ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ՏԷՐԵՐԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՆ ԵՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 39 Second

   Ա.Ա.

     Նախկին Խորհրդային Միութեան օրերէն ժառանգուած հակամարտութիւն մըն է արցախեան տագնապը, որ ստեղծուած է, որովհետեւ Արցախը արուեստականօրէն կցուած է Ատրպէյճանի։ Այս կցումը արդիւնք է խորհրդային քաղաքականութեան, որ կը միտէր Խորհրդային Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութիւնները վերածել իրարմէ կախեալ երկիրներու, որպէսզի ներքին տագնապներու եւ խնդիրներու մէջ մխրճուելով, անոնք մոռնային եւ ժամանակ չունենային Խորհրդային Միութենէն անջատուելու ծրագիրներ մշակելու։

    Նախկին խորհրդային ժառանգ մըն է նաեւ սահմաններու իրավիճակը, որ այսօրուան պայմաններէն եւ իրողութիւններէն թելադրուելով, բնականաբար կը կարօտի սահմանազատման եւ սահմանագծման, որ անշուշտ հիմնուած պէտք է ըլլայ յստակ կանոնակարգի մը վրայ։

    Նախկին Խորհրդային Միութեան օրերուն վաւերական եւ իրաւական ուժ ունեցող որեւէ աքթ, որոշում, քարտէս թէ վաւերագիր, այսօր կը կազմէ այն հիմքը, որուն վրայ յենելով կարելի է խորհրդային քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք համարուող Արցախի տագնապէն բխած բոլոր հարցերը լուծել եւ զանոնք համարել երկուստէք համաձայնութեան հիմքեր։ Այս ծիրին մէջ, Արցախի վայրագ հայաթափումէն ետք, առկայ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը Հայաստան- Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթն է, որ կը կարօտի իրաւական եւ վաւերական յստակ եւ ընդունելի օրէնքներու եւ կանոնակարգի, որպէսզի սահմանազատումն ու սահմանագծումը կատարուի, ըստ օրէնքի եւ կանոնի։

    Մինչ Երեւանի իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ կը կատարեն հապճէպ եւ չծրագրուած, ինչպէս նաեւ իրաւական ոչ մէկ հիմք ունեցող սահմանազատում եւ որուն իբրեւ արդիւնք Տաւուշը ենթակայ կը դարձնեն թշնամիին զէնքին յստակ թիրախին, «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժման հաւաքին ընթացքին հրապարակուեցաւ կարեւոր կեցուածք մը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կառոյցին մէջ գործած նախկին դիւանագէտներուն կողմէ, որոնք շեշտեցին,որ Ալմա- Աթայի հռչակագիրը իբրեւ հիմք չի կրնար ծառայել սահմանազատման եւ սահմանագծման, որովհետեւ զուրկ է սահմանային որեւէ նկարագրէ, այլ կը պարունակէ իրարմէ տարածքային պահանջ չունենալու դրոյթ մը։

   Արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիքեան՝ ընթերցելով շուրջ երեսուն նախկին դիւանագէտներու կողմէ հաստատուած փաստաթուղթը, յայտարարեց.«Սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին համար իրաւական հիմք կը ծառայէ բանակցող կողմերու համատեղ ընդունուած մեթոտաբանութիւնը՝ հիմնուելով վաւերական եւ իրաւական ուժ ունեցող նախկին Խորհրդային Միութեան Միութեան ներպետական աքթերու վրայ։ Հետեւաբար Ալմա- Աթայի հռչակագիրը որեւէ ձեւով չի կրնար նման հիմք հանդիսանալ, որովհետեւ չի պարունակեր սահմանային որեւէ նկարագիր։ Հռչակագիրը միայն կ՛ենթադրէ իրարմէ տարածքային պահանջներ չունենալու դրոյթը»։Այս ծիրին մէջ շեշտուեցաւ,որ կենսական է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական ամբողջական համաձայնագիր մը, որ վաւերացուած ըլլայ երկու երկիրներուն խորհրդարաններուն կողմէ, որպէսզի սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները յստակ կանոնակարգի մը հիմամբ կատարուին։

    Առաջնորդուելով այս հիմնաւորումներէն, ժողովուրդին պահանջը շատ յստակ է։Բացառել հայկական բանակային ուժերու որեւէ նահանջ թէ եւ դիրքերու փոփոխութիւն, այնքան ատեն որ հայեւատրպէյճանական սահմանի ամբողջական սահմանազատումը եւ սահմանագծումը չէ կատարուած։

    Կայ նաեւ հանրաքուէի դիմելու յստակ հաւանականութիւն մը, երբ պարզուի, թէ այս հոլովոյթին պատճառով հայկական տարածքներ կրնան Ատրպէյճանի տրուիլ։ Ուրեմն, մեկնելով այս հաստատումներէն՝ կը շեշտուի, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման ներկայիս կատարուող աշխատանքը ոչ ամբողջական եւ հակաօրինական գործընթաց մըն է, որ անմիջապէս պէտք է կասեցուի՝ յաւելեալ աղէտներու եւ հողային զիջումներու դուռ չբանալու եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն բնակիչներուն պարտէզները, արտերը եւ առհասարակ Հայաստանի ամուր դարպասապահները ըլլալու անոնց առաքելութիւնը չվտանգելու համար։

   «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը իրաւամբ հարցականի տակ առած է սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքը եւ կը պահանջէ, որ անիկա անյապաղ դադրեցուի, որովհետեւ ամբողջ կատարուածը միակողմանի զիջումներ կ՛ենթադրէ։Շարժման օրինականութիւնը հարցականի տակ առնող իշխող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորներուն ներկայացուցած բոլոր պատճառաբանութիւնները եւ հիմնաւորումները յօդս կը ցնդին, երբ հաշուի առնենք սահմանային գիծին վրայ իր արտը կորսնցնելու իսկական վտանգը դիմագրաւող գիւղացիին կոչերը։Անոնց արձագանգած «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումին իրաւականութիւնը այս պատճառով ալ կասկածներու , ոչ ալ հարցականներու տակ կրնայ առնուիլ, որովհետեւ անիկա առողջ ու տեղին հակազդեցութիւն մըն է՝ սահմանապահ գիւղացիներու կանչին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles