ՀԱՅԵՐԸ ԹԱՐԹՈՒՍԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:7 Minute, 20 Second

hamra-street
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Յատուկ «Հայրենիք»ին համար պատրաստուած, յօդուածագիր՝ Աւօ Գաթրճեանի այս ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն Սուրիահայ զանազան գաղթօճախներ եւ անոնց ետին գտնուող հարուստ պատմական անցեալը:
Նաեւ, շաբաթներու վրայ երկարող «Հայերը Սուրիոյ Պատնութեան Մէջ» յօդուածաշարքը կ՛ընդգրկէ կարգ մը անտիպ նկարներ, որոնք կը պատկանին յօդուածագրին, որ սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործած է Սուրիոյ տարածքին մեր շրջաքայութեան ընթացքին հետազօտական, ականատեսի եւ ականջալուրի ու մանաւանդ անձնական գրադարանի արխիւներ, նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւային նիւթեր եւ այլ հրատարակութիւններ:
Թարթուս (արաբերէն՝ طرطوس) պատմական Անթարատուս քաղաքն է, որ կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, Միջեկրական ծովի ափին, Սուրիոյ ամենակարեւոր նաւահանգիտներէն մէկն է:
Քաղաքին դիմաց կը գտնուի Արուատ կղզին: Բիւզանդական դարաշրջանին կոչուած է Թարթուսա:%d5%a9%d5%a1%d6%80%d5%a9%d5%b8%d6%82%d5%bd-copy
Ծովեզերեայ շրջանով աշխարհագրական, քաղաքական եւ տնտեսական մեծ նշանակութիւն ունի Թարթուսը:
Միջերկրականի եզերքը գտնուող պատմական այս քաղաքին մէջ կը գտնուի աշխարհի միակ Ս. Ասուածածին մզկիթը, ան անգամ մը եւս կ’ապացուցէ քրիստոնէութեան եւ իսլամի խաղաղ համակցութիւնը: 1050 քմ տարածութեամբ այս մզկիթի կառուցումը ամբողջացած է 7 ամսուան մէջ, ան կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը: Անոր անուանումը արդիւնք է դարերու եղբայրական յարաբերութիւններուն՝ մուսուլմաններու եւ քրիստոնեաներու միջեւ:
Ժամանակակից պատմութեան մէջ Թարթուսի դերը մեծ եղած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Նախ նշենք, թէ 1929-ի տուեալներով Թարթուսի մէջ գոյութիւն ունեցած են շուրջ 60 հայեր: Օրին գոյութիւն չէ ունեցած հայկական դպրոց եւ եկեղեցի: Հակառակ, որ 30-ի մօտ դպրոցական աշակերտներ փողոցները թափառած են: Հայութիւնը հոն հոգեւոր հովիւ մը չունենալուն պատճառով պսակի, մկրտութեան եւ թաղմանական արարողութիւնները կատարած են օրթոտոքս քահանաները:
Տարին քանի մը անգամ Լաթաքիոյ հայ հոգեւորականները այցելած են բացառաբար մխիթարելու տեղւոյն հայութիւնը: Ժողովուրդը մեծաւ մասամբ արհեստաւոր եղած է:boats_on_tartus_boat_harbor
Պատմական կարեւորութեան համար այստեղ լուսարձակի տակ կ’առնենք Ալեքսանտրէթի սանճաքէն հայութեան գաղթը, որ սկիզբ առած էր 1939 յուլիսի կիսուն, եւ շարունակուած մինչեւ նոյն տարուան Օգոստոսի սկիզբը: Գաղթականները Թարթուսէն զատ, Պասիթի եւ Հալէպի մէջ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւած են:
Յուլիս 18, 1939-ի մեզի հասած տուեալներու համաձայն կը հանդիպինք Ալեքսանտրէթի սանճաքին Թուրքիոյ կցումէն ետք, սահմանային փոփոխութիւն կատարուելուն եւ անոնց մանրամասնութիւններուն: Այդ արխիւներուն մէջ կը նշուի, թէ այդ օրերուն կը սկսի Սանճաքի հայութեան գաղթը: Այնուհետեւ, Իսկէնտերունի հայերը շոգենաւերով Թարթուս կը փոխադրուին: Ալէքսանտրէթէն շոգենաւ մը ճամբայ ելած է դէպի Թարթուս, փոխադրելով 1200 գաղթականներ: Թարթուս հասած է կաթողիկոսարանի կողմէ ղրկուած վարդապետ մը:
Ըստ այլ տուեալներու 4300 հոգիին մէկ մասը, մօտ 500 հոգի, առժամեայ կերպով տեղաւորուած են Թարթուսի մէջ. մնացածները Թարթուսէն երկու քիլոմեթր հեռու ծովեզերեայ շրջան մը, բաց դաշտին մէջ: Ո՛չ բնակարան գոյութիւն ունեցած է, ո՛չ ալ վրան:
Ալեքսանտրէթի շրջանի հայութեան արջառն ու կենդանիները փոխադրուած են ցամաքէն, Քեսապի ճամբով, մինչեւ Թարթուս: Նոյն օրերուն շոգենաւ մը Թարթուս ցամաք հանած է 750 հոգի, 500-ը մեծհասներ եւ 250-ը փոքրիկներ, բոլորն ալ տէօրթ-եոլցի: Թշուառ վիճակով: Գաղթականները մնացած են արեւի տակՙ առանց ջուրի:
Իսկ, 23 յուլիս 1939-ի ՛՛Ազդակ՛՛ի թիւէն կ’իմանանք, թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կողմէ Գերշ. Տ. Զարեհ վարդապետ օգտակար գործունէութիւն մը ցոյց տուած է: Ան Թարթուս գտնուած է եւ հետաքրքրուած գաղթականներու վիճակով: Իսկ, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պաթանեան գերապայծառն ալ իր կարգին երկու օր մնացած է Թարթուս եւ զբաղած գաղթականներու վիճակով, դիմումներ կատարած եւ օգտակար արդիւնքներ ապահոված: 57fb7342cd7004c05d0878f5
Օրին, Թարթուսի քաղաքապետութիւնը իր ջրամբարներէն բաւականաչափ ջուր տրամադրած է հայ գաղթականներուն:
Պէտք է նշել, թէ օրին Ազգային Միութեան փոխ նախագահ Գերշ. Տէր Եղիշէ Արք. Կարոյեան, Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը եւ Ազգային Միութեան ատենադպիր բժիշկ. Կէրկէրեանը հասած են Թարթուս եւ հետաքրքրուած գաղթականներու վիճակով:
Մօտ 1500 գաղթականներ ապաստան գտած են Թարթուսի մէջ: Թէեւ ընկճուած են անոնք, սակայն երբեք չեն բարոյալքուած: Քանի որ ազատուած են թրքական դժոխքէն:
Իսկ Յուլիս 25, 1939-ի թիւով եւ ՛՛Սանճաքի հայերը ամբողջութեամբ փոխադրուեցան՛՛ խորագրով տեղեկատուութեամբ ՛՛Ազդակ՛՛ կը յայտնէ, թէ ՛՛Այսօր` երկուշաբթի առաւօտ ժամը 9:00-ին Թարթուսի մեր թղթակցէն ստացանք հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Շաբաթ առաւօտ ժամը 9:00-ին Թարթուս հասաւ երրորդ շոգենաւը, փոխադրելով 1184 գաղթական, ընդհանրապէս բաղկացած իսկենտէրունցիներէ, աթգցիներէ եւ պէյլանցիներէ: Ցամաքահանումը տեղի ունեցաւ շատ կանոնաւոր կերպով եւ յետ հարկ եղած քննութեանց անոնք փոխադրուեցան գաղթականական կայանը՛՛:
՛՛Ազդակ՛՛ շարունակելով կը գրէ, որ ՛՛…Կիրակի, հասաւ չորրորդ շոգենաւը, փոխադրելով 891 հոգի, գլխաւորաբար բաղկացած սօւուգ օլուգցիներէ, ֆարթըսլըցիներէ եւ մաս մ’ալ իսկենտէրունցիներէ՛՛:1-214442729_1429917213702798_524576777_n-copy
Վերջաւորութեան, օրին գաղթականներու հարցով հետաքրքրուելու համար Թարթուս հասած է կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Պետրոս Արք. Սարաճեան սրբազան (յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս), իր հետ ունենալով Գեր. Ղեւոնդ վարդապետ Չէպէյեանն ու Պ. Եղիայեանը: Սրբազանը մօտ երեք ժամ մնացած է գաղթականներուն հետ եւ մօտէն տեղեկացած անոնց վիճակին: Յետոյ տեսակցած է շրջանի պատասխանատու սպայ հարիւրապետին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր եւ տիկնոջ, իրենց ցոյց տուած գուրգուրանքին համար:
Արդարեւ, տարիներու թաւալումով Թարթուսի մէջ մնացած եւ գոյատեւած են քանի մը հայ ընտանիքներ: Հետեւաբար, տարիներու ընթացքին Թարթուսի մէջ համախմուած հայութիւնը, թէկուզ իր քիչ քանակով կը կազմէ փոքր համայնք մը:
Բերիոյ (Հալէպի) թեմի 1948-ի տուեալներով Թարթուսի համայնքը կը հաշուէր 113 հոգի: Իսկ 1949-1950-ի վիճակագրութեան տուեալներու համաձայն 92 անձ:
Թարթուս անցեալին ունեցած է Ազգային Նուպարեան երկսեռ վարժարանը, որ 1945-1947 տարեշրջանի տուեալներուն ունէր 30 աշակերտ: Իսկ 1951-ի տուեալներուն՝ 28 երկսեռ աշակերտ, պաշտօնավարած են 2 ուսուցիչներ:
Թարթուսի հայ համայնքը տարիներ յաճախ փափաք յայտնած է, որ սեփական եկեղեցի մը ունենայ, սակայն հասկնալի զանազան պատճառներով այդ փափաքը չէ իրականացած: Արդարեւ, 2009-ին երկրի նախագահին պատուէրով Հայ Առաքելական համայնքին կը յանձնուի հողատարածք մը: Այս հողատարածքը Բերիոյ հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան Ժողովներու օրակարգի կէտ կը դառնայ, զայն եկեղեցի, սրահ եւ այլ բաժիններ կառուցելու համար:14793868_1458059324221920_459161605_n-copy14801130_1458059524221900_1036389654_n-copy
Նշենք, որ համայնքը չունի նաեւ իր սեփական գերեզմանատունը: Այդ պարտականութիւնը կը կատարուի տեղացի քրիստոնեայ գերեզմանատան մէջ:
2010-ին Թարթուսի մէջ գոյութիւն ունէր 38 հայ ընտանիք: Անոնք առաւելաբար կը զբաղին վաճառականութեամբ, արհեստներով, գործարարութեամբ եւ այլն:
2011-ին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմով տեղի ունեցաւ ներքին տեղափոխութիւն, բազմաթիւ հայորդիներ վտանգաւոր շրջաններ ձգելով, ապաստան գտան աւելի ապահով այլ վայրեր, որոնց կարգին Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանը՝ յատկապէս Լաթաքիա, Թարթուս, Մաշթա ալ-Հըլու, Պանիաս, Սաֆիթա, Տահր Սաֆրա եւ այլն:
Առ այդ, պատմութիւնը կարծէք անգամ մը եւս կը կրկնուէր եւ այսպիսով Թարթուս նորէն պիտի հիւրընկալէր գաղթականներ: Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ հաստատուեցան Թարթուս, որոնց ջախջախիջ մեծամասնութիւնը առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ են: Շրջանը Բերիոյ Հայոց Թեմին ենթակայ է:
Ուստի, շրջանին մէջ բնակող հայորդիներուն առօրեան առաւել կենսունակ եւ կազմակերպ վիճակի մէջ պահելու միտումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի օրհնութեամբ եւ տնօրինումով 2014-ին կազմուեցաւ Թարթուսի եւ շրջակայքի Թաղական Խորհուրդը, եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Ա. քահանայ Միքայէլեանը: 2015-ին յառաջացաւ Թարթուսի Շտապ Օգնութեան Գործադիր մարմինը, որ կազմակերպեց պատերազմական գօտիներէն վերոյիշեալ շրջանները տեղափոխուած հայորդիներու օժանդակութեան աշխատանքները:
Այնուհետեւ, Թարթուսի նորակազմ Թաղական խորհուրդն ու Շտապի գործադիր մարմինը իրենց բոլոր ուժերն ու կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն համայնքին ծառայելու եւ սատար կանգնելու ամէն տեսակի աշխատանքներուն:img_3282-copyimg_3386-copy-copy
Շրջանի հոգեւոր հովիւը ամսական դրութեամբ կ’այցելէ շրջանը, պատարագ կը մատուցէ Յոյն Ուղղափառ համայնքին պատկանող Ս. Դանիէլ եկեղեցւոյ մէջ: Վերոնշեալ շրջանի հայորդիներ ներկայ կը գտնուին Ս. Խորհուրդին` ստանալու համար հոգեւոր սնունդ:
Թարթուսի նորակազմուած համայնքին մէջ կանոնաւոր կերպով տեղի կ’ունենան եկեղեցական արարողութիւններ, ժողովրդային հանդիպումներ, վիճակագրական իրավիճակի պատրաստութիւն եւ կարիքներու յստակացում, ինչպէս նաեւ` օժանդակութիւններու բաշխում: Շրջանը ունի նորակազմ աշխուժ կիրակնօրեայ դպրոց, շուրջ 20 աշակերտներէ կազմուած եւ նուիրեալ բծախնդիր ուսուցչական կազմ:
Համայնքի պատասխանատուները վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին կը փորձեն համայնքը համախմբել տարբեր-տարբեր ձեռնարկներով եւ նախաձեռնութիւններուվ, հետեւաբար մեծ իրադարձութիւն էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015-ին Ս. Դանիէլ եկեղեցւոյ մէջ հսկումի եւ սրբադասման կարգը՝ պատկերասփիւռի միջոցով հետեւելու իրողութիւնը: Իսկ յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 24-ին, նոյնպէս Ս. Դանիէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. պատարագը ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016-ին Սուրիոյ ծովեզերիայ շրջանի Թարթուս նահանգի հայ համայնքի զաւակները քաղաքացիական իրենց մասնակցութիւնն ու ներդրումը ունեցան Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Թարթուսի հայ համայնքին համար իւրայատուկ օր էր, ուրբաթ, 29 յուլիս 2016-ին, քանի որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս հովուական այցելութեամբ կը գտնուէր Թարթուս, մօտէն հետաքրքրուելու համար համայնքի զաւակներուն: Վեհափառը Սուրբ Դանիէլ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ ընդունուեցաւ Թարթուսի ու շրջակայ քաղաքներուն մէջ ապաստանած սուրիահայերուն հոգեւոր մատակարարում կատարող Արժանապատիւ Տէր Եզնիկ քահանայ Զղջանեանի ու հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ: Արամ Վեհափառը Թարթուսի հայ համայնքին իր հայրական պատգամը փոխանցեց:%d5%a9%d5%a1%d6%80%d5%a9%d5%b8%d6%82%d5%bd1-copyimg_33499999-copy
Միւս կողմէ, նկատի ունենալով Թարթուս տեղափոխուած հայորդիներու մեծ թիւը, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը յարմար նկատեց ապահովել կեդրոն մը: Հետեւաբար, 11 օգոստոս 2016-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի բացումը կատարուեցաւ Թարթուսի հայկական կեդրոնին: Կեդրոնը կը ծառայէ տեղւոյն կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան, Քրիստոնէական դաստիարակչական խորհուրդին, շրջանի Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի աշխատանքներուն համադրման համար գումարուող ժողովներուն եւ շրջանի հայութեան իբրեւ հաւաքավայր:
Շրջանի Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի աշխատանքները չէ սահմանափակուած միայն Թարթուս տեղափոխուած շուրջ 60 հայ ընտանիքներու կարիքներուն օժանդակել: Մարմնի աշխատանքներու շրջածիրին մէջ ներառուած են նաեւ Սաֆիթա, Պանիաս, Մաշթա ալ-Հըլու եւ Տահր Սաֆրա տեղափոխուած հայ ընտանիքներուն կարիքներուն օժանդակել, ուր վերջին շրջանին քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ տեղափոխուած են հոն:%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b4-%d5%a111-copy
Ընդգծենք, թէ բնիկ թարթուսահայերը հեռու կը մնան համայնքի հաւաքական կեանքէն:
Թարթուսի հայ համայնքը Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային իշխանութեան առօրեայ մտահոգութեան առանցքը կը կազմեն, այդ պատճառով ալ անոնք յաճախակի այցելութիւններով, եւ զանազան միջոցներով միշտ կը փորձեն խրախուսել եւ օժանդակել համայնքի զաւակները:
Արդարեւ, պատերազմի յառաջացուցած տեղափոխութեան պատճառով նոր կազմաւորուած հայ համայնքի գործընթացը աւելի հեզասահ ընդանալու համար կազմուած է նաեւ Ծովափի տեսչութիւն՝ երրանդամ կղերականներէ:
Կարեւորութեամբ արձանագրենք, որ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Թարթուս տեղափոխուած հայերու թիւը սկսած է հետզհետէ նուազիլ, անոնց Լիբանան եւ այլ շրջաններ մեկնումի պատճառով:
Թարթուսի համայնքը վերակազմաւորման շրջանի մէջ ըլլալով գոյութիւն ունի շատ մը ծրագիրներ, ինչպէս եկեղեցւոյ կառուցման եւ այլն, որ ժամանակի ընթացքին հերթաբար կը գործադրուի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles