
Վեհանոյշ Թեքեան
Յունիս 9, 2021
Ա.Մ.Ն.
Պարզապէս այն է որ Քոչարեան Փութինին նախընտրած ղեկավարն է։ Անոր հետ քաղաքական փորձառութիւն ունի։ Այո, ահաւոր էին իր ոճիրները – երկար շարք մը, անդադրում թալանը, եւլն. Սակայն այս ճգնաժամային պահուն պէտք է նկատի առնել թէ ո՞վ անյապաղ՝ իր լծակներով կարելիութիւն ունի կասեցնելու գահավիժումը։
Տեսանք աւերը որ գործեց անխիղճ, անհեռատես, անփորձառու, ինքնագլուխ Փաշինեանը։ Թէ՛ շփոթահար թէ՛ ինքնավստահ – կրնա՞ս կռահել այս համադրումին աղէտը… Ետ գնա, երկու տարի առաջ սկսած թրքամէտ քաղաքականութիւն մը որ կ՚ընդարձակուէր, խեղադիւրուած դասագիրքեր։ «Արցախը Հայաստան է ու վե՛րջ», պատերազմը սկսաւ։ Իսկ վերջերս – հազարաւոր նահատակներէ,«փլուս-մինուս յիսուն», լացակումած սիրելիներէ, իրենց տունը այրող հեռացող ընտանիքներէ, մեր մասունքները ազերիին թաթին տակ դնելէն ետք «Արցախը Ատրպէյճան է ու վերջ»։
Ո՞վ պէտք ունի այս հողին, կ՚ըսէ, եւ երէկ մէկ՝ այսօր երկու, Ազերիի՜ն կուտայ։ Նենգ իրողութիւն է որ սոսկ գրաւոր չէ համաձայնութիւնը ( թող չըստորագրէր՝ մաքո՛ւր դուրս կու գար), այլեւ՝ բանաւոր, այսինքն ի՛նչ որ կ՚ուզէ՝ կ՚աւելցնէ։ Իրեն ո՞վ իրաւունք տուած է որ առանց նոյնիսկ ամենէն անհրաժեշտ պետական անձնաւորութեանց հետ խորհրդակցելու, նոյնիսկ առանց իր խոստումը՝ թէ ժողովուրդը տեղեակ պիտի պահէ՝ յարգելու՝ իր պզտիկ գլուխով հրէշային համաձայնագիր մը ստորագրէ։
Իր անհեռատեսութեան պատճառով սկսած անհաւասար պատերազմը իր գաղտուկ ծրագիրներուն պատճառով երկարեցաւ, իսկ երբ Շուշին ինկաւ՝ իր հարցը լուծուեցա՜ւ։ Շուշիին գոյնը գոյն չէ՜ր. բախտը բախտ չէր։ Շուշին չկար ծրագրին մէջ, սակայն ըստ իրեն՝ մեզի ի՛նչ պէտք է Շուշին։ Եռաբլուրին նկարները դիտէ, եթէ կրնաս՝ դիտէ՜, ընտանիքներուն անձայն լացը լսէ եւ յետոյ ըսէ թէ ո՛վ է մեծագոյն անխիղճը…… Երուանդ, սուտերու ջրվէժ է այս վարչապետը, իր յետագայ արարքները ցոյց տուին թէ դոյզն խղճահարութիւնը չկայ իր գործած համազգային ողբերգութեան նկատմամբ։
Այո, դաւը նախկիններէն սկսաւ, բայց Փաշինեա՛ն կնքեց տակառը եւ իբրեւ խոնարհ ծառայ՝ յանձնեց իր բարեկամին որ հայ ժողովուրդի թշնամին է։ Թուրքին հետ կը բաղձայ բարեկամանալ առուտուրի դիմակին տակ, Ազերիին անյագութիւնը կը գոհացնէ, իր աջակիցները տիւ եւ գիշեր կը պարգեւատրէ։ Իսկ ժողովո՞ւրդը – Օ անոնք եոլա կ՚երթան – Սովետական շրջանին, Անկախութեան շրջանին – ո՞վ մտածած է հիւծող բնակչութեան մասին։
Երեք տարի առաջ ցնծացի՜նք որ Նիկոլ Փաշինեան ստանձնեց ղեկը։ Շատ չանցած գոյնը մէջտեղ ելաւ։ Ո՛չ մէկ խոստում իրագործեց, միշտ ինքնագլուխ գործելու, դաւելու, այպանելու եւ չքմեղանալու տագնապի մէջ է մարդը։ Ժողովուրդը իր նենգ արարքներուն պատճառով բաժան բաժան եղաւ։ Պիտի տեսնես, իր իշխանամոլութեան պատճառով՝ հայ ժողովուրդը քաղաքացիական պատերազմի անգամ կրնայ առաջնորդել։ Արդէն հիմա ալ, Խօսքի՛ զինամթերքով քաղաքացիական պատերազմ կ՚ընթանայ։
Խոստումներու մեծ տոպրակ մը ունի – տակը ծակ։ Եթէ ներկան զօրաւոր չէ, ապագան ինչի՛ վրայ պիտի կերտուի։ Նո՞ր սուտերու աւազի։ Ամէն օր իր ազգակործան յայտարարութիւններով ցնցեր է մեզ։ Ա՛լ պէտք է կասի. ով որ կրնայ ա՛ն թող ղեկը ստանձնէ, գործի անցնի։
Աւելնալիք ոճիրներուն մասին կը մտածե՞ս։ Եթէ Փաշինեան խիղճ ունենար, գոնէ զուլումը ստեղծելէ ետք՝ անձնասպան կ՚ըլլար։ Յուդան իսկ եղաւ։ Աս Նեռին նպատակը մեզ լիուլի կործանել է։ Հայ ժողովուրդին հաւասարակշրութիւնը խախտեց, եւ դեռ պոռոզանը առած՝ «ես մեր պարտութեամբ հպարտ եմ» կը պոռայ։
Մէկը անյապաղ պէտք է բացատրէ իրեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «հպարտ».։ Մէկը պէտք է ցոյց տայ իրեն նժարները յաղթանակի, որ սպիտակ է. եւ պարտութեան՝ որ սեւ է. մրո՛ւր կը գծէ։ Իսկ այդ մրուրին տակէն հպարտ զգացող դէմք մը ի՞նչ հոգեկան խանգարում կը ցուցադրէ. դո՛ւն ըսէ։