ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ ԵՒ ԴՊՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐ

0 0
Read Time:54 Second

Ազգային Վարչութեան վերջին ժողովը՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովէն առաջ, բացառաբար գումարուեցաւ ՍՈՒՐԲ Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Ազգային Վարչութեան վերջին ժողովը՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովէն առաջ, բացառաբար գումարուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ, Մայիս 3-4-ին։

Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները Յունիս 2023-Մայիս 2024 ժամանակաշրջանին 12 ժողովներ գումարած են, մեծաւ մասամբ՝ առցանց, բայց նաեւ եռամսեայ անձամբ ժողովներով Ազգային Առաջնորդարանի մէջ։

Միւս կողմէն, նոյն օրերուն, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ, եւ կրօնական Ժողովի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ դպրապետներու սեմինար մը Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց) մէջ, մասնակցութեամբ զանազան ծուխերէ եկած դպրապետներու եւ դասախօսներու։

Ուրբաթ, Մայիս 3ին, երեկոյեան արարողութենէն ետք, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, դասախօսեց Սուրբ Պատարագի տարբեր մշակումներուն մասին, որոնք կը գործածուին եկեղեցիներու մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 4-ին, առաւօտեան արարողութենէն ետք, Խաչիկ Ղազարեան դասախօսեց շարականներու պատմութեան եւ խազագրութեան զարգացման մասին։ Այնուհետեւ, Արժպ. Տ. Պետրոս Շիթիլեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, աշխատանոց մը վարեց, որուն ընթացքին ան ներկայացուց եւ գործի դրաւ խմբավարութեան տարբեր ձեւեր՝ երգեցողութեան որակը բարձրացնելու համար մեր եկեղեցիներուն մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles