«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Եւ Հայկական Ինքնիշխանութեան Արժէքը

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

 


ՌԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Հայերը իբրեւ հիմնարար արժէքներ փայփայած են ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը, յատկապէս այն ժամանակներուն, երբ կորսնցուցած են զանոնք: Այս իտէալները, հայկական ամուր տարածքային ինքնութեան հետ միասին, հետեւողականօրէն առաջնորդած են ազգին ոգին`ձեւաւորելով հայութեան տոկունութիւնն ու ազգային միասնութիւնը: Տաւուշի շարժումը եւ վերջին բողոքի ցոյցերը, որոնք կը հակազդեն միակողմանի կերպով Ատրպէյճանին հողեր յանձնելու Փաշինեանի քայլին, կ՛ընդգծեն խորապէս արմատաւորուած այս յանձնառութիւնը։

Դեռ կանուխ է գնահատել շարժման երկարաժամկէտ կենսունակութիւնը․ ոմանք այս բողոքի ցոյցերը հապճեպ կերպով ձեւակերպած են իբրեւ օտար ուժերու ազդեցութեանց հետեւանք, պառակտումի նոր առիթներ հրահրելով: Կենսական է, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը դիտուի իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանող ժողովուրդի մը պրիսմակէն:

Տաւուշի սահմաններուն պարտադիր սահմանագծման եւ գիւղերու սահմանազատման դէմ շարժումը հիմնովին ուղղուած է ազգային ինքնիշխանութեան պահպանման։ Անիկա ցոյց կու տայ, թէ բնակչութեան մէկ հատուածը ինչպէս պատրաստ է պաշտպանելու իր հիմնական արժէքները՝ դիմակայելով բոլոր արտաքին ճնշումները, որոնք կը սպառնան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնավարութեան:

Համազգային ճգնաժամի ժամանակ, հայ քաղաքական միտքը կրնայ օգտագործել առիթը՝ համազգային համախոհութիւն ստեղծելու համար: Ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը եզակի արժէքներ են, որոնց շուրջ կարելի է համախմբել ամբողջ հայութիւնը։ Ինքնիշխանութեան մասին կեղծ պատմութիւններ կառուցելը, յատկապէս ազգը պառակտող անհիմն պատումներով, ոչ կառուցողական է: Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ազգային խորհրդանիշները կամ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը փոխելու օտար թելադրանքներու եւ ճնշումներու առջեւ զիջիլը չ՛արտացոլեր ինքնիշխանութեան իսկական գաղափարը։ Նմանապէս, սահմաններու պաշտպանութեան համար օտար ուժերու վրայ ապաւինիլը (տե՛ս անցեալ շաբաթ Փաշինեանի Մոսկուա այցը) եւ միաժամանակ այդ ուժերը որպէս ազգային ինքնիշխանութեան սպառնալիք ներկայացնելը, կը խաթարէ ժողովրդավարական ուղղամտութեան բուն էութիւնը եւ կեղծ է։

Այս պահուն, Հայաստանի վիճակը կը պահանջէ ազնիւ, ծայրայեղ իրատեսական ինքնագնահատում։ Մեր ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման պատասխանատուութիւնն առաջին հերթին մերն է: Աւերիչ պատերազմէ դուրս եկած Հայաստանի նման փոքր պետութիւն մը չի կրնար ինքզինք թոյլ տալ խճճուելու գերպետութիւններու մրցակցութիւններու կամ տարածաշրջանային անհետեւողական արկածախնդրութիւններու մէջ: Ազգային ճգնաժամի ժամանակ, քաղաքական վերնախաւը պէտք է խթանէ միասնութիւն՝ հիմնական արժէքներու շուրջ: Ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը այնպիսի արժէքներ են, որոնք արժանի են մեր առաւելագոյն խնամքին եւ յարգանքին։

Այս արժէքներուն վկայութիւնն է Տաւուշի շարժումը։ Զայն իբրեւ արտաքին միջամտութեան արդիւնք տեսնելու փոխարէն, պէտք է դիտել որպէս ազգային համաձայնութեան կամուրջներ կառուցելու շատ ուշացած հնարաւորութիւն: Ընդունելով շարժման էական ուղերձը, Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը կրնան ամրապնդել իրենց յանձնառութիւնը ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան նկատմամբ, հզօրացնելով ազգին միասնութիւնը՝ արտաքին բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles