Կանանց Միջազգային Օր

0 0
Read Time:54 Second

Մարտ 8 թուականը Կանանց միջազգային օրը չէ միայն, այլ այն օրն է, որ կը նշէ կնոջ լիարժէք մասնակցութեան իրաւունքը զանազան բնագաւառներու մէջ, սկսելով քաղաքականէն մինչեւ մշակութային։ 1909 թուականին Նիւ Եորքի մէջ խաղաղ ցոյցերով եւ հաւաքներով սկսած է այս յիշատակելի օրուան նշումը, որ հետզհետէ արմատներ նետելով վերածուած է պաշտօնական «Կանանց Միջազգային Օր»-ուան։

Այս օրերուն, դարեր առաջ ստեղծուած կացութենէն դուրս եկած ենք եւ կինը հասարակութեան հիմքը կը կազմէ։

Կիներու կարեւորութիւնը օրական դրութեամբ կ’արտացոլայ մեր կեանքին մէջ տարբեր ձեւերով եւ տարբեր դէմքերու ընդմէջէն։ Կնոջ պատկերը կ’արտացոլայ մօր, քրոջ, կողակիցին, աղջնակին, աշակերտին, ուսանողին, մարզիկին, ուսուցչուհիին, տնօրէնուհիին, գործավարին, քարտուղարուհիին, ընկերային ծառայողին, բժշկուհիին, ատամնաբուժին, բուժքոյրին, դեղագործին, իրաւաբանին, հոգեբանին, արուեստագիտուհիին, զինուորականին, գործընկերուհիին, համալսարանի դասախօսին, ուսումնասիրողին, գրագիտուհիին, պետական պաշտօնեային, հաշուապահին եւ այլ պաշտօններ ու արհեստներ զբաղեցնող կերպարներով։

Հետզհետէ աւելի կը նկատենք, թէ կին ղեկավարներ որքան հմտութեամբ կը ղեկավարեն երկիրներ, դիւանագիտական ոլորտէն ներս որքան յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն։

Հայաստանի մէջ, թէեւ շատ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, սակայն միշտ ալ կարելի է նկատել, թէ այդ ստորակայութեան բարդոյթն ու պատը գոյութիւն ունին։

Այսօր այլեւս անվիճելի իրականութիւն է, որ անհրաժեշտ է հայկական իրականութեան մէջ աւելիով խթանել հայ կնոջ դերակատարութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles