
1975-1990 տարիներու Լիբանանի քաղաքացիական ծանօթ տագնապը, գաղութի ազգային, յարանուանական ու միութենական բոլոր հաստատութիւններուն կարգին, ելեւմտական դժուար կացութեան առջեւ կը դնէր «Համազգային»ի կրթական եւ հրատարակչական կառոյցները։
Այս կառոյցներուն հայանուէր առաքելութիւնն ու անխափան գործունէութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ, Համազգայինի այդ շրջանի իրերայաջորդ Կեդրոնական Վարչութիւնները արդարացիօրէն կ´որոշէին «Համազգային»ի պատկանող կարգ մը կտակներու եւ հիմնադրամներու գումարները առժամեայ օգտագործման համար տրամադրել այդ կառոյցներու գոյատեւումին նպաստող կենսական եւ անյետաձգելի շինարարական ու սարքաւորման ծրագիրներու իրականացման։
Տագնապի տարիներուն յաջորդող Համազգայինի Պատգամաւորական Ժողովները, քննելով Համազգայինի կառոյցներու կացութիւնը, կը հաստատէին անոնց նիւթական աւելի բարենպաստ պայմանները, պարտք կը դնէին հաստատութիւններու տնօրէններուն վրայ առաջնորդուիլ գործառնութեանց հաւասարակշռուած պիւտճէով եւ կ´որոշէին ամբողջութեամբ վերականգնել բոլոր կտակներն ու հիմնադրամները: Կ՝որոշէին նաեւ Համազգայինի պատկանող հիմնադրամներու եւ կտակներու յանձանձումը վստահիլ մասնագէտ ազգայիններէ կազմուած յատուկ մարմնի մը, որ պարտականութիւն պիտի ունենար շահարկելու գոյութիւն ունեցող գումարները, ուռճացնելու Համազգայինի հիմնադրամներու հոյլը՝ նոր կտակներու, հիմնադրամներու եւ նուիրատուութիւններու ապահովումով, հսկելու անոնց անձեռնմխելիութեան եւ անոնց եկամուտները տրամադրելու սոսկ կտակարարներու կողմէ ճշդուած նպատակներու իրականացման։
Ուրախութեամբ հայ հանրութեան կը տեղեկացնենք որ այժմ կազմուած է Համազգայինի Հիմնադրամներու Կառոյցի Մարմինը, որ կը գործէ յատուկ կանոնագրութեան մը տրամադրութիւններուն համաձայն եւ կը բաղկանայ հետեւեալ ազգայիններէն.-
Յարութիւն Արմէնեան……….նախագահ, ԱՄՆ
Յակոբ Եափուճեան……………ատենապետ, Լիբանան
Վարանդ Կիւրճեան……………փոխ նախագահ, ԱՄՆ
Սուրէն Սարգիսեան…………..քարտուղար, Ֆրանսա-Լիբանան
Մասիս Ալեքսանտրեան…….գանձապահ, Լիբանան
Նազօ Գարագաշեան…………..Լիբանան
Սիմոն Հասրճեան……………….Գանատա
Ատոմ Թնճուկեան………………Անգլիա
Կարօ Պայթարեան……………..Լիբանան
Եդուարդ Մըսըրլեան…………..ԱՄՆ
Ռապըրթ-Հայկ Սեդրակեան…ԱՄՆ
Սարգիս Պէրպէրեան…………..ԱՄՆ
Մայք Չուխաճեան……………….ԱՄՆ
Մարմինը արդէն հիմնած է Համազգայինի հիմնադրամներու յատուկ կառոյց մը՝ Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Endowment Fund անուան տակ, որ արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ իբր ոչ-հասութաբեր հաստատութիւն, ունի պետութեան մօտ արձանագրուած յատուկ կանոնագրութիւն եւ ենթակայ է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան։
Հիմնադրամի մարմինը առայժմ իր տրամադրութեան տակ ունի Համազգայինի պատկանող ու անցեալէն եկող հետեւեալ վերականգնուած կտակներն ու հիմնադրամները.
- Նիկոլ Աղբալեան կտակ – հրատարակչական նպատակներու յատուկ։
- Մայք Գալայճեան կտակ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
- Բժ. Պետրոս եւ Յովակիմ Դարբինեան հիմնադրամ – գրական եւ մանկավարժական ծրագիրներու յատուկ:
- Աստղիկ Ալեքսանտրեան հիմնադրամ – դասագիրքերու հրատարակութեան յատուկ:
- Գէորգ Կոբարեան հիմնադրամ – հայերէն լեզուի դասագիրքերու յատուկ:
- Մազմանեան կտակ – Համազգայինի տպարանի կարիքներուն յատուկ:
- Բժ. Լեւոն Գրիգորեան հիմնադրամ – հայագիտական ուսման յատուկ:
- Սուրէն եւ Հրայր Սարգիսեան հիմնադրամ – հայագիտական ուսման յատուկ:
- Պաստրմաճեան հիմնադրամ – հրատարակչական նպատակներու յատուկ:
10. Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի հիմնադրամ – հայերէն դասագիրքերու հրատարակութեան յատուկ:
11. Խաչիկ Իսրայէլեան կտակ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
12. Աւազանեան կտակ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
13. Պահատուր կտակ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
14. Հրաչ Դարբինեան հիմնադրամ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
Նաեւ, անհատ ազգայիններու եւ կազմակերպութիւններու մօտ պահ կը մնան հետեւեալ հիմնադրամները.
1. Բժ. Սամուէլ Սեմերճեանի անուան հիմնադրամ – բժշկութեան ճիւղի ուսանողի յատուկ:
2. Նուարդ Ասատուրեան հիմնադրամ – Համազգայինի ընդհանուր ծրագիրներու յատուկ:
3. Հայ Կրթական Հիմնարկութեան հիմնադրամ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
Վերջին մի քանի տարիներուն վերի հիմնադրամներուն վրայ կարելի եղաւ աւելցնել Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի կրթական կարիքներուն յատուկ երկու նոր հիմնադրամներ: Անոնք են.
1. Մկրտիչ եւ Քնար Գարագաշեան հիմնադրամ
2. Զոհրապ Պոսնոյեան հիմնադրամ
Իր ութսունամեայ գոյութեան ընթացքին, Համազգայինը`հաւատարիմ իր հիմնադիրներու աւանդին, կրթական, հրատարակչական ու մշակութային բազմերես գործունէութեամբ կարեւոր ներդրում ունեցաւ սփիւռքահայ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ։ Համազգայինի կրթարանները յառաջացուցին մտաւորականներու, գիտնականներու, կրթական մշակներու, ազգային – հասարակական թէ մշակութային գործիչներու եւ արուեստագէտներու մեծ փաղանգ մը, որ իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդի ազգային պահանջներու իրականացման։
Մշակոյթը կը հանդիսանայ ժողովուրդի մը գոյատեւման ու զարգացման գլխաւոր կռուաններէն մէկը: Այս հաւատքով Համազգայինը պիտի շարունակէ գործել ընդլայնելով իր գործունէութեան ծիրը՝ Սփիւռքի կողքին անոր մէջ ներառելով Հայաստանը, ուր 1993-էն ի վեր կը գործէ Համազգայինի գրասենեակը, որ արդէն կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ Հայրենիք – Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման մէջ։
Համազգայինի հիմնադրամներու կառոյցի նպատակը պիտի ըլլայ՝ սատարել Համազգայինի ծրագիրներու իրագործման եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի, դպրութեան եւ լեզուի զարգացման, տարածման եւ ծանօթացման հայ թէ օտար շրջանակներուն մօտ։
Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը պատրաստ է սատարելու մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման ճիգերուն եւ, ընդհանրապէս, հայապահպանութեան այնքան կարեւոր գործին։
Այս հիմամբ ալ կոչ կ՛ուղղենք մեր բարերարներուն, նուիրատուներուն, դպրոցներու շրջանաւարտներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր հայորդիներուն՝ իրենց նիւթական նպաստները վստահելու Համազգայինի հիմնադրամներու նորաստեղծ կառոյցին, հիմնելով հիմնադրամներ կամ կտակներ, որոնք պիտի ղեկավարուին յատուկ եւ պաշտօնական համաձայնագիրներով, որոնց մայր գումարը պիտի մնայ անձեռնմխելի, եւ որոնց հասոյթը պիտի տրամադրուի միայն այն նպատակներուն, որոնք նուիրատուներուն կողմէ ամրագրուած են այդ համաձայնագիրներուն մէջ:
Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը պատրաստ է թիկունք կանգնելու Համազգայինին՝ իր բազմերես առաքելութեան գործադրութեան կապակցութեամբ։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, Յունիս 9, 2011