
Հակառակ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած դաժան պայմաններուն, կարելի եղաւ իւրայատուկ պայմաններու տակ, նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը, սկսելով Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր Լատին Ամերիկա եւ Ովկիանիա։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններէն ներս, կատարուեցան համացանցային սփռումներ, ուր պատգամներով հանդէս եկան պետական դէմքեր, գաղութի ներկայացուցիչներ եւ գործադրուեցան գեղարուեստական յատուկ յայտագրեր, տուներու մէջ պատրաստուած արուեստագիտական կատարումներով։ Հայոց Եկեղեցին ալ, զանազան ծուխերէ սփռեց դռնփակ պատարագներ։
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբերը, գաղութային միացեալ մարմինները, ինչպէս նաեւ երիտասարդական միութիւնները իրենց ազդու քարոզարշաւները կատարեցին առցանց, տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ծրագիրներով։ Իսկ, կարգ մը գաղութներէ ներս, սակաւ թիւով հայորդիներ նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը։
Առցանց ձեռնարկները կատարուեցան Ապրիլ 24-էն 26, դիմատետրի միջոցաւ։
Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին, Հայ Դատի անունով, բացումը կատարեց Սթիւ Մեսրոպեան, որ յաջորդաբար առիթ տուաւ ծերակուտականներու եւ ներկայացուցիչներու, որպէսզի փոխանցեն իրենց պատգամները։ Խօսք առնողներու շարքին էին՝ Չաք Շումըր (Դեմոկրատական – Նիւ Եորք), Ռապըրթ Մենենտէս (Դեմ․ – Նիւ Ճըրզի), Ճէք Տիտ (Դեմ․ – Նիւ Ճըրզի), Ֆրենք Փալոն (Դեմ․ – Նիւ Ճըրզի), Ճիմ ՄըքԿավըրն (Դեմ․ – Մասաչուսէց), Լորի Թրահան (Դեմ․ – Մասաչուսէց), Ռաշիտա Թլէյպ (Դեմ․ – Միշիկըն), Հէյլի Սթիվընզ (Դեմ․ – Միշիկըն), Էնդի Զեմենիտէս (Ծագումով յոյն ամերիկացիներու խորհուրդ), Փիթըր Պըրնզ (Քրիստոնեաներու պաշտպան՝ «A Demand for Action and In Defense of Christians» հիմնարկ), Քնար Չարշաֆեան (Հ․Ե․Դ․), Հէտըր Քրաֆեան (Հ․Օ․Մ․), Հասմիկ Աբրահամեան (Համազգային) եւ Արամ Քայսէրեան (Հ․Մ․Ը․Մ․)։
Ապա, խօսք առին ցեղասպանութեան կրթութեան նախագիծին մէջ պատասխանատուներ՝ Ռոքսան Մաքասճեան, Սարա Քոհան եւ Տիգրան Խալիկեան, Հայ Դատէն ներս գործող՝ Լարա Ներսէսեան (Միշիկըն) եւ Փօլին Կէցոյեան (Ռոտ Այլընտ)։
Երեկոյեան նախագահութեամբ հանրածանօթ գրագէտ Քրիս Պոհչալեանի տեղի ունեցաւ ե-զրոյց, որուն ընթացքին, խօսք առին Հայ Դատի արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի պատասխանատու Թամար Գրիգորեան, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան, Նիւ Ճըրզիի Ափրիկեան-Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու ղեկավար Ժերմէն ՄըքՔալփին եւ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, որուն աղօթքով աւարտեցաւ, այդ օրուան յայտագիրը։
Շաբաթ, Ապրիլ 25-ին, կատարուեցաւ Հ․Ե․Դ․-ի կողմէ կազմակերպուած հաւաք, որ կ՛ընդգրկէր զրոյց-կլոր սեղան, նիւթ ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը։
Կիրակի, Ապրիլ 26-ին, հանրածանօթ նախկին ֆութպոլիստ Ալեքօ Իսկենտէրեանի նախագահութեամբ, խօսք առին Հայ Դատէն ներս գործող Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան (Մասաչուսէց),, Ճօ Տակտիկեան (Մերիմէք Վալի), Անի Հարոյեան (Ռոտ Այլընտ), Տիգրան Խալիկեան (Մասաչուսէց), եւ Քարին Պիրազեան-Շնորհոքեան (Նիւ Ճըրզի)։
Իսկ, Նայիրի Պալեան ներկայացուց Ճորճ Աղճայեանի եւ Խաչիկ Մուրատեանի պատրաստած մէկ նկարազարդ ուղեւորութիւնը դէպի Արեւմտահայաստան։ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի ներկայացուցիչ Արամ Պալեան կատարեց փակման խօսքը։