ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:8 Minute, 58 Second

P1arf-logo-trans 90 տա­րի­նե­րէ աւե­լի, ար­դա­րու­թեան հա­մար կռիւ կը մղենք:

Ար­դա­րու­թիւն՝ մէկ ու կէս միլի­ոն հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար որոնք թուրք օս­ման­եան կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­մա­նով կո­տոր­ուե­ցան:

Ար­դա­րու­թիւն՝ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րուն հա­մար, որոնք քանդ­ուե­ցան եւ կը քանդ­ուին թուրք եւ ազե­րի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ:

Ար­դա­րու­թիւն՝ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր վե­րապ­րող­նե­րուն հա­մար, որոնք ցե­ղաս­պա­նու­թեան սար­սափ­նե­րուն ակա­նա­տեսներ եւ զո­հեր դառ­նա­լով՝ բնաւ եր­բեք չսթա­փե­ցան դառ­նու­թիւն­նե­րէն:

Ար­դա­րու­թիւն՝ որ­պէս­զի հայ նոր սե­րունդ­նե­րը ծաղ­կին առանց հա­լա­ծանք­նե­րու վա­խի, եւ ազատ, ան­կախ, ու մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նով:

Այ­սօր, մենք մուտք գոր­ծած ենք այդ ճա­կա­տա­մար­տի վեր­ջին հանգր­ուա­նը:  Այս ճա­կա­տա­մար­տը պի­տի չհան­գի այ­սօր, բայց ան ար­դէն սկսած է:  Թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւնը այս մէ­կը շատ լաւ կը հասկ­նայ:  Ինչ­պէս որե­ւէ ու­րիշ պա­տե­րազմ, վեր­ջի հանգր­ուա­նը բա­ցա­ռիկ նա­խա­յար­ձա­կում­նե­րու եւ հի­աս­թա­փու­մէ ծնուած ռազ­մա­վա­րու­թեան վայր է:

Հի­մա ժա­մա­նա­կը չէ նոյ­նիսկ աչ­քեր­նիս թար­թե­լու, եւ որո­շա­պէս մեր պա­հանջ­նե­րու անձ­նա­տուու­թեան ժա­մա­նա­կը չէ:  Ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն, այդ է ար­դիւն­քը թուրք-հայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը »հո­ղա­յին ամ­բող­ջու­թիւն եւ սահ­մա­նա­յին ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւն« կը խոս­տա­նան:  Ինք­նորոշման իրա­ւուն­քը չէ յիշ­ուած:  Ար­ցախ­ցին եր­կար ատեն կռուե­ցաւ եւ շատ զո­հո­ղու­թիւն­ներ ըրաւ իր իրա­ւունք­ներն ու ապա­հո­վու­թիւնը ձեռք բե­րե­լու:  Մենք պար­տա­կա­նու­թիւնը ու­նինք ապա­հո­վե­լու որ այդ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը պա­րապ տեղ եղած չըլ­լան:

Այն օրէն­քը որ Ատր­պէյ­ճա­նը օգ­տա­գոր­ծեց Սո­վե­տա­կան Միու­թե­նէն ան­ջատ­ուե­լու, նոյն­պէս ալ ար­տօ­նու­թիւն տուած էր ինք­նա­վար շրջան­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման:  Ար­ցա­խը որո­շեց ան­կա­խա­նալ ու ան­ջատ­ուիլ Ատր­պէյ­ճա­նէն:  Իսկ ան­կախ Ատր­պէյ­ճա­նը եր­բեք չէ ներ­փա­կած, եւ ոչ ալ պի­տի ներ­փա­կէ Ար­ցա­խը:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը պատ­մա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բի մը կազ­մու­թիւնը կը պա­հան­ջեն, որ­պէս­զի »մեկ­նա­բա­նեն գո­յա­տե­ւող խնդիր­ներ«ը:  Գո­յա­տե­ւող խնդի­րը Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է, որը ար­դա­րու­թեան կա­րիքն ու­նի, եւ ոչ թէ պատ­մա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բի մը որ ան­վի­ճե­լի փաս­տե­րը պի­տի վե­րաքն­նէ:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը խոս­տա­նան »ձեռն­պահ մնալ բա­րիդ­րաց­ի­ա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի ոգուն չհա­մա­պա­տաս­խա­նող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րե­լուց«:  Թուրք­ի­ան պի­տի ջա­նայ խոր­տա­կել մի­ջազ­գայ­նօ­րէն թափ­ուած ամէն ճիգ Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի նկատ­մամբ:

Տա­րի­նե­րով, Թուրք­ի­ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի բա­նա­ձե­ւե­րը իբր ցե­ղա­պաշտ եւ հայ-թուրք մօ­տեց­ման ճի­գե­րու հա­մար վնա­սա­կար:  Առա­ւել, այժմ թուրք լոպի­իսթ­ներ եւ փաս­տա­բան­ներ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դա­տա­րան­նե­րու մի­ջո­ցաւ կը փոր­ձեն սան­ձել ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին որե­ւէ զրոյց:

Թուրք­իոյ տաս­նամ­եակ­նե­րու ու­րա­ցումն է ոչ-բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռը:  Ինչ­պէս յար­գե­լի փրոֆ. Իս­րա­յէլ Չար­նին նշեց, »Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը ոչ մէկ իմաստ ու­նի, բա­ցի եթէ մէ­կը անոնց մէջ գտնէ նոյն եռանդ­նե­րը, իմաստ­նե­րը, եւ հա­ճոյք­նե­րը մշա­կե­լու վե­րա­նո­րոգ­ուած առիթ­ներ, որոնք ներ­կայ էին բուն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ատեն, եւ հի­մա, վե­րապ­րող­նե­րու ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւնը, բա­նա­ւո­րու­թիւնը, ճշմար­տու­թիւնը, եւ նոյ­նիսկ պատ­մու­թիւնը սպան­նող խորհր­դան­շա­կան ըն­թացք­նե­րուն մի­ջո­ցաւ վե­րա­զարթ­նած է«:

Փաս­տե­րը վի­ճու­մի առար­կայ դարձ­նե­լը հա­մա­հա­ւ­ա­սար է ու­րաց­ման բուն նպա­տա­կը սխալ հասկ­նա­լու, եւ ու­րա­ցող­նե­րուն յաղ­թա­նակ մը նուիր­ուե­լու:  Շրջա­նի տե­ւո­ղա­կան խա­ղա­ղու­թիւնը պէտք չէ որ ար­մատ տայ Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րող­նե­րու եւ իրենց ժա­ռան­գորդ­նե­րու նուաս­տաց­ման մէջ:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տեն »եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ներ­կա­յի սահ­ման­նե­րը` ինչ­պէս ճշդուած է մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի հետ կապ ու­նե­ցող դա­շինք­նե­րով«:  Այս յստա­կօ­րէն կը վե­րա­բե­րի Կար­սի եւ Լօ­զա­նի դաշ­նա­գիր­նե­րուն: Մէ­կը` ստո­րագր­ուած սար­սա­փե­լի ճնշում­նե­րու տակ, իսկ միւ­սին` Հա­յաս­տան մաս չէր կազ­մեր:

Ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Վար­դան Օս­կան­եա­նը նշեց, այժմ Թուրք­իոյ դիր­քը Կար­սի դաշ­նագ­րի կրկնու­թիւնն է:  Ու­րեմն, այս հա­մա­ձայ­նու­թիւնը վա­ւե­րաց­նե­լով եւ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լով, Հա­յաս­տա­նը պի­տի եր­կա­թա­պա­տէ Կար­սի դաշ­նա­գի­րը, եւ պի­տի հրա­ժա­րի Սեւ­րի դաշ­նագ­րի մի­ջո­ցաւ ձեռք բե­րած Արե­ւմտեան Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րու իրա­ւուն­քէն:

Ոմանք ար­տա­յայ­տած են թէ ներ­կայ սահ­ման­նե­րը վեր­ջա­ցած հարց են, եւ թէ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ սահ­ման­նե­րը կը փոխ­ուին միայն պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով:  Սա­կայն, 1932ին Իրա­նի հետ եղած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք՝ Թուրք­ի­ան տի­րա­ցաւ Նա­խի­ջե­ւա­նի հետ սահ­մա­նին:  1939ին, Թուրք­ի­ան Հա­լէպ նա­հան­գի մէկ մա­սին տի­րա­ցաւ:  Ասոնք պա­տե­րազ­մնե­րու ար­դիւնք չէ­ին:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ուժ­գին կը շեշ­տեն Թուրք­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սահ­ման­նե­րու բա­ցու­մը:  Այս են­թադ­րել կու տայ թէ սահ­ման­նե­րուն փա­կու­մը երկ­կող­մա­նի վճիռ մըն էր:  Փաս­տօ­րէն, 1993էն ի վեր, Թուրք­ի­ան առանձ­նա­պէս եւ ապօ­րի­նի կեր­պով շրջա­փա­կած է Հա­յաս­տա­նը:  Թուրք պաշ­տօն­եա­ներ յստա­կօ­րէն ար­տա­յայ­տած են թէ սահ­ման­նե­րու փակ­ման նպա­տա­կը Հա­յաս­տա­նի հա­մար այն­քան գէշ տնտե­սա­կան վի­ճակ մը ստեղ­ծելն էր որուն ար­դիւնք մեծ թիւով հա­յեր լքեն իրենց մայ­րե­նի եր­կի­րը եւ այն­պէս շա­րու­նակ­ուի Ցե­ղաս­պա­նա­կան ըն­թաց­քը:

Ան­կախ Հա­յաս­տան կեր­տե­լու որե­ւէ մէկ կա­րե­լիու­թիւն ար­մա­տա­խիլ ընելն էր Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նպա­տա­կը:  Այ­սօր­ուայ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը ուղ­ղա­կի ար­դիւնքն են Ցե­ղաս­պա­նու­թեան:  Այն­պէս որ տրա­մա­բա­նա­կա­նը այն է, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գծով որե­ւէ ար­դար լու­ծում պա­հան­ջէ ու ապա­հո­վէ Հա­յաս­տա­նի յա­րա­տե­ւու­մը- տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, եւ ազ­գագ­րա­կան:  Իս­կա­պէս զղջա­ցող Թուրք­իա մը պի­տի ըն­դու­նէր որ ներ­կայ սահ­ման­նե­րը բա­րո­յա­պէս անըն­դու­նե­լի են:

Մեր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը պի­տի ու­զէ­ին մեզ ներ­կա­յաց­նել իբր ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ, դա­տո­ղա­կա­նու­թեան պա­կա­սով:  Սա­կայն, պատ­մու­թիւնը մեզ սոր­վե­ցու­ցած է թէ մնա­յուն խա­ղա­ղու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում կրնան ձեռք բեր­ուիլ միայն փո­խա­դարձ յար­գան­քով, վստա­հու­թեամբ, եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, եւ ոչ թէ պատ­րան­քով եւ սու­տե­րով:  Այս է իրա­կա­նու­թիւնը, ըլ­լայ անձ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ կամ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ:

Ինչ­պէս աս­կէ առաջ նշե­ցինք, ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը աղէտ մըն են Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար, եւ Հա­յաս­տա­նը պատ­մա­կան աղ­բա­թի­թե­ղի մէջ տե­ղա­ւո­րելն է անոր նպա­տա­կը:  Մենք կը պա­հան­ջենք տար­բեր ու­ղի մը, ու­ղի մը որ մեզ պի­տի հասց­նէ թուրք-հայ ճշմա­րիտ բա­րե­կա­մու­թեան, եւ Թուրք­իա-Հա­յաս­տան խա­ղա­ղու­թեան:

                                               Ա.Մ.Ն. ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻ Հ.Յ.Դ.  ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ԿՈ­ՄԻ­ՏԷ

                                                                                                                         Սեպ­տեմ­բեր 19, 2009

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles