Կը Յաղթէ Ան, Որ Կը Յարատեւէ

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Շատեր հարց կու տան, թէ Հայաստանի մէջ ընթացք առած բողոքի շարժումը պիտի յանգի՞ որեւէ լուծումի: Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք ամէն բողոք, ամէն առարկութիւն կը վերագրուէր իշխանափոխութեան, աւելի հասարակ կերպով` աթոռակռիւի: Իշխանութիւններուն սատարող բազում քաղաքագէտներ, «քաղտեխնոլոկներ», ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներ խօսքերը մէկ ըրած կը պնդէին, որ կատարուողը անօրինական կերպով պաշտօնի ձգտում է, ուրիշ ոչինչ: Իշխանութիւնը, աւելի ճիշդ` վարչապետը, օրինաւորապէս ընտրուած է, ազգընտիր է: Ուրեմն որեւէ քննադատութիւն անընդունելի է, իսկ հրաժարականի պահանջը` ժողովրդավարութեան ժխտում: Վարչապետը ընտրուած է ժողովուրդի քուէներով, կը նշանակէ, որ ան անսխալական է: Կարեւոր ալ չէ, որ ընտրուելու համար ի՛նչ խոստումներ տուած է, ի՛նչ ծրագիր ներկայացուցած է: Այդ բոլորը պէտք է մոռնալ, կարեւորը եւ միակ ընդունելին փաշինեանական մտքի փայլատակումներն են, նոյնիսկ եթէ անոնք ցնդաբանութիւններ ըլլան: Հարցազրոյցներու ընթացքին ընդդիմադիր խօսակիցներէն կը պահանջուէր փոփոխութեան պարագային քաղաքական նոր գործընթացի ամբողջական պատկեր ներկայացնել ու մանաւանդ ըսել, թէ ո՛վ կը նախատեսուի իբրեւ վարչապետի թեկնածու: Երբեմն իրենք, հարցնողները, կը նախատեսէին հաւանական թեկնածու մը, զոր պախարակելու ու բարոյազրկելու գործին կը լծուէին անյապաղ:

Տաւուշի շրջանին մէջ կատարուող սահմանազատման դէմ բողոքի շարժում մը սկսաւ նախ Տաւուշէն, շրջանի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի ղեկավարութեամբ: Իր թեմին մէջ անօրինական գործողութիւն մը կը կատարուէր, բնականաբար իր պարտականութիւնն էր իր խնամքին յանձնուած հօտը արթնութեան հրաւիրել` առաջնորդել: Կատարուածը խիզախութիւն կ՛ենթադրեր, ազգի եւ եկեղեցիի միասնութեան դարաւոր աւանդութիւնը կ՛այժմէականացնէր:

Ժողովուրդը ընդարմացած էր, ընկղմած տեղատուութեան տիղմին մէջ, անյուսութեան բերումով ընդունելու ամէն նահանջ, ամէն նուաստացում: Կորովի ու քաջ առաջնորդի մը երեւումը բորբոքեց մարած կարծուող կրակը, եւ Հայաստանի ժողովուրդը արթնցաւ իր ցաւոտ թմբիրէն: Շարժումը թափ առաւ, տարածուեցաւ ու եկաւ հանգելու հայոց մայրաքաղաքին` Երեւանի մէջ: Այժմ բողոքը այլեւս համահայաստանեան է, նոյնիսկ` համահայկական: Կարեւոր ալ չէ, որ խաղաղ անհնազանդութեան արարքներուն քանի հոգի կը մասնակցին, կարեւոր չէ, որ հաւաքներուն քանի հազար մարդ կը մէկտեղուի: Կացութիւններ փոխող, մտքեր յեղափոխող բոլոր յաջողած շարժումները վճռականութեամբ տոգորուած փոքրամասնութիւններու կողմէ առաջնորդուած են: Անտարբեր թուացող բազմութիւնները, նման պարագաներուն, ներքին ոգեւորութեամբ կը հետեւին եղելութիւններուն:

Հայաստանի պետական կառավարման ընթացքին փոփոխութիւնը այժմ միահամուռ պահանջ է: Ընտրուած ըլլալը իրաւունք չի տար ազգը կազմաւորող էութենական ազդակները ժխտելու, աւանդը քամիին տալու ու փոշիացնելու: Ժողովրդավարութիւնը ընտրութեամբ կը կիրարկուի, այո՛, բայց ազգային աւանդներուն հաւատարմութեամբ միայն անիկա կը վերածուի իրաւ ժողովրդական կառավարման:

Այս շարժումը երկարատեւ կրնայ ըլլալ: Զայն տապալելու այլազան փորձեր կը կիրարկուին ու պիտի շարունակեն կիրարկուիլ: Շարժման մասնակիցները վարկաբեկելու փորձեր արդէն եղան ու պիտի շարունակեն ըլլալ: Հայաստանեան լրատուական դաշտը շատոնց ականուած է ու չի փայլիր ազնուութեամբ եւ մանաւանդ` տրամաբանութեամբ: Իշխանութիւնը պիտի փորձէ, կը փորձէ արդէն, ոստիկանութեան միջոցով յուսահատութեան մատնել ցուցարարները: Պահանջներուն արդարացիութիւնը, հայաստանեան քաղաքական դաշտը սուտէն, կեղծիքէն, պարտուողականութենէն ու նուաստացումէն ազատագրելու կոչուած այս շարժումը հայրենի պետականութեան փրկութեան շարժում է. նման շարժում չի կրնար պարտութիւն կրել:

Որքան ալ դժուար ըլլայ, որքան ալ երկար տեւէ, ազգի ու հայրենիքի փրկութեան այս երթը պէտք է շարունակուի մինչեւ յաղթանակ:

Արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար, պայքարին մէջ կը յաղթանակէ ան, որ կը յարատեւէ մինչեւ վերջ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles