
Հ․Յ․Դ․ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի հրաւէրով եւ Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային երրորդ համագումարի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով, Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը Մարտ 20-24-ն այցելեց Արժանթին Եւ Ուրուկուայ։
Պատգամաւորը Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային համագումարին կազմակերպուած «խաղաղութեան գործընթացները Լատին Ամերիկայի եւ աշխարհի մէջ» նիւթին քննարկման ժամանակ ներկայացուց Արցախեան հակամարտութեան ծագման պատմութիւնը, զարգացումը, Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն մէջ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ 2021-22 թուականներուն Հայաստանի դէմ կատարուած ազերիական յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը եւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները: Ան նաեւ պատասխանեց քննարկման ընթացքին, մասնակիցներու հարցերուն:
Արթուր Խաչատրեանը Արժանթինի մէջ հանդիպեցաւ տեղւոյն ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ, խորհրդարանի պատգամաւոր Մոնիքա Ֆայնի եւ «Արմատական քաղաքացիական միութիւն» կուսակցութեան նեկայացուցիչ, խորհրդարանի պատգամաւոր Խուան Մարթին Մուսաքիոյի հետ: Արժանթինի պատգամաւորներուն ներկայացուեցան Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներն ու մօտեցումները: Պատգամաւորը կարեւորեցին Պաքուի վրայ միջազգային ճնշման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Ատրպէյճանը`
1) անմիջապէս եւ անվերապահօրէն բանայ Բերձորի միջանցքը,
2) ազատ արձակէ հայ ռազմագերիները,
3) արտօնէ Մ․Ա․Կ․-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան (UNESCO) դիտորդներու այցելութիւնը Արցախի` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները,
4) վերադառնայ Արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման բանակցութիւններուն, որոնք պէտք է հիմնուած ըլլան ԵԱՀԿ-ի Հելսինքիի եզրափակիչ որոշումներու երեք սկսզբունքներու` ներառեալ եւ յատկապէս ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքի եւ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջարկած տարրերու հիման վրայ:
ՊուԷնոս ԱյրԷսԻ Մէջ Արթուր Խաչատրեան նաեւ հանդիպեցաւ Արժանթինի արտաքին գործերու նախարարութեան միջխորհրդարանական կապերու տնօրինութեան դիւանագէտ Նիքոլաս Վարզիլիոյի եւ ազգային հարցերու եւ շրջանների հետ յարաբերութիւններու տնօրինութեան պատասխանատու Նիքոլաս Տարիօ Սապունկույեանի հետ:
Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ, Արթուր Խաչատրեանին ընդունեցին խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Սեպասթիան Անտուխարը: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ժամանակ Խաչատրեան ներկայացուց Արցախի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային իրավիճակը։
Ան յատկապէս կարեւորեց Արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը` շեշտելով, որ տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր չէ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել առանց հակամարտութեան արդարացի կարգաւորման, որ պէտք է յարգէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Կողմերը նաեւ քննարկեցին Հայաստանի եւ Ուրուկուայի յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Ուրուկուայի խորհրդարանին մէջ հայաստանցի պատգամաւորը հանդիպեցաւ Ուրուկուայ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատգամաւորներուն հետ: Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին երկու բարեկամ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Առանձնայատուկ կարեւորուեցաւ Ուրուկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան բացումը եւ դեսպանի նշանակումը: Արթուր Խաչատրեանը նաեւ ներկայացուց Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններէն ներս ստեղծուած իրավիճակը եւ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներն ու մօտեցումները:
Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի պատգամաւորը նաեւ այցելեց Ուրուկուայի ծերակոյտ, ուր պատուիրակութեան միւս անդամներուն հետ տեսակցութիւն մը ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Լիլիան Քեշիշեանի հետ: Արթուր Խաչատրեանը եւ պատուիրակութեան միւս անդամները նաեւ հանդիպում ունեցան Ուրուկուայի հանրային առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Խօսէ Լուիս Սաթճեանի հետ:
Ուրուկուայի մէջ հանդիպումներու շարքը եզրափակուեցաւ տեղւոյն Արցախի բարեկամներու խումբի անդամներու հետ հանդիպումով: Հանդիպման ժամանակ դարձեալ կարեւորուեցաւ Ուրուկուայի մէջ դեսպանի նշանակումը: Արթուր Խաչատրեանը ներկայացուց Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլը եւ կարեւորեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրաւունքը: Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Սեփանեանը ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը: