ՑՈՅՑ…ԵՒ ԱՊԱՑՈՅՑ

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second
 ՀԱՅՐԵՆԻՔ 
Խմբագրական
Շաբաթ, Ապրիլ 14-էն ի վեր Հայաստանի մէջ ծայր առած ցոյցերն ու խռովութիւնները սպասելի էին: Յստակ է, թէ այս ցոյցերը ի՞նչ կ՛ապացուցեն:
Դժգոհութեան ալիք մը գոյութիւն ունէր, որ հետզհետէ սկսած էր ցայտել գրեթէ տարիէ մը՝  Կիրակի, Ապրիլ 2, 2017-էն ի վեր, երբ շատ մը քաղաքական հոսանքներ սահմանադրական ընտրութեան դէմ քուէարկած կամ նոյնիսկ պոյքոթի ենթարկած էին:
Այդ օրերէն իսկ, յստակ էր, թէ երկրին քաղաքական կեանքը դէպի բեւեռացում կ՚ուղղուէր։ 
Հարցը սահմանադրական փոփոխութիւնները չէին, ներառեալ՝ նոր ընտրական օրէնքի գործադրումը, նախագահականէն դէպի խորհրդարանական կարգավիճակ փոխադրութիւնը: Շատե՜ր այս բարեփոխութեան ետին կեղծիք եւ թատրոն կը տեսնէին, անմիջապէս եզրակացնելով, թէ երկրի ղեկի եւ ղեկավարութեան գործընթացը ոչինչով պիտի փոխուէր, եւ պարզապէս նախագահ Սերժ Սարգսեան վարչապետ Սերժ Սարգսեան պիտի դառնար:
Օրը եկաւ եւ անձի ընտրութիւնը այդպէս ալ եղաւ: Դժգոհ ամբոխը ցոյցերու եւ հաւաքներու դիմեց՝ իր ցասումն ու ընդվզումը արտայայտելու համար: Այս ցուցարարներուն համար շատ աւելի նպաստաւոր է նոր սահմանադրական օրէնքներուն որդեգրումը, մանաւանդ որ պէտք է նկատի ունենալ, թէ դատական իշխանութիւնը գործադիրէն ամբողջութեամբ անկախ է եւ ինքնաբերաբար կ՚երաշխաւորէ պետական իշխանութեան դատական, գործադիր եւ օրէնսդիր բնագաւառներու փոխադարձ հաւասարակշռութիւնն ու հակակշիռը։
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այս գծով առաջնահերթ դեր խաղաց, շեշտելով, թէ մարդկային ամենաթոյզն իրաւունքները կարելի չէ ոտնակոխել, եւ շարունակ նշելով, թէ Դաշնակցութեան համար արդար Հայաստանը ազատ, ժողովրդավար, խաղաղ, ուժեղ, զարգացող, ինքնիշխան, բարեկեցիկ, երիտասարդ, իրաւունքի հայրենիքն է: Միեւնոյն ժամանակ, նաեւ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնն է, որ որոշեց բարեփոխումներու գործընթացին ազդանշանը տալ՝ վարչապետութեան պաշտօնը Սերժ Սարգսեանին վստահելով։
Այս գծով ալ, Ապրիլ 17-ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան մատնանշեց նորընտիր վարչապետին՝ Ազգային Ժողովին մէջ, թէ «պարտաւոր ենք չթերագնահատել եւ տեսնել առաջընթացի մեր ճանապարհին առկայ խոչընդոտներն ու վտանգները»։
Ան նաեւ ընդգծել, թէ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ կարգերը փոխել՝ բարքերը փոխելու համար։
Սակայն, ներկայ իրավիճակին կարեւորագոյն աշխատանքը արիւնահեղութենէ եւ, կարմիր գիծն ալ անցնելով, նոյնիսկ քաղաքացիական կռիւէ խուսափիլն ու հանդուրժողական կեցուածքի որդեգրումն ու կիրարկումն է: Այս իմաստով, թէ՛ ցուցարարները եւ թէ՛ իշխանութիւնը յանձնառու եւ իրատես պէտք է ըլլան։
Յատկապէս այս վերջինն է, որ այս պայթուցիկ կացութեան դիմաց, պէտք է շատ աւելի զգոյշ գործէ՝ ներքին ապահովութեան ուժերուն զգօնութիւն եւ ողջմտութիւն պարտադրելով։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՑՈՅՑ…ԵՒ ԱՊԱՑՈՅՑ

  1. Աս խմբագրականը գրողը չի անդրադառնար որ ինքզինքին հակասած է: Մէյ մը կը խօսի ժողովուրդի դժգոհութեան մասին, որ իշխանութեան մարդոց դէմ է, յետոյ կըսէ, որ իր կուսակցութիւնը նոյն մարդիկը առաջարկեց, որպէսզի ի՞նչ: Երկիրին այս վիճակին բերողը յայտնի չէ՞. նոյն մարդիկը ի՞նչ յոյս պիտի տան ժողովուրդին: Երանի գոնէ ըսէ, որ բարեփոխութիւնը բոլրին պարտականութիւնն է, սկսելով իշխանութեան մարդոցմէ, գործակիցներէն եւ դէմը եղողներէն. հոս մէկ նալին զարկեր է, մէկ ալ սալին, այսինքն միայն ձայն հաներ է առանց նպատակ մը հասկցնելու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles