
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20-ին, Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիպում-ներկայացում, Միշիկընի Ցեղասպանութեան ուսուցման օրէնքի յառաջընթացին մասին, որ հաստատուած էր 2016-ին: Օրէնքին համաձայն 8-էն 12-րդ դասարանի աշակերտներուն պէտք է դասաւանդուի Ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթերը: Այս հանդիպումը առաջինն է Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբի ծրագրած շարք մը այլ հանդիպումներուն, համայնքին հաղորդելու տեղական եւ հայկական նորութիւնները:
Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի Լարա Ներսեսեան ողջունեց ներկաները, եւ շեշտեց Հայ Դատի դերը որպէս գլխաւոր տեղեկութիւններու աղբիւր, թէ՛ հայկական թէ՛ տեղական լուրերու մասին: Ան քաջալերեց ներկաները, որպէսզի հետեւողականօրէն կապի մէջ մնան Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ: Ներսեսեան նշեց թէ ինչպէս համայնքի հաւաքական ուժերով էր, որ Միշիկընի նահանգապետ Րիք Սնայտըր, Յուլիս 14, 2016-ին ստորագրեց Յեղասպանութեան օրէնքը:
Նահանգապետը նշանակեց 15 անդամներէ կազմուած խորհուրդ մը, Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսուցման Յանձնախումբի եւ Ողջակիզման Յիշատակի Կեդրոնի ներկայացուցիչներէ բաղկացած, որոնք պիտի տրամադրէին այլազան աղբիւրներ Միշիկընի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտներուն:
Ներսեսեան խօսքը փոխանցեց օրուայ հիւր դասախօս, Անի Գասպարեանին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան Ուսուցման Յանձնախումբի անդամ է, եւ Միշիկըն Համալսարանի դասախօս: Ան նաեւ լայնածաւալ հետախուզութիւններ կատարած է Արեւմտահայաստանի հայ համայնքներու մասին:
Գասպարեան տեղեկացուց ներկաներուն յանձնախումբին դիմադրած զանազան դժուարութիւններու մասին, 2016-էն ի վեր: Ան արծարծեց յանձնախումբին դիմագրաուած տարբեր փուլերը, որովհետեւ նոյնիսկ օրէնքի վաւերացումէն ետք Հայոց Ցեղասպանութիւը ջնջուած էր չափանիշներէն : Երկար աշխատանքէ ետք, Յունիս 2019-ին, Միշիկընի դաստիարակչական յանձնախումբը կրկին Հայոց Ցեղասպանութիւը ներառեց նահանգի պատմութեան ուսման չափանիշներուն մէջ: 2021-ին Միշիկընի քննութիւններու հարցումներուն մէջ պիտի ներառուին Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող հարցումներ: Այդ պատճառով է, որ այս տարի պատմութեան խորհրդաժողովին մեծ թիւով ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, նահանգի տարբեր շրջաններէն, ներկայ գտնուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Տիգրան Խալիկեանի դասախօսութեան: Անոնցմէ շատերուն համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը նոր նիւթ մըն էր:
Գասպարեան նշեց, թէ Յուլիսի 2018-ին Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսուցման Յանձնախումբի հովանաւորութեամբ, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէտեղի ունեցաւ առաջին ուսուցչական նախապատրաստական դասընթացքը: Այդ օրուայ հիւր դասախօսն էր Թանէր Աքչամ: Երկրորդ նախապատրաստական դասընթացքը տեղի ունեցաւ Մարտ 2019-ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Մասնակիցները հայկական խոհանոցի ճաշերը համտեսելէ ետք, շրջեցան եկեղեցիները եւ ծանօթացան հայկական մշակոյթին:
Գասպարեան շեշտեց երիտասարդներու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը օտար ուսուցիչներու նախապատրաստման աշխատանքին մէջ: Ան նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսուցման Յանձնախումբը պատրաստ է այդ երիտասարդներուն բոլոր անհրաժեշտ միջոցները տրամադրելու, որ այցելեն տարբեր դպրոցներ Միշիկընի մէջ եւ ներկայացումներ կատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Խօսքի աւարտին Գասպարեան խնդրեց ներկաներու աջակցութիւնը, իրենց շրջանի դպրոցներուն հետ կապի մէջ մտնելու եւ հետազօտելու, թէ արդեօք այդ դպրոցները կը հետեւի՞ն օրէնքին եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դասաւանդե՞ն իրենց դպրոցներուն մէջ:
Ներկայացումէն էտք Գասպարեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբի յաջորդ ձեռնարկի հիւր դասախօսը՝ Հայկ Օշական պիտի ներկայացնէ 2020 մարդահամարի նորութիւններն ու մանրամասնութիւնները: