ՆՇՄԱՐ.- ԻՇԽԱՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆԵՐԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 5 Second
Քանի՞ ոստիկան մէկ ցուցարարի դէմ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

14 Մայիս 2024

Տաւուշէն սկիզբ առած Շարժումին Երեւան հասնելէն ի վեր, ամէն օր եւ ժամ առ ժամ ապացոյցներ, ցուցանիշներ կ’երեւին հայրենի երկնակամարին վրայ ու Սփիւռքի տարածքին, թէ Փաշինեանի վարչախումբին մօտալուտ պարտութիւնը անխուսափելի է:

Արձանագրենք փաստերէն մէկ քանին (միայն մէկ քանին):

Ա. Բողոքի ցոյցերուն կրկնութեան ու ծաւալումին դիմաց, իշխանախումբը (տակաւին) պաշտպանող ոստիկանական ուժերը աւելի՛ մեծ ախորժակով բիրտ ուժի կը դիմեն: Օր մը աւելի քան 150, յաջորդ օրը՝ աւելի քան 60 ցուցարար կը ձերբակալուի, լրագրողներ բռնարարքներու կ’ենթարկուին: Մէկ ցուցարար ձերբակալելու համար, անոր վրայ կը յարձակին 3-5 ոստիկան: Պրաւօ՜…: Ընդվզումի ալիքը, նահանջելու փոխարէն, նոր ծաւալ կը ստանայ: Երեւանէն մինչեւ մօտակայ եւ հեռաւոր քաղաքներ, խաղաղ անհնազանդութեան միջոցառումները ծաւալ կը ստանան: Այս կամ այն քաղաքը Փաշինեանի տուած այցելութենէն առաջ, ընդդիմադիրներ կը ձերբակալուին, տեղացիներուն՝ փաշինեանականներուն ի նպաստ դեր խաղալ կը պարտադրուի, մինչեւ իսկ Տաւուշի գիւղապետերուն կը թելադրուի արցախանալու մտավախութեան մէջ ինկած ժողովորդին ըսել, թէ իրենց տեսածը սխալ է, Փաշինեանի ըսածն է ճիշդը…: Ցանկագրումը աւելորդ է: Ճնշումի միջոցները սպասուած արդիւնքը չեն տար: Խաղաղ դիմադրութիւն ցոյց տուող զանգուածը չի նախընտրեր ձեռք բարձրացնել ի՛ր ոստիկանին վրայ, որքա՛ն ալ որ ան շեղած է իր հիմնական առաքելութենէն: Ոստիկանները պիտի անդրադառնան, որ իրենց պաշտպանեալը ՊԱՐՏՈՒԱԾ Է ԱՆԶԷՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ:

Բ. Բագրատ սրբազանն ու կողքին կանգնողները յարաճուն ուժգնութեամբ թիրախ կը դառնան զրպարտութիւններու եւ հայհոյախօսութիւններու: Սա իշխանաւորներուն ու անոնց կողմէ գործի լծուած քարոզիչներուն պարտութեան ցուցանիշն է: Անմահ Պարոնեանի բառերով՝ ՀԱՅՀՈՅԱՆՔԸ ՓԱՍՏԻ ՍՈՎ Է:

Գ. ՔՊ-ական իշխանութենէն հեռացած դիւանագէտները, որոնք Կիրակի օր հռչակագիրի նման յայտարարութեամբ մը բացայայտեցին այս իշխանախումբին ձախաւերութիւններն ու անատակութեան փաստերը, պատրաստ չեն լռելու եւ չպատասխանելու իշխանաւորներու նորագոյն զրպարտութիւններուն: Անոնք կը պնդեն, որ դաւաճանն ու դասալիքը իրենք չեն, այլ՝ իշխանախումբը, որ հետեւողականօրէն անտեսած է դիւանագիտական ճիշդ քայլեր առնելու բոլոր յորդորներն ու թելադրանքները, երկիրը տարած է նա՛եւ դիւանագիտական պարտութիւններու, մինչեւ իսկ կռնակէն դաշունահարած է դիւանագէտները: Իսկ կռնակէն դաշունահարելը վարչապետ կոչեցեալին մէկ «առաքելութիւնն» է, ո՛չ թէ ի վերուստ տրուած, այլ՝ յանձնարարուած թշնամիին կողմէ: Արարատ Միրզոյեան, որ մեղադրանքներ կը շռայլէ դիւանագէտներու հասցէին, մոռցա՞ծ է (կամ ալ նոր կաշառք ստացած), որ երբ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենար ու ինք .Մ.Ա.Կ.-ի ամպիոնէն արդարօրէն կ’ամբաստանէր Ատրպէյճանը, ուսապարկապետը նոյն պահուն կռնակէն կը դաշունահարէն զինք, յայտարարելով, որ «ամէն բան խաղաղ է արեւելեան ճակատին վրայ» (հետեւողութեամբ գերման նշանաւոր գրողի մը՝ «Ամէն բան խաղաղ է արեւմտեան ճակատին վրայ» գիրքի խորագիրին…), եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը շտապէր հերքելու իր մեղադրանքը, ըսելով, որ Փաշինեան հակառակը կը պնդէ: Իսկ հիմա, Փաշինեանի վարկը օրէ օր կը բարձրանայ Ատրպէյճանի մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ կը մօտենայ զեռոյի…

Դ. Ներքին-քարոզչական գետնի վրայ, իշխանաւորներուն պարտութեան մէկ փաստն ալ եղաւ այն, որ համալասարաններու պատասխանատուներուն հասցէին տարածուած սուտին պոչը կարճ եղաւ: Երեքշաբթի օր բացայայտուեցաւ, որ պատասխանատուներ արգելք չեն դրած ուսանողներուն դիմաց՝ մասնակցելու ընդվզումի ցոյցերուն: Նախօրօք «հռչակուած» էր, որ կարգ մը պատասխանատուներ աշակերտներուն սպառնացած են պատժական քայլերու դիմել՝ եթէ անոնք միանային Բագրատ սրբազանի առաջնորդած ցոյցերուն: Ուսանողները կարեւոր ուժ պիտի դառնան իշխանաւորները պարտութեան մատնելու մէջ:

Ե. Դիւանագիտական, այսինքն՝ արտաքին ճակատի վրայ պարտութիւններու նոր ցուցանիշներն ալ կը բազմանան: Լեմքինի հիմնարկը խարանող ամբաստանագիր մը արձակեց Փաշինեանի հասցէին, յայտարարելով, որ ան դարձած է ցեղասպան թուրքին տեսակէտներուն պաշտպանը, Ցեղասպանը մեղադրելու փոխարէն՝ մեղադրանքներ կ’արձակէ հայերու հասցէին: Սա արդէն այլանդակութիւններու նոր գլուխ գործոց մըն է: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այսօր ալ նոյն «թեզեր»-ը յառաջ կը մղեն Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան մասին ու փաշինեանական իշխանութիւնները հակադարձութեան ո՛չ մէկ քայլ կ’առնեն, մինչեւ իսկ մոռցած են Պաքու գտնուող պատանդներն ու գերիները, որոնց դէմ բանտարկութեան երկարաձգում կը վճռուի…

Զ. Դիւանագիտական պարտութեան այլ ցուցանի՞շ կ’ուզէք: Հունգարիա կը խափանէ Եւրոպական միութեան կողմէ Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութեան քայլը, եւ սա ա՛յն Հունգարիան է, որ հայ սպայ մը կացինահարած ազերի մը ազատ արձակեց (Ատրպէյճանը իւղոտ պատառներ ստանալու գնով), սա ա՛յն Հունգարիան է, որուն հետ Հայաստան աւելի քան տարի մը առաջ վերահատատեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք խզուած էին Պութափէշթի յիշեալ քայլին հետեւանքով, ա՛յն Հունգարիան՝ որ Հայաստանէն ներողութիւն չէ խնդրած եւ, աւելի՛ն՝ մեր քթին կը խնդայ, իբրեւ միջնորդ ներկայանալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

Է. Փաշինեանական վարչախումբը պարտուած է նաեւ հայկական Սփիւռքի ճակատներուն վրայ: Տաւուշի եւ անոր ընդմէջէն՝ ամբողջ Հայաստանի պաշտպանութեան Շարժումին կը ձայնակցին սփիւռքեան գաղութներ: Իսկ Երեքշաբթի օր, Սփիւռքի կեցուածքը խտացնող նորագոյն ցոյց մը տեղի ունեցաւ Դանիոյ մէջ, ուր Փաշինեան հասած էր խորհրդաժողովի մը մասնակցելու համար: Հայ ցուցարարներ Փաշինեանի երեսին տուին իր դաւաճանութիւնն ու թշնամիին բանբերը դարձած ըլլալու հանգամանքը: Ի յայտ եկաւ, որ այդ բոլորը չեն յաջողած ջղագառ խնդուքը հեռացնել վարչապետ կոչեցեալէն (Անամօթին երեսին թքեր են…): Այդ ալ զարնամալի չէ, որովհետեւ այս արարածը ճակատաբաց ըսած է, թէ չի նեղանար, եթէ զինք թուրք կոչեն(*):

***

Վերոյիշեալները նմուշներ են միայն, թէ ի՛նչ տարողութիւն եւ խորք-ծաւալ ստացած է իշխանախումբին պարտութիւնը: 15 Մայիսը վստահաբար նոր գամեր (եթէ ոչ՝ վերջին գամը) պիտի զետեղէ այս վարչախումբի դագաղին, բանալով հաշուետուութեան, արդարահատուցման ու վերականգնումի երկար ուղին: Կը մնայ, որ բողոքի ալիքը ներգրաւէ շատ աւելի մեծ թիւով հայրենապաշտպաններ, որոնց դէմ իշխանաւորներու քարոզչութիւնն ու կաշառուող ոստիկաններու բրտութիւնները պիտի մնան անզօր:

 

 

(*) ՇՇուկներ կան, թէ մասնագէտներ քննութեան կ’ենթարկեն Փաշինեանի, ՔՊ-ականներու եւ ոստիկաններու ծիները: Առաջին արդիւնքները ի յայտ բերած են թուրք-ազերիական ծագումի նշաններ…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles