Կիզակէտ
ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆՑՔԵՐՈՒ ԼԱԲԻՒՐԻՆԹՈՍԻՆ ՄԷՋ՝ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ա.Ա.
Զինադուլի քանի մը համաձայնութիւններու ձախողութենէ ետք, Նոյեմբեր 9, 2020-ին կասեցուեցաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմը՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած եռակողմ յայտարարութեամբ մը։ Զինուորական գործողութիւնները ամբողջութեամբ դադրեցան, հայկական կողմը յատուկ

