
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ․- Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 30-րդ տարելիցին առիթով Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութիւնը հանդէս եկաւ Յունուար 31, 2020 թուակիր յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը նշուի․-
13-էն 19 Յունուար 1990-ին Խորհրդային Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ապրող հարիւր հազարաւոր հայեր ենթարկուեցան զանգուածային ջարդերու, ազգութեամբ հայ բնակչութեան դէմ եղան կազմակերպուած յարձակումներ, ինչ որ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դրսեւորումն էր: Հարիւրաւոր հայեր սպաննուեցան, հետապնդուեցան եւ տեղահանուեցան: Ոչնչացման սպառնալիքի ներքեւ շուրջ 250.000 հայ ստիպուած եղաւ փախուստի դիմել Ատրպէյճանէն:
Պաքուի ջարդերը դարձան հայերու հանդէպ ազգայնամոլութեան եւ այլատեացութեան (հայատեացութեան) պետական քաղաքականութեան գագաթնակէտը: Հակառակ միջազգային հանրութեան, մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններու եւ Եւրոպական խորհրդարանի (1988, 1990, 1991-ի բանաձեւերուն) արձանագրած փաստերուն` Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը հերքեն այս յանցագործութիւնները, կը խուսափին պատասխանատուութենէ: Այդ վայրագութիւններէն 30 տարի ետք չկայ յարգանք եւ կարեկցանք Ազրպէյճանի մէջ հայկական ջարդերուն զոհերուն նկատմամբ: Այն ազրպէյճանցիները, որոնք փորձեցին խօսիլ ջարդերուն մասին, պաշտօնապէս կը նկատուին դաւաճաններ:
Այս առնչութեամբ, մենք`
– կ՛ոգեկոչենք Պաքուի ջարդերու զոհերու յիշատակը,
– կը դատապարտենք ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան որեւէ դրսեւորում,
– կը վերահաստատենք, որ մարդկութեան նկատմամբ գործուած յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին, եւ կը շեշտենք, որ նախապէս գործուած յանցագործութիւններու դատապարտումը ամէնէն կարեւոր երաշխիքն է նոր յանցագործութիւնները կանխելու համար,
– կը դատապարտենք, որ ջարդերու կազմակերպիչները եւ հրահրողները տակաւին պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ընդհանուր յայտարարութեան միացած եւ ստորագրած են Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի շարք մը երեսփոխաններ` տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր քաղաքական խումբերէ: