Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԱԹԵՒ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ 25-ՐԴ ՀԱՒԱՔԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ` Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի, տեղի ունեցաւ “Տաթեւ“ հիմնարկի ամառնային 25-րդ հաւաքը: 56 աշակերտներ (մեծամասնութեամբ 13-18 գարուններ բոլորած) եւ 15 դասատու-դասախօսներ, ժամանած զանազան շրջաններէ հաւաքուեցան Սուրբ Մէրի (Էլվերսըն, Փէնսիլվանիա) կեդրոնը, այս հիմնարկի ամառնային յայտագրին առթիւ, որ սկսաւ Կիրակի, Յուլիս 3-ին եւ աւարտեցաւ շաբաթ մը ետք` կիրակի, Յուլիս 10-ին:
Ծրագիրը խտացուած էր եւ կ՛ընդգրկէր նիւթեր, որոնք կը վերաբերէին քրիստոնեայ դաստիարակութեան, Աստուածաշունչի սերտողութեան եւ քննութեան, աղօթքի ու պաշտամունքի կարեւորութեան եւայլն:
Ամէն օր ծրագիրը սկսաւ Առաւօտեան աղօթքով ժամը 7:15-էն 7:45: Առտուան ժամը 8:30էն մինչեւ կեսօրուան ժամը 12:30 դասընթացքներ տեղի ունեցան: Կէսօրէ ետքերը կատարուեցան մրցումներ, խաղեր եւ այցելութիւններ: Երեկոյեան կատարուեցան կլոր սեղաններ եւ հարցա-զրոյցներ, որոնց հետեւեցան Աստուածաշունչի սերտողութիւն: Իւրաքանչիւր հաւաք աւարտեցաւ հսկումով, ժամը 9:45էն 10:30:
Հիմնարկը չորս տարուայ վրայ երկարող յայտագիր մըն է (մէկ շաբաթ ամէն ամառ): Այն աշակերտները, որոնք կը կատարեն չորս տարին, կարելիութիւնը ունին մասնակցելու յաւելեալ մասնագիտական դասընթացքներու: Հինգ մակարդակներու դասընթացքները տեղի կ՛ունենան միեւնոյն ժամանակ: Շաբաթ մը տեւող յայտագրին ընթացքին,իւրաքանչիւր մակարդակի վերապահուած է քսան պահ: Ասոնց վրայ կ՛աւելնան երեկոներու հարցազրոյցներն ու Աստուածաշունչի սերտողութիւնները, տասնմէկ ուսուցիչներու ու երեք հիւր ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ:
Մասնագիտական դասընթացքներու ծրագիրը կը փոխուի ամէն տարի, այն դասընթացքները որոնք յաւելեալ լուսաբանութիւններ կը փոխանցեն հաւատքի մասին: Կղերականներու կողքին, հիւր դասախօսներ կը հրաւիրուին վարելու մասնագիտական դասերը:
Այս Տարուայ ուսուցիչներն էին` Եպիսկոպոս Անուշաւան Դանիէլեան, Ծայրագոյն Վարդապետ Դանիէլ Կարապետեան, Հր. Անդրանիկ Պալճեան, Հր. Ներսէս Մանուկեան, Հր. Գարեգին Պետուրեան, Հայր Կոմիտաս Պաղսարեան, Հր. Սարգիս Աքթաւուգեան, Հր. Նարեկ Տէրտէրեան, Սպ. Շանթ Գազանճեան, Տիկ. Ճոաննա Պաղսարեան, եւ օրդ. Ժանէթ Նազարեան: Հիւր ուսուցիչներն էին` Աստուածաշունչի մասնագէտ Դասախօս Վեր. Հր. Փօլ Թարազի, “Պէրի“ Քոլէճի Դասախօս եւ կրօնքի եւ փիլիսոփայութեան մասնաճիւղի դասատու Մայքըլ Փափազեան եւ Հայրեր` Յովնան Պոզոյեան եւ Մեսրոպ Լաքիսեան:
Յուլիս 4-ին, տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն, ուր մասնակցողները անցուցին անմոռանալի ժամեր: Օրուան հիւրասիրութիւնը կատարած էր, շրջանէն ներս մեծ հռչակ սփռած “Արմինիըն Տիլայթ“ (Աստղիկ Գազանճեան) ընկերութիւնը:
Շաբաթ, Յուլիս 9-ին, տեղի ունեցաւ հիմնարկի 25-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը, բարձր հովանաւորութեամբ Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի (Տեսնել ողջոյին խօսքը):
Յաջորդ օրը, տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ճաշկերոյթը, կազմակերպութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի տեղւոյն “Արտեմիս“ մասնաճիւղին: Հայր Անուշաւան Եպսկ. Դանիէլեան խօսք առաւ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց “Տաթեւ“ի ամառնային յայտագրին մասին, նպատակը եւ ուղղութիւնը, եւ նշեց քրիստոնեայ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս պատանեկան տարիներու ժամանակ:
ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ
ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
Իր Հիմնադրութեան 25-ամեակին Առիթով Ողջո՜յն, Տաթեւացի Լսարան, հիմնադրութեանդ 25-ամեակին առիթով:
Քսանհինգ տարիներ կազմակերպեցիր, ուսում ջամբեցիր, քրիստոնէական առաքինութիւններով դաստիարակեցիր քեզի եկողները, եւ այժմ արդար ու արժանի իրաւունքդ է լսելու երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքեր բոլոր անոնցմէ` որոնք գիտեն, ճանչցան ու վկայեցին առաքելութիւնդ:
Ողջո՜յն, սիրելի դաստիարակներ: Առաջին հերթին Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոսին, որ քսանհինգ տարիներ յաջողութեամբ պսակեց Վարիչ–Տնօրէնի պաշտօնը` յօժարութեամբ, սիրով, նուիրումով եւ խնդութեամբ: Բարեշնորհ Շանթ Սարկաւագին, որ բծախընդրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ հսկեց Լսարանի ծրագիրներու իրագործման: Ուսուցչական կազմին`
հոգեւորական եւ աշխարհական, որոնք անտրտունջ եւ ուրախութեամբ թէ՛ հոգեւոր եւ ազգային անհրաժեշտ գիտելիքները փոխանցեցին տաթեւացիներուն եւ թէ՛ իրենց կեանքի օրինակով տիպար հանդիսացան աշակերտութեան, գործնապէս վկայելու կրօնական եւ եկեղեցական դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան, անոնց հոգիներուն մէջ ցանելով աստուածավախութեան եւ աստուածապաշտութեան սերմերը:
Ողջո՜յն, Տաթեւացի Լսարանի սիրելի աշակերտներ` շրջանաւարտ թէ տակաւին յաճախող:
Լսարանը ձեզմով իմաստ ստացաւ, Լսարանը ձեզմով շունչ ու ոգի առաւ եւ ձեր լուրջ հետաքրքրութեանց ու ուսման ծարաւին որպէս արդիւնք` կենդանացաւ, եւ շնորհիւ ձեր ներկայութեան` Լսարանի առաքելութիւնը արձագանգ գտաւ իւրաքանչիւրիդ գաղութին կեանքէն ներս:
Ողջո՜յն, 25-ամեայ կենսալից, աշխոյժ ու կորովի Տաթեւացի Լսարան: Ողջո՜յն եւ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց – Վարիչ–Տնօրէն, ուսուցիչ, աշակերտ ու բարերար – որոնք սատարեցին Լսարանի յաջողութեան եւ նեցուկ կանգնեցան անոր գործունէութեան եւ իրագործումին:
Կ՛աղօթենք ամենաբարի Աստուծոյ, որ իր հզօր ձեռքը միշտ տարածած պահէ Տաթեւացի Լսարանին վրայ, առաւել կորովով եւ իմաստութեամբ օժտէ պատասխանատուները եւ լուսաւորէ միտքն ու հոգին հոն յաճախող աշակերտութեան:
Մնանք սիրոյ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ,
Աղօթարար`
Օշական Արքեպիսկոպոս
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին

