ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԼԻԶՊՈՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ
Յուլիս 24ին, Նիւ Եորքի մէջ Հ.Յ.Դ. Արմէն Գարօ Կոմիտէի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, նուիրուած Խանասորի Արշաւանքին եւ Լիզպոնի նահատակներու յիշատակին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ. Սօսի Էսաճանեան որմէ ետք »Արմէն Գարօ« Կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց‘ ընկհ. Մարի Եարալեան: Ան նշեց թէ Խանասորի Արշաւանքի եւ Լիզպոնի նահատակներու ոգիով է որ մենք այսօր կը շարունակենք Հայ Դատի աշխատանքը:
Օրուան բանախօսը՝ ընկեր Ժիրայր Պէօճէքեան բաղդատելով երկու դէպքերը կեդրոնացաւ անոնց պատմական եղելութիւններուն վրայ: Պէօճէքեան նշեց թէ երկու դէպքերը լաւ ձեւով կազմակերպուած էին, իրագործուած, մարզուած անձերու կողմէ: Անդրադառնալով Լիզպոնի գործողութեան, Պէօճէքեան ըսաւ թէ Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատան գրաւումը պարզապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակով չէր, այլ ան հաստատում մըն էր մարդկային իրաւունքներու այլ մարդկանց միջեւ հաւասարապէս գոյատեւելու կէտին: Այս նիւթը կարեւոր տեղ գրաւած է նաեւ Արցախեան պահանջատիրութեան տարիներուն եւ ան պէտք է շարունակէ կարեւոր նկատուիլ, մանաւանդ որ Ատրպէյճան կը շարունակէ սպառնալ հայերուն, ըսաւ Պէօճէքեան:
Խօսք առաւ նաեւ Նիւ Եորքի Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետ՝ Ռաֆֆի Մահսերէճեան, որ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան, շարունակ հետեւելու անցուդարձերուն: Գեղարուեստական յայտագրէն ետք, խօսք առաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի փոխ Առաջնորդ Հայր Անուշաւան Դանիէլեան, որ մէջբերելով Հայոց Պատմութենէն կարեւոր դէպքեր, անդրադարձաւ Խանասորի Արշաւանքի եւ Լիզպոնի նահատակներու կարեւորութեան:
Ձեռնարկը փակուեցաւ »Յառաջ Նահատակ« քայլերգով:
Յուլիս 26ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Լիզպոնի եւ Խանասորի Արշաւանքի նահատակներու յիշատակին: Արարողութենէն ետք Հ.Յ.Դ. անդամներ, Հայր Ա. Դանիէլեան եւ այլ ներկաներ ուղղուեցան դէպի Հէքընսաք (Նիւ Ճըրզի) իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հերոս՝ Արշաւիր Շիրակեանին:

