուրք­իոյ քա­ղա­քա­ցի­ներ էին, սա­կայն այդ թուա­կա­նէն ետք անոնք դադ­րե­ցան քա­ղա­քա­ցի­ներ ըլ­լա­լէ եւ անոնց ինչ­քե­րը գրաւ­ուե­ցան: Ան ըսաւ, որ մին­չեւ այդ թուա­կա­նը 1928-ին որ­դեգր­ուած օրէնք մը կը պահ­պա­նէր հա­յե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թիւնը:

Փոխ­հա­տուց­ման հո­լո­վոյ­թի հե­ռան­կար­նե­րը նիս­տի նա­խա­գահն էր Նա­փոլիի հա­մալ­սա­րա­նի փոխ­նա­խա­գահ, Մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի դա­սա­խօս փրոֆ. Ճիու­զեփ­փէ Քա­թալ­տի, որ յայտ­նեց, որ անց­եալ դա­րը մարդ­կա­յին իրա­ւանց տա­րած­ման դար մը եղաւ, իսկ ներ­կայ դա­րը պէտք է մարդ­կա­յին իրա­ւանց գոր­ծադ­րու­թեան դար մը ըլ­լայ, այ­լա­պէս մեծ կո­րուստ մը պի­տի ըլ­լայ: Ան ըսաւ, որ անհ­րա­ժեշտ է ճամ­բու քար­տէս մը գծել, որպ­սէ­զի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման հար­ցե­րու հա­մար մի­ջազ­գա­յին եւ տե­ղա­կան իրա­ւա­կան բե­մե­րու վրայ նոր առիթ­ներ ստեղծ­ուին:

Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ուստըր հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մա­բա­նու­թեան դա­սա­խօս փրոֆ. Հան­րի Թերիօ, յայտ­նեց Կորս­ուած հայ­կա­կան կալ­ուած­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման ջան­քեր խո­րա­գի­րով իր զե­կու­ցու­մին մէջ յայտ­նեց, որ հար­ցի իրա­ւա­կան հե­տապն­դու­մին ըն­թաց­քին պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, որ օրէն­քը ու­ժին կը հե­տե­ւի, ուս­տի պէտք է իրա­ւա­բա­նա­կան աշ­խա­տան­քին կող­քին նա­եւ քա­ղա­քա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րել: Ան նշեց, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը միայն հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու հար­ցը չէ, այլ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան:

Թերիօ նշեց, որ հա­տու­ցու­մը մաս­նա­կի ձե­ւով չի կրնար ըլ­լալ, այլ` ընդ­լայն­ուած, աւելց­նե­լով, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը շա­րու­նա­կուող հո­լո­վոյթ մըն է: Ան յայտ­նեց, որ իրա­ւա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րը կը հիմն­ուին ան­հա­տա­կան պա­րա­գա­նե­րու վրայ եւ ոչ թէ հա­ւա­քա­կան:

Փրոֆ. Թերիօ ընդգ­ծեց, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փոխ­հա­տու­ցու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հայ­կա­կան պե­տու­թեան հա­մար գո­յու­թե­նա­կան հարց մըն է` աւելց­նե­լով, որ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնը յա­ւել­եալ դար մը պի­տի չապ­րի, եթէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռով յա­ռա­ջա­ցած հար­ցե­րը չդար­ման­ուին:

Պատ­մա­բա­նու­թեան դա­սա­խօ­սը նշեց, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը կը դադ­րին այն ատեն, երբ զո­հե­րը բա­ւա­րա­րա­չափ կը լու­սանց­քայ­նաց­ուին, եւ այն ատեն մնաց­եալ աշ­խա­տան­քը պատ­մու­թեան դան­դաղ հո­լո­վոյ­թին կը վստահ­ուի, ինչ­պէս պա­տա­հե­ցաւ Ամե­րի­կա­յի կար­միր հնդիկ­նե­րուն պա­րա­գա­յին: Ան ըսաւ, որ 10 տա­րի առաջ ոչ ոք կը խօ­սէր հա­տուց­ման մա­սին, իսկ այժմ հայ­կա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ու մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ մեծ փո­փո­խու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած է եւ հա­տուց­ման գա­ղա­փա­րին ի նպաստ հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժում մը յա­ռա­ջա­ցած է:

“Յու­շա­մատ­եան“ ծրա­գի­րի տնօ­րէն եւ աւագ խմբա­գիր, պատ­մա­բան փրոֆ. Վա­հէ Թաշճ­եան, յայտ­նեց “1920-ին Սուր­իոյ եւ Լի­բա­նա­նի մէջ ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թեանց ճամ­բով Թուրք­իոյ մէջ հայ­կա­կան կալ­ուած­նե­րու վե­րա­տի­րա­ցում խո­րա­գի­րով զե­կու­ցու­մին մէջ յայտ­նեց, որ նշեալ թուա­կան­նե­րուն Լի­բա­նան եւ Սուր­իա ֆրան­սա­կան հո­գա­տա­րու­թեան տակ կը գտնուէ­ին, ուս­տի բնա­կան էր մտա­ծել, թէ հո­գա­տար իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի պաշտ­պա­նէ­ին հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն իրա­ւունք­նե­րը, սա­կայն Ֆրան­սա Թուրք­իոյ հետ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը կնքե­լով ան­տե­սեց այդ իրա­ւունք­նե­րը: Ան ներ­կա­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ Ֆրան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ար­խիւ­նե­րէն օրի­նակ­ներ:

Ան­գա­րա­յի ան­կախ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ազատ հա­մալ­սա­րա­նէն փրոֆ. Սա­յիտ Չե­թի­նօղ­լու, իր խօս­քին մէջ ըսաւ որԹրքա­կան օրէն­քին մէջ կորս­ուած հայ­կա­կան կալ­ուած­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կը խո­րա­գի­րով իր զե­կու­ցու­մին մէջ յայտ­նեց, որ հա­յե­րու կալ­ուած­նե­րուն տի­րա­ցան տե­ղա­կան ազ­դե­ցիկ դէմ­քե­րը: Ան ըսաւ, որ 1928-ին հա­յե­րուն տրուե­ցան ան­ցա­գիր­ներ, որոնք վե­րա­նո­րո­գե­լի չէ­ին եւ կա­րե­լի էր միայն մէկ ան­գամ գոր­ծա­ծել:

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Քեն Խա­չիկ­եան` հիմ­նա­կան նիւթ ու­նէր Եկե­ղե­ցա­կան կալ­ուած­նե­րու վե­րա­դար­ձին հար­ցը` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու քոնկ­րէ­սին մէջ:

Վե­րա­դար­ձի հո­լո­վոյ­թին հա­յե­ցա­կար­գը նիս­տին նա­խա­գահն էր Մ.Ա.Կ.-ի մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի յանձ­նա­խում­բի փոխ­հա­մա­կար­գող եւ Շուէ­տի Լունտ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի դա­սա­խօս փրոֆ. Մա­րի Ժա­քոպ­սըն:

Ապա Քէմպ­րիճ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի Լաու­թըր­փաչթ կեդ­րո­նի տնօ­րէն փրոֆ. Ռո­ճըր Օքիֆ խօ­սե­ցաւ Մի­ջազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը մշա­կու­թա­յին ու­նեց­ուած­քի աւեր­ման ու փճաց­ման մէջ նիւ­թին մա­սին:

Քան­դումն ու վե­րա­կանգ­նու­մը մի­ջազ­գա­յին օրէն­քին մէջ նիւ­թին անդ­րա­դար­ձաւ Վի­են­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի հա­սա­րա­կա­կան մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի դա­սա­խօս փրոֆ. Իրմ­կարտ Մար­պօ:

Օր­ուան եր­րորդ դա­սա­խօսն էր Մի­լա­նո­յի կա­թո­ղի­կէ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս փրոֆ. Կապրի­էլ Տել­լա Մոր­թէ:

Հա­մա­գու­մա­րին եզ­րա­փա­կիչ նիս­տը կա­յա­ցաւ Շա­բաթ, Փետր­ուար 25-ին, կէ­սօ­րէ ետք, մաս­նակ­ցու­թեամբ Լի­բա­նա­նէն, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն, Աւստր­իա­յէն, Գերման­իա­յէն, Իտալ­իա­յէն, Թուրք­իա­յէն, Անգլ­իա­յէն եւ այլ եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած իրա­ւա­գէտ­նե­րու, դա­սա­խօս­նե­րու, Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րու:

Նիս­տին բա­ցու­մը կա­տա­րեց դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տար­եան, հաս­տա­տե­լով, որ Թուրք­ի­ան ժա­ռան­գորդն է Օս­ման­եան կայս­րու­թեան, եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճի­րին գծով ու­նի մի­ջազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն: Ան ըսաւ, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը շա­րու­նա­կուող ոճիր է, այն­քան ատեն որ խնդի­րը ամ­բող­ջո­վին ար­դար լու­ծում չէ ստա­ցած: Իր խօս­քին մէջ դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տար­եան ամ­փո­փեց հա­մա­գու­մա­րին նշուած յատ­կան­շա­կան եւ կա­րե­ւոր կէ­տե­րը:

Ապա հա­մա­գու­մա­րին մաս­նա­կից­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին իրենց եզ­րա­փա­կիչ տե­սա­կէտ­ներն ու մէջ­բե­րում­նե­րը, որոնց խօս­քե­րէն ետք, եր­կօր­եայ հա­մա­գու­մա­րին եզ­րա­փա­կիչ պատ­գա­մը ուղ­ղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles