ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑ՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 35 Second

nyc3 Աւե­լի քան ութ հա­րիւր հա­յոր­դի­ներ, ներ­կայ եղան Հայ Երի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պած ցոյ­ցին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ Սեպ­տեմ­բեր 19, 2009-ին, կէ­սօր­ուան ժա­մը 12:00-ին, Նիւ Եոր­քի Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յաց­չա­տան մօտ: Մօ­տա­ւո­րա­պէս երեք ժամ տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող, ի գին ար­դա­րու­թեան հա­մար կազ­մա­կերպ­ուած այս հա­ւա­քը, ան­ցաւ խա­ղաղ մթնո­լոր­տի մէջ:

Նիւ Եոր­քի եւ Նիւ Ճըրզիի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն, Պոս­թը­նէն, Փրո­վիտ­են­սէն, Ուա­շիկ­թը­նէն եւ նոյ­նիսկ Տիթ­րոյ­թէն, Ռէյ­սի­նէն եւ Շի­քա­կո­յէն բազ­մա­թիւ հա­յոր­դի­ներ ժա­մա­նած էին, իրենց բո­ղո­քը ար­տա­յայ­տե­լու :

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի պա­տաս­խա­նա­տու ընկ. Տիգ­րան Խա­լիկ­եան, որ նե­րա­ծա­կա­նով մը ներ­կա­յա­ցուց ներ­կայ իրա­դար­ձու­թիւնը եւ կոչ ուղ­ղեց Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, որ­պէս­զի վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ իր ոչ հա­մո­զիչ եւ յա­խուռն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը:

»Մենք կը մեր­ժենք հայ-թուրք յա­րա­բե­րու­թեան գծով կա­տար­ուած ար­ձա­նագ­րու­թիւ­ննե­րը: Մենք չենք ըն­դու­նիր որ Հա­յաս­տան պար­տուո­ղա­կան ընդ­հա­րում­ներ ու­նե­նայ Թուրք­իոյ հետ, բայց կ°ըն­դու­նինք որ ՀՀ կա­ռա­վա­րու­թիւնը ըն­դու­նի պատ­մա­կան իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ թի­կունք կանգ­նի անոնց, յատ­կա­պէս երբ ճնշման տակ ենք որ տե­ղի տանք:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի պա­տաս­խա­նա­տու ընկ. Տիգ­րան Խա­լիկ­եան
Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի պա­տաս­խա­նա­տու ընկ. Տիգ­րան Խա­լիկ­եան

Թուրք­իոյ յա­մառ կեց­ուած­քը Հա­յոց Եղեռ­նի ու­րաց­ման եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման առն­չու­թեամբ, յստակ մատ­նան­շում­ներ են, որ Հա­յաս­տանն ու հա­յե­րը դէմ առ դէմ՝ հա­ւա­սա­րա­պէս, նկա­տի չեն առն­ուած: Ճիշտ այս կա­ցու­թեան մէջ տե­ղադր­ուած են հա­յոր­դի­նե­րը, այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ:

Նման հի­մե­րու վրայ, կա­րե­լի չէ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տել: Ճիշտ ըն­թաց­քը՝ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս պէտք է որ կա­տա­րել, եր­կու կող­մե­րուն՝ Թուրք­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի, թուր­քե­րուն եւ հա­յե­րուն մի­ջեւ: Նկա­տի ու­նե­նա­լով եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող պատ­մա­կան ան­ցու­դար­ձե­րը, Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնն է որ պէտք է ստեղ­ծէ այդ անհ­րա­ժեշտ ինք­նավս­տա­հու­թիւնը, պատ­շա­ճօ­րէն ճանչ­նա­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, նե­րո­ղամ­տու­թիւն խնդրե­լով եւ ըն­դու­նե­լով Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւնը: Այս էա­կան կէ­տե­րուն շուրջ կա­րե­լի չէ բա­նակ­ցիլ«, ըսաւ Խա­լիկ­եան:

Ան­շուշտ նախ­քան այս նե­րա­ծա­կա­նը, երգ­ուե­ցաւ »Մեր Հայ­րե­նիք«ը: Հ.Ե.Դ.-ի անու­նով խօսք առաւ Լօ­րըն Տա­Սիլ­վա, որ ահա­զանգ հնչե­ցուց, յայտ­նե­լով թէ առանց Հա­յոց Եղեռ­նի ճա­նաչ­ման, կա­րե­լի չէ կլոր սե­ղան կա­տա­րել Թուրք­իոյ հետ: »Բնա­կա­նա­բար, աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն դրա­ցի՝ Թուրք­իա եւ Հա­յաս­տան պէտք է որ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նան: Բայց այս մէ­կը պէտք է որ դրուի հա­մա­հա­ւա­սար հի­մե­րու վրայ: Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, հաս­տա­տօ­րէն կը ստո­րա­դա­սեն Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը: Հե­տե­ւա­բար, այս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը չեն ծա­ռա­յեր իբ­րեւ հիմք՝ իս­կա­կան բա­րե­կա­մու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու հա­մար Թուրք­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ:

Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը կա­րի­քը ու­նի ղե­կա­վա­րու­թեան մը, որ կա­րե­նայ հմտօ­րէն ձեռք ձգել ղե­կը, առանց սայ­թա­քու­մի: Կոչ կÿուղ­ղենք ՀՀ կա­ռա­վա­րու­թեան, որ­պէս­զի կա­սեց­նէ Հայ Դա­տը ակա­նա­հա­րող եւ ազ­գա­յին-պե­տա­կան շա­հե­րը հար­ուա­ծող իր ըն­թաց­քը«, ըսաւ Տա­Սիլ­վա:

Հ.Ե.Դ.-ի անու­նով խօսք առաւ Լօ­րըն Տա­Սիլ­վա
Հ.Ե.Դ.-ի անու­նով խօսք առաւ Լօ­րըն Տա­Սիլ­վա

Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի խօսք-յայ­տա­րա­րու­թիւնը անգ­լե­րէ­նով փո­խան­ցեց ընկ. Ճորճ Աղ­ճայ­եան:

Օր­ուան բա­նա­խօսն էր Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի նախ­կին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն՝ ընկ. Մու­րատ Թո­փալ­եան, որ կոչ ուղ­ղեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն չվհա­տիլ եւ­ շա­րու­նակ պայ­քար մղել այս ան­խո­հեմ եւ տկա­րա­միտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ: Ան օրի­նակ­նե­րով, փաս­տեց թէ Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թիւնը որ­քան տկար ըն­թաց­քի մէջ է եւ թէ որ­քան ազ­գա­յին-պե­տա­կան շա­հեր լրջօ­րէն վտանգ­ուած են: Ան յայտ­նեց թէ պատ­մա­կան ահա­ւոր ու զար­հու­րե­լի եղե­լու­թիւն մը՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը խնդրոյ առար­կայ դար­ձած է եւ դեռ աւե­լին, պատ­մա­կան եւ արխիւա­յին հար­ցե­րով զբա­ղե­լու կոչ­ուած են­թա­յանձ­նա­խում­բե­րէն մէ­կը« պի­տի կազմ­ուի քննար­կե­լու հա­մար այս Եղեռ­նը: »Ար­դե­օ՞ք տա­րի­ներ շա­րու­նակ կա­տար­ուած աշ­խա­տան­քը, պի­տի հաս­նէր այս անար­դար ճա­կա­տագ­րին«, ըսաւ Թո­փալ­եան, որ աւել­ցուց թէ  Թուրք­իոյ տա­րած­քա­յին ան­խախ­տե­լիու­թեան ճա­նա­չում կը նշա­նա­կէ հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէ հրա­ժա­րում: Ան նա­եւ ըսաւ թէ Հա­յաս­տան-Թուրք­իա սահ­մա­նի բա­ցու­մին վե­րա­բեր­եալ պաշ­տօ­նա­կան  յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կþընդգ­ծեն Ղա­րա­բաղ­եան հար­ցին կար­գա­ւոր­ման պայ­մա­նա­կա­նու­թիւնը: »Ու­րեմն Խնդրոյ առար­կայ է նա­եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան հար­ցը: Վտանգ­ուած է Ար­ցախն ու իր ան­կա­խու­թիւնը«, եզ­րա­կա­ցուց ան: Իր կար­գին խօսք առաւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ ընկ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եան (տես­նել հար­ցազ­րոյց մը՝ էջ 7) որ զար­մանք յայտ­նեց թէ փո­խա­նակ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը ար­գելք հան­դի­սա­նա­լու նման պար­տու­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, միայն Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու քա­նի մը այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ դի­մած են ստո­րագ­րա­հա­ւաք­նե­րու, հա­ցա­դու­լե­րու, նստա­ցոյ­ցե­րու եի այլ կտրուկ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու:

nyc1

Լե­ւոն Աթ­թար­եան (Փրո­վի­տընս) խօսք առ­նե­լէ ետք, իր ցա­սու­մը ար­տա­յայ­տե­լով հրկի­զեց օրի­նակ մը այս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն: Կտար­ուե­ցան զա­նա­զան կան­չեր՝ ետ կո­չե­լու այս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը:  Օր­ուան հա­ւա­քը աւար­տե­ցաւ, այս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն դէմ բո­ղո­քի նա­մա­կի մը յանձ­նուու­մով՝ Նիւ Եոր­քի Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Կա­րէն Նա­զար­եա­նին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles