Յուլիս 31-ին, Մալթայի մայրաքաղաք Լա Վալէթի »Հիլթըն« պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ վերջերս պաշտօնապէս արձանագրուած հայ համայնքի առաջին համագումարը, որուն ընթացքին Վերա Պոյաճեան ընտրուեցաւ համայնքի ղեկավար:
Այս գծով, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ համայնքը յառաջիկայ ամիսներուն գործի պիտի լծէ եռալեզու (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն) կայքէջ մը:
Կայքէջի (www.malta-armenia.eu )պատասխանատու՝ Իլոնա Սարուխանեան կը տեղեկացնէ, որ կը նախատեսուի, որ համայնքը, Լա Վալէթի մէջ բացումը կատարէ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի, ինչպէս նաեւ քաղաքի փողոցներէն մէկուն մէջ տեղադրէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը նշող եւ յաւերժացնող խաչքար:
Նշենք թէ Մալթայի մէջ աւելի քան երեք հարիւր հայորդիներ բնակութիւն հաստատատծ են:

Վերոյիշեալ համագումարին, մասնակցեցան աւելի քան քառասուն հայորդիներ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ հայ ժողովուրդի պատմութեամբ եւ մշակոյթով հետաքրքրուած տեղացիներ: Քննուեցան երկու երկիրներու յարաբերութինները զարգացնող բազմակողմանի հարցեր: Նաեւ ցուցադրուեցաւ հայ երիտասարդ բեմադրիչ Հրաչեայ Վարդանեանի մէկ վաւերագրական պատրաստութիւնը, նուիրուած հայոց այբուբենին՝ »Պատմութեան 36 պահապանները«: