ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Վերջին շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ շատ բան տեղի ունեցած է` խորապէս ցնցելով ապաշնորհ, անփորձ, պարտուող եւ մոլորեցնող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ պէտք է հրաժարական տուած ըլլար 10 նոյեմբեր 2020-ին, այն օրը, երբ ստորագրեց Ազրպէյճանի հետ անձնատուութեան համաձայնագիրը:
Փաշինեան իշխանութեան եկաւ շահագործելով ժողովուրդին դիւրահաւատութիւնը եւ անոր վրդովումը նախկին ղեկավարներու նկատմամբ: Ան յայտարարեց, որ խաղաղութիւն կը բերէ Հայաստանի, քաղաքացիներուն զաւակները այլեւս չեն զոհուիր պատերազմներուն, անոնք կ՛ապրին բարեկեցութեան մէջ` բարձր վարձատրուող աշխատանքով, չ՛ըլլար կաշառակերութիւն եւ միլիոնաւոր այլ կեղծիքներ. նման խօսքերով ան մոլորեցուց հանրութիւնը:
Իր նորայայտ իշխանութենէն արբեցած` Փաշինեան ամբողջովին խելագարեցաւ: 2018-ին, երբ ան եւ իր հետեւորդներուն ամբոխը շրջապատեցին խորհրդարանի շէնքը, ինք ամբարտաւանօրէն յայտարարեց, որ կա՛մ կը դառնայ վարչապետ, կա՛մ Հայաստանը վարչապետ չ՛ունենար: Ասիկա յայտարարութիւնն է ինքնահռչակուած ժողովրդավար առաջնորդի, որ դարձաւ բռնապետ:
2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակ Փաշինեան, մուրճը ձեռքին, կանգնեցաւ բեմի վրայ` խոստանալով ջարդել իր քաղաքական հակառակորդներուն գլուխները: Ան նաեւ սպառնաց իր հայ մրցակիցներուն «ծեփել պատերուն եւ փռել ասֆալթին»: Այս է անոր կոպիտ պատկերացումը ժողովրդավարութեան մասին:
2018-ին Փաշինեան իր հետեւորդներու բազմութեան ըսաւ, որ ինք կը լքէ պաշտօնը, երբ ժողովուրդը պահանջէ իր հրաժարականը: Այդ ժամանակէն ի վեր ան անտեսած է իր հրաժարականի բոլոր պահանջները` կառչած մնալով իշխանական աթոռին: Անոր հրաժարականը պահանջող բազմաթիւ ցոյցերէն մէկուն ընթացքին, երբ լրագրողը հարցուց, թէ արդեօք ան կը պահպանէ՞ իր խոստումը եւ հրաժարական կու տա՞յ, ան ամբարտաւանօրէն պատասխանեց` «Ասիկա ժողովուրդը չէ», ակնարկելով, որ «ժողովուրդ» կը համարէ միայն իրեն սատարողներուն:
Թէեւ Փաշինեանի կողմնակիցները կեղծաւորաբար կը պնդեն, որ ան ընտրուած է վարչապետ, փաստը այն է, որ ան չէ ընտրուած, քանի որ վարչապետի պաշտօնը ընտրովի պաշտօն չէ: Ան ընտրուած է իր խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ, որ բաղկացած է նոյնքան ապաշնորհ եւ անփորձ երիտասարդ տղամարդոցմէ եւ կիներէ:
Փաշինեան չի հանդուրժեր այլախոհները: Եթէ Հայաստանի մէջ ապրող ոեւէ մէկը կը համարձակի քննադատել զայն, վարչապետը իր լաւ կերակրուած ոստիկանական ջոկատին կը հրամայէ` քննադատողը պառկեցնել գետին, ծեծել ու ձերբակալել: Անոր գլխաւոր դաշնակիցը` խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեան, փողոցին մէջ թքած է հայ մարդու երեսին միայն այն պատճառով, որ ան քննադատած է զինք: Իսկ եթէ սփիւռքահայը չի համաձայնիր Փաշինեանի հետ, ապա անոր թոյլ չեն տար Հայաստան մուտք գործել` Երեւանի օդակայան ժամանելէն ետք: Փաշինեանի օրօք Հայաստան դարձած է բռնապետութիւն, որ կը ղեկավարուի մէկ մարդու քմահաճոյքով:
Հիմա կարգը Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանինն է, որ դէմ է Փաշինեանի կամայական որոշման` հայկական սահմանամերձ չորս գիւղերը Ազրպէյճանին յանձնելու, առանց հանրաքուէի եւ խորհրդարանի հաւանութեան:
Արքեպիսկոպոսը անմիջապէս ենթարկուեցաւ Փաշինեանի եւ անոր մանկլաւիկներու, այդ շարքին` Դիմատետրի հազարաւոր կեղծ հետեւորդներու կատաղի յարձակումներուն, որոնք կը վարձատրուին զրպարտելու համար ամէն ոք, որ կը համարձակի քննադատել վարչապետը:
Արքեպիսկոպոսն ու անոր կողմնակիցները Փաշինեան անուանեց «թմրեցուցիչի պարոններ» եւ «դուրսի երկիրներէ ղրկուած օտարերկրացի գործակալներ»` առանց որեւէ ապացոյցի: Շատ տգեղ է, երբ կառավարութեան ղեկավարը փողոցային լեզուով կը խօսի իր քաղաքական հակառակորդները նսեմացնելու համար: Ան, որ կը համարձակի քննադատել Փաշինեանը, անմիջապէս կը պիտակաւորուի իբրեւ «Քրեմլինի գործակալ», որուն հազարաւոր տոլարներ կը վճարեն «երկիրը քայքայելու համար»: Ինչո՞ւ պէտք է մէկը վարձատրեն Հայաստանը քայքայելու համար, երբ Փաշինեան անձամբ արդէն կը քայքայէ երկիրը:
Իրադարձութիւններու տարօրինակ շրջադարձով մը արքեպիսկոպոսը կրկնեց նոյն մարտավարութիւնը, որով Փաշինեան եկաւ իշխանութեան 2018-ին, Գիւմրիէն քալելով դէպի Երեւան: Այսպիսով, սրբազանը Փաշինեանին կու տայ իր սեփական դեղին չափը: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ Փաշինեան իշխանութեան գալու համար խախտեց բազմաթիւ օրէնքներ` ջարդելով Հայաստանի ձայնասփիւռի կեդրոնին դռները, իր հետեւորդներով շրջապատելով դատարանը` դատաւորներուն արգիլելով շէնք մուտք գործել եւ արգելափակելով խորհրդարանին մուտքերը:
Արքեպիսկոպոսը ունի առաւելութիւններ եւ թերութիւններ: Սրբազանը հոգեւորական է, որուն զէնքը ճշմարտութիւնն ու բարոյականութիւնն են: Ան կը քարոզէ խաղաղութիւն, սէր եւ ոչ` բռնութիւն: Անցեալ վեց տարիներու ընթացքին ընդդիմադիր զանազան խմբաւորումներու բոլոր փորձերը` Փաշինեանը փողոցային բողոքի ցոյցերով տապալելու համար, ձախողած են: Արքեպիսկոպոսը միակ մարդն է, որ ձեռք բերած է վստահութիւնը մեծ թիւով հայերու, որոնք խանդավառօրէն միացած են անոր երթին` Տաւուշէն դէպի Երեւան: Աւելի քան 100 հազար հայեր հեղեղեցին քաղաքի գլխաւոր հրապարակը` լսելու անոր պատգամը:
Մայիս 9-ին, երբ սրբազանը ժամանեց Երեւան, յայտարարեց, որ Փաշինեանին մէկ ժամ կու տայ հրաժարականի համար: Երբ ժամը անցաւ, եւ ան չտուաւ հրաժարական, արքեպիսկոպոսը չուզեց յաջորդ քայլին դիմել` կոչ ընել իր 100 հազար հետեւորդներուն գրոհել շէնքը եւ տապալել վարչապետը: Փոխարէնը` սրբազանը յայտարարեց ամբողջ երկրին մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարք մը գործողութիւններ սկսելու մասին:
Այժմ սրբազանը կը խորհրդակցի ընդդիմութեան տարբեր առաջնորդներու հետ` յաջորդ քայլերը քննարկելու համար: Եթէ եւ երբ Փաշինեան հրաժարական տայ, կամ ենթարկուի պաշտօնազրկման, որոնց երկուքն ալ անհաւանական դիպաշարեր են, արքեպիսկոպոսը ըսաւ, որ կը կազմակերպուի անցումային կառավարութիւն, որ հետագային կը կազմակերպէ խորհրդարանական ընտրութիւններ` նոր վարչապետ ընտրելու համար: Կը մնայ տեսնել, թէ սրբազանը կը յաջողի՞ խաղաղ ծրագիրներով տապալել Փաշինեանը:
Փաշինեանէն ազատելու լաւագոյն պատճառը այն է, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները եռանդուն կերպով գովաբանած են Փաշինեանը` իր բազմաթիւ եւ անվերջ զիջումներուն համար: Յայտնի ազրպէյճանցի վերլուծաբան Ալի Հաճիզատէ նոյնիսկ առաջարկած է ատրպէյճանական եւ թրքական զօրքեր ղրկել Երեւան` Փաշինեանի կառավարութեան աջակցելու համար…
Բոլոր հայրենասէր հայերը, մէկ կողմ ձգելով իրենց ներքին տարակարծութիւնները, պէտք է դաշինք կազմեն անցումային կառավարութիւն ստեղծելու համար, որ պիտի կազմակերպէ յաջորդ ընտրութիւնները: Պէտք է հանրային ճնշում գործադրուի Փաշինեանի վրայ, որպէսզի ան շուտ հրաժարական տայ, այնքան ատեն որ երկիրը չէ դադրած գոյութիւն ունենալէ` ներքին եւ արտաքին թշնամիներու յարձակումներուն պատճառով: Ասիկա կրնայ ըլլալ Հայաստանի փրկութեան վերջին հնարաւորութիւնը: