
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ նախագահին հրամանագիրով դոկտ. Նորա Արիսեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
Բանասէր, գրող, թարգմանիչ, արեւելագէտ եւ երեսփոխան՝ Նորա Արիսեան ծնած է Դամասկոս: Ան աւարտած է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ ճեմարանը: 1988-ին, Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն վկայուած է: 1988-ին եւ 1989-ին Ֆրանսայի Սորպոն համալսարանէն ֆրանսերէնի մասնագիտացման երկու վկայականի, իսկ 1990-ին թարգմանութեան մասնագիտութեան բարձրագոյն ուսման վկայականին տիրացած է:
2001-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը պատմութեան մասնագիտութեամբ` տիրանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին:1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը` իբրեւ գրասենեակի վարիչ, մամուլի պատասխանատու եւ թարգմանիչ` կատարելով նաեւ պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու բանաւոր թարգմանութիւններ: 2006-2009-ին Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարած է: 2005-էն դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ։ 2010-2013-ին աշխատակցած է Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հետ` իբրեւ թարգմանիչ եւ խորհրդատու:
Կ’աշխատակցի Սուրիոյ մէջ հրատարակուող Արաբական հանրագիտարանին, ուր յօդուածներ կը հայթայթէ հայ գրականութեան ու պատմութեան մասին: Ցեղասպանութեան նիւթով մասնակցած եւ ելոյթներ ունեցած է զանազան գիտաժողովներու` Միացեալ Նահանգներու «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» Պէյրութի Հայկազեան եւ Գահիրէի համալսարաններուն մէջ։ Զանազան առիթներով, արաբերէն եւ հայերէն դասախօսութիւններ ներկայացուցած է Սուրիոյ, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի զանազան քաղաքներուն մէջ:
Զանազան լեզուներով մասնագիտական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ ունի բազմաթիւ երկիրներու մէջ լոյս տեսած մամուլին մէջ։ Քաղաքական եւ պատմական նիւթերով հանդէս եկած է պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն: 2013-էն ի վեր վարիչ տնօրէնն է Դամասկոսի համալսարանին մէջ գործող Հայկական բաժինին:
Արիսեան եղինակ է հինգ արաբերէն եւ հայերէն գիրքերու.-
«Հայերու արհաւիրքը սուրիական մտքին մէջ, սուրիացի մտաւորականներու դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ», Պէյրութ, 2002 (արաբերէն):
«Հայոց ցեղասպանութեան արձագանգները սուրիական մամուլին մէջ (1877-1935)», Պէյրութ, 2005 (արաբերէն):
«Տէր Զօր, մարտիրոսաց քաղաք», Հալէպ, 2010 (հայերէն):
«Սուրիահայ երեսփոխանները Սուրիոյ խորհրդարաններուն մէջ 1928-2011», Դամասկոս, 2011 (արաբերէն):
«100 տարի Հայոց ցեղասպանութեան – 100 արաբական վկայութիւններ», Պէյրութ, Հայկազեան համալսարան, 2015 (արաբերէն):