
Read Time:17 Second
ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուարի 19-ին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ներկայ օրակարգը, գրասենեակի ծրագիրները եւ յառաջիկայ աշխատանքները, մասնաւորաբար՝ Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք համաժողովին ընթացքին Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ համագործակցութեան եւ աշխոյժ մասնակցութեան ապահովման վերաբերող հարցեր:
Օրակարգի վրայ էր նաեւ հայրենադարձութեան գործընթացին կազմակերպումը: