Ծ․Խ․– Թուրքիոյ ներքին զարգացումներուն հետեւելու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք, որպէսզի կարենանք ճիշդ կերպով կողմնորոշուիլ, տեղեկանալով թրքական քաղաքական, տնտեսական, ճարտարագիտական, արհեստագիտական, գիտական եւ այլ մարզերու մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին։
Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջազգային եւ շրջանային ռազմաքաղաքական ախորժակները ակնյայտ են եւ որոնց ուշադիր ընթերցումը մեզ առաւել կը մղէ աւելի մօտէն հետեւելու Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն։
Այսուհետեւ «Հայրենիք» շաբաթական հերթականութեամբ իր ընթերցողները իրազէկ պիտի դարձնէ Թուրքիոյ ներքին զարգացումներուն եւ իրադարձութիւններուն։
Թուրքիոյ փոխ նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ Անգարայի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը, որուն հետ քննարկումներ ունեցաւ թուրքեւատրպէյճանական քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն առաւել զարկ տալու կարելիութիւններուն շուրջ։
Բանակցութիւններուն աւարտին Եըլմազ եւ Ասատով ստորագրեցին Թուրքիա- Ատրպէյճան տնտեսական միացեալ յանձնաժողովին 11րդ նստաշրջանին արձանագրութիւնը։Եըլմազ եւ Ասատով նաեւ ներկայ գտնուեցան թուրքեատրպէյճանական տնտեսական ֆորումին, որ իր աշխատանքներուն սկսաւ Անգարայի մէջ։Երկու պաշտօնատարները ֆորումին աւարտին կնքեցին չորս համաձայնագրեր, որոնք կը վերաբերին առեւտրական գործակցութեան, ջուրի աղբիւրներու օգտագործման, միջին տնտեսական ձեռնարկներու աշխուժացման եւ անասուններու հիւանդութիւններու կանխարգիլման։
Ասատով նաեւ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի հետ։Ոչինչ փոխանցուեցաւ այս հանդիպման մասին, որ կատարուեցաւ թղթակիցներու բացակայութեան։
Թուրքեւատրպէյճանական տնտեսական գործակցութեան զարկ տալու ճիգերը յատկապէս բազմապատկուեցան Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք։Թուրք պաշտօնատարներ յաճախ կը յայտարարեն, որ Անգարայի իշխանութիւններուն համար առաջնահերթութիւն մըն է Ատրպէյճանի տնտեսութեան եւ առեւտուրին զարկ տալը, որպէսզի Ատրպէյճան Թուրքիոյ վրայով կարենայ իր արտադրութիւնները եւրոպական շուկաներ հասցնել։
*
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը մայիս ամսուան ընթացքին երեք ռազմափորձեր պիտի կատարէ։Առաջին ռազմափորձին թրքական ուժերուն կողքին պիտի մասնակցին՝ Ատրպէյճայնէն, Քաթարէն, Լեհաստանէն, Ռումանիայէն, Սէուտական Արաբիայէն ուժեր։ Ռազմափորձը տեղի պիտի ունենայ թրքական օդուժի Գոնիայի խարիսխին մէջ։
Երկրորդ ռազմափորձը պիտի կատարուի Մարմարիսի մէջ։15 հազար նաւազներու մասնակցութեամբ ռազմափորձին պիտի ամրապնդուին ծովուժին, օդուժին եւ եզերապահ ուժերուն կարողականութիւնները։
Երրորդ ռազմափորձը պիտի կատարուի թրքական բանակին Եգէական զօրասիւներէն յատուկ ուժերու մասնակցութեամբ՝ վերաորակաւորելու համար ծովուժերուն կրակելու եւ պատասխան կրակը չէզոքացնելու կարողականութիւնը։Այս ռազմափորձին պիտի մասնակցին 49 երկիրներու ծովուժերու յատուկ զօրաբաժիններ։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիայէն դուրս՝ այլ երկիրներ ապրող թուրքերուն թիւը, որուն համաձայն, մօտաւորապէս 7.5 միլիոն թուրքեր կ՛ապրին տարբեր երկիրներ։Այս թիւին 6.5 միլիոնը կ՛ապրի Արեւմտեան Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ։
Արտաքին գործոց փոխ նախարար Եասին Էքրեմ Սերիմ յայտնեց,որ 2427 թուրքեր մասնակից են Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու քաղաքական կեանքին, իսկ երկու թուրքեր նախարարական պաշտօններ ստանձնած են։7 թուրքեր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական աթոռներ գրաւած են, 69 ուրիշներ դաշնակցային կառավարութիւններու եւ իշխանութիւններու մէջ պաշտօններ կը վարեն, իսկ 102 թուրքեր եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ կառավարական եւ շրջանային իշխանութիւններու մէջ տարբեր պաշտօններ ստանձնած են։
Թրքական իշխանութիւնները կազմակերպած են խորհրդատուական աշխատանքներ, որոնք կ՛առնչուին ծնունդներու, զինուորական ծառայութեան, ամուսնութիւններու, օրինական հարցերու, մահուան եւ բնակչութեան տարբեր խնդիրներու։Այս խորհրդատուութիւնները առցանց կը կատարուին արտասահման ապրող բոլոր թուրքերուն համար։Պէտք է նշել,որ Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքերը ամէնէն շատ կը դիմեն առցանց խորհրդատուութիւններու։Ապրիլ ամսուան տուեալներուն համաձայն, գերմանական տարբեր քաղաքներ ապրող 272,729 թուրքեր թրքական համապատասխան մարմիններէն խորհրդատուութիւն ստացած են։
*
Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը հրապարակեց խիստ զգուշացում մը, թէ երկրին մէջ օտար գործակալներու գործունէութիւնը թափ ստացած է։Գաղտնի սպասարկութիւնը քաղաքացիներէն պահանջեց անմիջապէս տեղեկագրել այն անձերուն մասին, որ կասկածելի հարցումներ կը հարցնեն եւ կը ջանան բարեկամութիւններ հաստատել սովորական քաղաքացիներու հետ։
Զգուշացումը հրապարակուեցաւ վիտէօ երիզի մը միջոցաւ, որ տեղադրուած է գաղտնի ապահովութեան կայքէջին վրայ։Տեսանիւթին մէջ կը շեշտուի, որ նոյնիսկ անգիտակցաբար օժանդակութիւնը օտար գործակալի մը, ոճիր կը համարուի եւ ենթական կրնայ պատիժի ենթարկուիլ։
Գաղտնի սպասարկութեան այս զգուշացումը յաջորդեց այն գործողութեան, որ կատարուեցաւ իսրայէլացի գործակալներու դէմ, որոնց մէկ ցանցը քողազերծուեցաւ։Հակալրտեսական գործողութեան ընթացքին, ըստ թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներու, յայտնաբերուեցան տարբեր բջիջներ, որոնք լրտեսութիւն կը կատարէին իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան՝ Մոսատի հաշւոյն։Բջիջներուն անդամներուն շարքին են Թուրքիա ապրող պաղեստինցիներ եւ սուրիացիներ։
*
Թուրքիոյ ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան նախարար Մեհմէն Ֆաթիհ Քաչիր հաղորդեց, որ տիեզերային արհեստագիտութեան նոր ժամանակաշրջան մը կը բացուի Թուրքիոյ համար, աւելցնելով,որ «Իմէճ» արբանեակին միջոցով, թրքական համապատասխան գործակալութիւնը կարողութիւնը պիտի ունենան աշխարհի որեւէ անկիւնէն լուսանկարներ ունենալ։Ասիկա բնականաբար մեծ հարցականներ կը գծէ թրքական նպատակներու մասին, ինչ կը վերաբերի հայեւթուրք յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ ստեղծուելիք խնդիրներու, եթէ թուրքերը օրինակի համար թիրախ ընտրեն Մեծամօրի կորիզային կայանը եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող դիրքեր եւ կեդրոններ։
Քաչիր նաեւ յայտնեց, որ թրքական արբանեակային գործակալութիւնը հաղորդակցութեան Թուրքսաթ 6 Էյ արբանեակը տիեզերք պիտի արձակէ 8 յուլիսին։
*
Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Միացեալ Նահանգներ- Թուրքիա 39-րդ խորհրդաժողովը,որուն ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան ուժանիւթի մարզին մէջ թուրքեւամերիկեան գործակցութեան առաւել զարկ տալու կարելիութիւններուն շուրջ։
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար յայտարարեց, որ բնական կազի եւ ուժանիւթի այլ աղբիւրներու փոխադրութեան եւ վաճառման մարզերուն մէջ թուրքեւամերիկեան գործակցութեան զարկ պիտի տրուի։
Թուրքեւամերիկեան համաձայնութիւններու ծիրին մէջ Պայրաքտար իր ամերիկացի պաշտօնակիցին՝ Ճենիֆըր Կրէնհոլմի հետ ընթացք տուաւ ուժանիւթի եւ կենսոլորտի հարցերուն շուրջ երկխօսութեան, որ ըստ թուրք նախարարին, ճամբան պիտի հարթէ թուրքեւամերիկեան գործակցութեան դիմաց։Տեղին է նշել,որ խորհրդաժողովին ընթացքին Թուրքիոյ Թրքական Քարիւղի Խողովակաշարերու Ընկերութեան եւ ամերիկեան ԷքսոնՄոպիլ ընկերութեան միջեւ կնքուեցաւ գործակցութեան համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հեղուկ բնական կազի առեւտուր պիտի կատարուի։