
Հոկտեմբերի վերջին շաբաթավերջը իւրայատուկ եղաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ընտանիքին համար, որ ձեռնարկներու շարքով մը յարգանքի իր տուրքը ընծայեց Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած նուիրեալներուն ընդհանրապէս եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ական նահատակներուն յատկապէս, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ յիշատակելի երեք նախաձեռնութիւն իրականացնելով Բիւրականի, Երեւանի եւ Պռօշեանի մէջ։
«ԱՆՄԱՀ ԽԻԶԱԽՆԵՐ»-ՈՒ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Ոգեկոչական ձեռնարկներուն գլխաւորը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12-ին, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, քանի մը ամիս առաջ ստեղծուած «Խիզախներու պուրակ»-ին մէջ կանգնեցնելով անմահ խիզախներու յիշատակին յուշարձան (գործ՝ Հայկ Մարկոսեանի), նուիրուած «Կամաւոր բանակ»-ի Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու նահատակներուն։ Յուշարձանին բարերարութիւնը ստանձնեցին Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանէն խումբ մը Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներ։
Յուշարձանին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, նոյն նիստերուն հրաւիրուած Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Մոսկուայի, Թիֆլիսի եւ Արցախի մասնաճիւղերու ատենապետներ, Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, սկաուտներ եւ նահատակներու ծնողներ։
Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին Արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն յիշատակը։ Ապա, առաջին խօսքը արտասանեց Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի ատենապետ Սանտրա Վարդանեան։ Ան ըսաւ, որ մեր նահատակները այսօր այստեղ չեն, բայց անոնք ամէնուր են եւ աւելի քան երբեք անոնք մեր շարքերուն մէջ յաւերժական ներկայութիւն են։
Այս յուշարձանը,- նկատել տուաւ Վարդանեան,- այսուհետեւ միշտ եւ անընդհատ բանակումի մասնակցող պատանիներուն պիտի յիշեցնէ կամաւոր բանակի անմահ հերոսները։ Անոնց հայրենասիրութիւնը, հայրենիքը կեանքի գնով պաշտպանելու, անոնց կիսատ մնացած երազանքներն ու նպատակները։ Ամէն անգամ այս ծառուղիի եղեւնիներու քովէն դէպի յուշարձան քալելով մեր պատանիները աւելի ու աւելի պիտի զգաստանան, գիտակցելով հայրենիքին գինը եւ կորսուածը վերադարձնելու յանձնառութեամբ անոնք աւելի վստահութեամբ պիտի նային Արարատին, շեշտեց ան։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Դաւիթ Յակոբեան։ Ան ըսաւ, որ այստեղ, Բիւրականի այս բանակայրին մէջ, արդէն երեք տասնամեակէ ի վեր կը կոփուի Հ․Մ․Ը․Մ․-ական պատանիին եւ երիտասարդին հայրենասիրութիւնը։
Յակոբեան ընդգծեց, որ հայրենասիրութիւնը միայն հայրենիքը սիրել չէ, որովհետեւ հայրենիքը միայն սիրելով չես կրնար կառուցել ու զարգացնել, չես կրնար պաշտպանել։ Հայրենիքի հանդէպ անսահման սիրոյ պէտք է ընկերանայ ազգային խոր դաստիարակութիւնը, անվերապահ կարգապահութիւնը, գիտելիքները ճշգրիտ տնօրինելու ընդունակութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ նպատակասլացութիւնը։
Նորակերտ յուշարձանին մասին խօսելով, Դաւիթ Յակոբեան յայտնեց, որ այս յուշարձանը պիտի չխորհրդանշէ մեր սարսափելի կորուստներն ու մեր սոսկալի ցաւը։ Հակառակը, ան պիտի խորհրդանշէ մեր ունեցած պարտքը՝ մեր զոհուած եղբայրներուն, ազատ Հայաստան ու Արցախ, պաշտպանուած ու ամուր հայրենիք ունենալու անոնց երազը իրագործելու մեր ձգտումը։ Այս յուշարձանի խոհուն հայեացքին ներքեւ ազգային-հայրենասիրական ոգիով պիտի դաստիարակուին նորանոր սերունդներ, որոնք իրականութիւն պիտի դարձնեն այդ երազը։ Պիտի ազատագրեն մեր կորսնցուցած հայրենիքը եւ պիտի կառուցեն իսկապէս ազատ եւ արդար Հայաստան։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ըսաւ. փա՜ռք այս տղոց, որոնք իրենց յիշատակով, իրենց գործով անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ իրենք պատրաստ են իրենց քրտինքն ու արիւնը խառնելու հայ հողին եւ վերջիվերջոյ իրենց յաւիտենական հանգիստն ու անդորրը գտնելու հայրենի այս հողին մէջ։ Մենք կը հաւատանք, որ իրենց օրինակը ներշնչող պիտի ըլլայ բոլոր սերունդներուն։
Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ մենք կարող ենք կերտել մեծագոյն յաղթանակներ, ինչպէս 1980-ական թուականներէն մինչեւ 1994 կերտեցինք եւ այո կարող ենք նաեւ ունենալ պարտութիւններ, ինչպէս այս վերջին պատերազմը, բայց այդ պարտութիւնները լոկ ժամանակաւոր են։ Այդ պարտութիւնները ճակատամարտի մը պարտութիւնն են, որովհետեւ պատերազմը կը շարունակուի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ունի իր ներքին ուժականութիւնը, հայ ժողովուրդը այս երիտասարդներու ճամբով անգամ մը եւս փաստած է, որ ինք պատրաստ է ոտքի կանգնելու, պատրաստ է յարատեւ պայքարելու՝ մինչեւ որ իրականացնենք մեր մեծագոյն երազը, մինչեւ որ կերտենք մեր երազած ամբողջական հայրենիքը, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը ազատօրէն ապրի, շնչէ, ստեղծագործէ իր հայրենիքի հողին վրայ։
Իր խօսքը նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն ուղղելով, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց. քաջ համոզուած եղէք, որ այս կորուստ չէ, իրենց կեանքի վատնում չէ, որովհետեւ իրենց ճամբով կ’ապրի հայրենիքը։ Իրենց ճամբով մենք շարունակաբար կը գօտեպնուինք եւ իրենց ճամբով միշտ կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ ամէն գնով պայքարելու մեր մեծագոյն երազներու եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին իրականացման համար։
Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ յուշարձանի օրհնութիւն՝ ձեռամբ Բիւրականի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վրթանէս Քհնյ. Պաղալեանի։
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 31 Հոկտեմբերի կէսօրին, ոգեկոչական նշումին ժամադրավայրը դարձաւ հայոց նորագոյն սրբավայրը՝ Եռաբլուրը, որուն մատրան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա՝ ներկաները, առաջնորդութեամբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, նախ այցելեցին անյայտ զինուորի յուշակոթող եւ յարգանքի ու մեծարանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մեծ ընտանիքին անունով։ Ապա, դրօշակակիր սկաուտներու ուղեկցութեամբ, անոնք այցելեցին Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն զոհուած Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներու շիրիմները, ծաղիկները մատուցեցին անոնց անթառամ յիշատակին եւ գլուխ խոնարհեցին գերագոյն զոհաբերութեան անոնց վսեմ արարքին դիմաց։
Շիրիմներու այցելութեան աւարտին, ներկաները հաւաքուեցան Եռաբլուրի մատրան հանդիպակաց տարածքը եւ միասնաբար հնչեցուցին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի քայլերգ «Յառաջ նահատակ»-ը։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊՌՕՇԵԱՆԻ «ԶՕՐԱՑ ՊԱՆԹԷՈՆ»
Բիւրականի եւ Եռաբլուրի ոգեկոչումներու նախօրեակին, Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի վարչութեան եւ սկաուտական խումբերու բազմանդամ պատուիրակութիւն մը այցելեց Պռօշեանի «Զօրաց պանթէոն» եւ յարգանքի իր տուրքը ընծայեց Արցախեան վերջին պատերազմի Վարանգաթաղի հերոսներու շիրիմներուն եւ անոնց կողքին հանգչող Պետոյի եւ Հրաչ Մուրատեանի գերեզմաններուն։
Այցելութեան սկիզբը կատարուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, ապա՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ական նահատակ Գէորգ Հաճեանի շիրիմին շուրջ բոլորուած, Պռօշեանի համայնքի այցելու հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Քհնյ. Ալեքսանեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց բոլոր նահատակներու յիշատակին եւ այս առիթով արտասանեց գօտեպնդիչ խօսք մը, նշելով, որ եթէ մահը անխուսափելի է՝ ուրեմն թող ըլլայ անմահութեամբ։ Եթէ մահը իւրաքանչիւրիս կեանքի անբաժանելի մէկ մասնիկն է՝ ուրեմն այդ մահը հերոսական մահ թող ըլլայ։
Յովսէփ քահանայ Ալեքսանեան նկատել տուաւ, որ աշխարհի վրայ չկան պետութիւններ, երկիրներ ու ժողովուրդներ, որոնք իրենց հողը պահելու եւ պաշտպանելու համար արիւն չեն թափած, որովհետեւ հողը, սրբութիւնը, սրբատեղին կը պահպանուին կեանքի գնով եւ այս կեանքի մէջ ամէն բան ունի իր արժէքը, իսկ հայրենիքի արժէքը հայրենիքի մէջ բնակուող կամ այդ հայրենիքի զաւակ համարուող իրաքանչիւրին կեանքն է։ Պէտք է իւրաքանչիւր օր ապրիլ ի փառս հայրենիքի։ Մեզի հասնող հարուածները մեզի պէտք է սորվեցնեն, թէ մենք իրաւունք չունինք հայրենիքը ձգելու բախտի քմահաճոյքին, որովհետեւ եթէ հայրենիքէն կը վերցնենք անխնայ, հայրենիքին պէտք է տանք թանկագինը՝ մեր եղբայրներու, մեր զաւակներու կեանքերը։ Մեր պարտքն է մեր նահատակներու անաւարտ գործը աւարտին հասցնել։ Տայ Աստուած, որ այդ իրականութիւն դառնայ եւ մեր նահատակ եղբայրները՝ ազգի զաւակները խաղաղութեամբ ննջեն, իսկ մենք ապրող, յիշող, յիշատակող եւ իրենց գործը շարունակողները ըլլանք, եզրափակեց քահանայ հայրը։
Այս առթիւ կատարուեցաւ նահատակներու շիրիմներու ծաղկեմատոյց, որմէ ետք ներկաները պանթէոնին հրաժեշտ տուին «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։
Հ․Մ․Ը․Մ․-Ի ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ «ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ» ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30 -ի կէսօրէ ետք ժամը 1.30-ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան, տեղի ունեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի բանակավայրի անուանակոչութեան արարողութիւն, ի յիշատակ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, վաստակաշատ Հ․Մ․Ը․Մ․-ական Գառնիկ Մկրտիչեանի։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացած այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան, իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներ, Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանիքի անդամներ, հարազատներ ու բարեկամներ։
Արարողութեան բացումը կատարելով, Հ․Մ․Ը․Մ․-ՀԱՍԿ-ի ներկայացուցիչ Անուշիկ Փանոսեան նկատել տուաւ, որ Գառնիկ Մկրտիչեան տասնամեակներ շարունակ նպաստած է հայ երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան։ Իբրեւ հայկական մարզական եւ սկաուտական մեծագոյն կազմակերպութեան՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, ան աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կառոյցի հիմնադրման եւ գործունէութեան ծաւալման մէջ։ Անուրանալի է անոր դերակատարութիւնը յատկապէս Հայաստանի մէջ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու իրականացման մէջ։
Փանոսեան շեշտեց, որ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահով սփիւռքահայութիւնը եւ համայն հայութիւնը կորսնցուց ազգային-միութենական վաստակաւոր գործիչ մը, որուն հասարակական գործունէութիւնը հիմք հանդիսացաւ մշտապէս վերարժեւորելու ազգային ու պետական մեր արժէքները։
Ապա, խօսք առաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան եւ յայտնեց, որ Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով, Կեդրոնական Վարչութիւնը Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանիքին հետ համախորհուրդ որոշեց հիմնել ֆոնտ մը՝ միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով մը յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ միութենական ժառանգը: Հետեւաբար, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Բիւրականի բանակավայրը Գառնիկ Մկրտիչեան անուանելով եւ այդ ֆոնտը յատկացնելով բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն, կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել ո՛չ միայն բանակավայրին արդիականացումը, այլեւ՝ նորութիւններու յաւելումը անոր կառոյցին վրայ։
Վաչէ Նաճարեան հաստատեց, որ այս որոշումը կը բխի այն նկատողութենէն, որ Գառնիկ Մկրտիչեան մեծ ներդրում ունեցած է բանակումի շինարարութեան եւ ընդարձակման մէջ, նաեւ՝ բանակավայրը լաւագոյն տեղն է Հ․Մ․Ը․Մ․-ական մարդուժի պատրաստութեան, որուն ամրօրէն կը հաւատար Գառնիկ Մկրտիչեան, հաւատալով որ այս բանակավայրը երկրորդ տունը կը հանդիսանայ իւրաքանչիւր Հ․Մ․Ը․Մ․-ական սկաուտի։ Բանակավայր մը, ուր մեր նոր սերունդի զաւակները իրենց ազգային ինքնութիւնը կը կերտեն Արագածի լանջերուն, իրենց հայեացքները ուղելով դէպի սրբազան լերան գագաթը, որ կը մարմնաւորէ Գառնիկ Մկրտիչեանի միութենական-գաղափարական համոզումը եւ կազմակերպական աշխատանքին առանցքը:
Այս առիթով, Մկրտիչեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Գառնիկ Մկրտիչեանի զաւակը՝ Նժդեհ Մկրտիչեանը, որ նշեց, թէ ինը ամիսներ ետք տակաւին դժուար եւ անհնար է ընդունիլ անոր բացակայութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Եւ այսօր ա՛լ աւելի դժուար է գտնուիլ հոս, շրջապատուած Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներով եւ զգալ, նկատել անոր բացակայութիւնը եւ իր մասին խօսիլ անցեալ եղանակով։ Ծանր է իրականութիւնը, իսկ աւելի ծանր՝ անոր համակերպիլը։
Իր հօր մասին վկայութիւններ փոխանցելով, Նժդեհ Մկրտիչեան յայտնեց, որ կարելի չէ չյիշել Գառնիկ Մկրտիչեանի մշտական ներկայութիւնը այս բանակավայրէն ներս, առնուազն վերջին 10 տարիներուն։ Կարելի չէ չյիշել այս բանակավայրին ընդարձակման աշխատանքները, 100-ամեակի ձեռնարկները, բանակումը…։ Կարելի չէ չյիշել ընդհանրապէս անոր կապուածութիւնը այս միութեան, անոր մտահոգութիւնները, ծրագիրները, միտքերը, աշխատանքները, որոնք երբեմն դուրս գալով միութենական կեանքէն մաս կը կազմէին իր անձնական կեանքին։
Այսուհետեւ,- շարունակեց Նժդեհ Մկրտիչեան,- ան այս բանակավայրը պիտի հսկէ ո՛չ թէ աչքերով, այլ՝ իր հոգիով, ո՛չ ֆիզիքապէս հոս կանգնած, այլ՝ իր բարձունքէն, երկնային նոր բնակարանէն, իր շուրջ համախմբած Հ․Մ․Ը․Մ․-ական բոլոր քոյրերն ու եղայրները, որոնք յաւէտ հեռացած են երկրային մեր կեանքէն, այս աշխարհէն, ու բանաւոր բացակայութեամբ հեռու կը մնան միութենական գործունէութենէ, սակայն անոնք միանալով Արարատ ու Արագած լեռներուն պիտի պաշտպանեն այս բանակավայրը։ Բանակավայր մը, որ էր, է՛ ու պիտի շարունակէ մնալ հաւաքավայրը Հ․Մ․Ը․Մ․-ական յաջորդական սերունդներու, որոնցմով միշտ հպարտ էր Գառնիկ Մկրտիչեան։
Առիթը պատեհ նկատելով, Նժդեհ Մկրտիչեան շնորհակալութեան խօսք յայտնեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան՝այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան մտայղացման եւ իրականացման համար։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներուն, որոնք ընտանիքին հետ եղան, յիշեցին, յարգեցին ու կը շարունակեն վառ պահել Գառնիկ Մկրտիչեանի յիշատակները ու կը շարունակեն ու պիտի՛ շարունակեն անոր աշխատանքները, իրականացնելով անոր ակամայ անաւարտ ձգած գործն ու ծրագիրները։
Խօսքերու աւարտին, Գառնիկ Մկրտիչեանի անունը կրող սկաուտական բանակավայրի յուշաքարին օրհնութիւնը կատարեց եւ անոր յիշատակին աղօթք արտասանեց Բիւրականի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վրթանէս Քհնյ. Պաղալեան։
Արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։