Ծ․Խ․- Այս յօդուածը, լոյս տեսած «Հասկ»-ի Յուլիս-Օգոստոս 2022-ի թիւին մէջ, վախճանեալ Մեղրիկ Սրբազան Բարիքեանի հրապարակային վերջին ելոյթն է, 2019-ին, պսակաձեւ ժահրէն ամիսներ առաջ։ Մեղրիկ Սրբազան բծախնդրութեամբ կը ներկայացնէ հայ երաժշտութեան ծանօթ դէմքերէն՝ Բարսեղ Կանաչեանը։ Այս վիթխարի գործը պատրաստուած է Դեկտեմբեր 19, 2019-ին, Ժիպէյլի (Լիբանան) «Թռչնոց Բոյն»-ի մէջ, ուր վերջին տարիներուն կը գործէր ողբացեալ Սրբազանը։
Նշենք, թէ աջին տեղադրուած առաջին նկարը կը պատկանի Հերի Գունտաքճեանի ոսպնեակին։ Իսկ մնացեալ նկարները տրամադրուած են Բարսեղ Կանաչեանի դուստրին՝ Սեդա Թիւսիւզեանի (Ուալթհամ, Մասաչուսէց) կողմէ։
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
Բարսեղ Կանաչեանէն առ այժմ մեզի հասած են.-
7 Մեներգներ (Դաշնակի ընկերակցութեամբ)։
11 Երգ-Խմբերգներ (Հայ Գուսան Երգարանէն )։
19 Մանկա-պատանեկան երգեր (Դաշնակի ընկերակցութեամբ)։
23 Խմբերգներ (Երկսեռ երգչախումբի համար)։
5 Դաշնամուրային գործեր։
1 Քայլերգ Նշան Փալանճեանի ճեմարանի։
Ընդամէնը 66 ստեղծագործութիւն։
Խօսելու համար Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական ժառանգութեան մասին, յիշեցնեմ որ Կանաչեան, որուն անունը կապուած է Կոմիտաս Վարդապետին, երաժիշտ էր ի սկզբանէ եւ ստեղծագործող-գործիքաւորող, մանաւանդ՝ փողերախումբերուն համար, նախքան Կոմիտաս Վարդապետին հանդիպիլը։ Տակաւին, հազիւ հինգ տարեկան, Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթոյ քաղաքէն Պուլկարիա գաղթելով, մայրաքաղաք Վառնայի մէջ կը հետեւի ջութակի դասերու, աշակերտելով Գրիգոր Մեծիկեանին եւ պարսկահայ ջութակահար Նաթան Բէկ Ամիրխանեանին։ 1905-ին, ընտանիքով կը գաղթեն Ռումանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պուքրէշ, ուր կը շարունակէ երաժշտական ուսումը ռումանացի ջութակահար Ժորժ Պույուքի մօտ։ Ջութակի կողքին կը սկսի դաշնակի դասընթացքներու հետեւիլ։ Կþերգէ եկեղեցիներու մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին։ Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը վերադառնայ Պուլկարիա՝ Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Կ. Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»-ը, ապա «Մասիս»-ը։ Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս։ 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կþանդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը՝ 1913-1915, մաս կազմելով Հայկ Սեմերճեան, Միհրան Թումաճեան, Վարդան Սարգիսեան, Արտաշէս Ապաճեան, Վաղարշակ Սրուանձտեան եւ Գուրգէն Գասպարեան վեցեակին։
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ
Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական ժառանգութեան վերլուծումը կատարել կը նշանակէ գիտական քննարկում կատարել անոր երաժշտութեան արժէքին մասին։ Արժեւորում ո՛չ թէ գործը գնահատելու համար, այլ արժէքին քննարկումը կատարելու։ Կանաչեանի երաժշտութեան ժառանգութեան վերլուծումը ինքնին աշխարհ մըն է, որովհետեւ վերլուծելու համար անոր երաժշտութիւնը անհրաժեշտ է վերլուծել նաեւ անոր դաշնաւորումը։
Այս առիթով, քանի մը մատնանշումներ պէտք է կատարել.-
1) Կանաչեան, որպէս երաժշտութեան գիտութեան հմուտ մարդ, երաժշտութեան ստեղծագործութիւնն ու դաշնաւորումը կատարած է միասնաբար, որովհետեւ անոնք երկուքն ալ զուգորդուած են, իրարու կապուած եւ երաժշտական դաշնաւորումը, ներդաշնակութիւնն ու ձայնանիշերու համաձայնութիւնը, զիրար կþամբողջացնեն։
2) Կանաչեան ո՛չ միայն երաժիշտ է, այլ ստեղծագործ երաժիշտ։ Իր դաշնաւորումներուն բոլոր երաժշտութիւնները իրեն կը պատկանին։ Բնականաբար ազդուած է հայկական դաշնաւորման կերպերէն, բայց առանց ազդեցութեան տակը ըլլալու ոեւէ հեղինակի։ Երբ Կանաչեան լսես, գիտես որ Կանաչեանն է։ Օրինակ՝ Կանաչեանը Կոմիտաս չէ, եւ ոչ ալ Կոմիտասը Կանաչեան։ Դաշնաւորման, ներդաշնակութեան եւ ձայնանիշերու համաձայնութեան հմտութիւնը Կանաչեանի մօտ տարբեր է, Կոմիտասի մօտ՝ տարբեր եւ ուրիշներու մօտ՝ տարբեր։ Իւրայատուկ է Կանաչեանը՝ Դպրոց է, որուն արժէքը չկրցան հասկնալ ո՛չ սովետական Հայաստանի երաժիշտները, եւ դժբախտաբար, ո՛չ ալ տակաւին անկախ Հայաստանի երաժիշտները։
3) Կանաչեան, հակառակ անոր, որ ո՛չ հայկական միջավայրի մէջ երաժշտագիտութեան հմտութեան տիրացած է, սակայն հայ երաժշտութեան (աշխարհիկ թէ եկեղեցական) տիրացած է՝ մասնագէտ եւ արհեստավարժ մակարդակով։
4) Կանաչեանի երաժշտութիւնը պաշտօն մը ունի, գործ մը, պատարագչութիւն, ծիսակատարութիւն, հանդիսակատարութիւն եւ կախարդութիւն։ Անոր համար ալ անոր դաշնաւորումները ունին.-
– Ինքնակերպ գործառնութիւն (automorphic function)։
– Շարունակական գործառնութիւն (continuous function)։
– Բացայայտ գործառնութիւն (explicit function)։
– Ներիմաստ գործառնութիւն (implicit function)։
– Համաչափ գործառնութիւն (rational function)։
– Համադրական գործառնութիւն (symmetric function)։
5) Կանաչեանի դաշնաւորումները գիտական են, ֆիզիքական են, այլ խօսքով՝ վերացական չեն։ Յուզական եւ զգացական են։ Կեանքի համար են, որովհետեւ կապ ունին կեանքին հետ։
6) Կանաչեանի երաժշտութիւնը կþարժեւորուի, որովհետեւ հոն՝ երաժշտութեան շարժումներուն մէջ ընկերային հարցեր կþարծարծուին։ Ընդունելութեան, կոչունքի, մարդկային կեանքի ուրախ եւ տխուր յարաբերութեան պատկերներ կը բնութագրուին։ Մխիթարութեան, բուժական, դիւթական սրսկումներ կը փոխանցուին։ Գործառնութեան եւ ինքնահաստատմամբ կամք կը լսես։ Եւ այս բոլորը կը կատարուին երաժշտութեան դաշնաւորման համատեղ շարժումներով, որոնց զուգահեռ բառերը այնքան ալ անհրաժեշտ չեն։ Արդարեւ, առանց բառերուն ալ երաժշտութիւնը իր դաշնաւորումով ինքզինք կը բացայայտէ։
7) Կանաչեանի երաժշտութեան եւ այդ երաժշտութեան դաշնաւորումին մէջ.-
ա.- Բացայայտ է պատմական ենթահողը։ Կանաչեանի բոլոր երգերն ալ պատմական ենթահող ունին։ Բանի մը կը պատկանին, աչքերուն, երազներուն, ուռիին, հայրենիքին, սիրածին, մեղուին, ծիծեռնակին, եւ այլն։ Երաժշտութեան հիւսուածքը պատմական շարահիւսութիւն մըն է, առաջին իսկ պահուն արդէն կը ճանչնաս երգին բնոյթը եւ առանց գիտնալու կը սկսիս անոր հետ երգել։
բ.- Ենթահողը կը զարգանայ։ Երաժշտութեան սկսած պահուն գիտես արդէն թէ ինչպէս պիտի վերջանայ։ Ինք չէ որ երաժշտութեան ընթացքը ուզած ձեւով կþառաջնորդէ։ Ինք գիտէ՛ ուզածը, անոր համար ալ կը սկսի այնպէս մը որ աւարտը իր ուզածին պէս ըլլայ։
գ.- Զարգացումը կþիտէալանայ ներքին մղումով մը, որ երազային է, միշտ վերը՝ գեղեցիկին, կատարեալին եւ վսեմին ձգտումով։ Դաշնաւորման իր արհեստագիտութիւնն ալ ցոյց կու տայ, որ սովորական ըլլալով հանդերձ մղում մը ունի, որ քեզ կը տանի վերերը։ Օրինակ՝ «Ծնկըլը Մնկըլը», թռչնիկին դէպի վեր սլացման ուժականութիւնն է եւ այդ ուժականութիւնը ո՛չ թէ բառերուն մէջ կը կայանայ, այլ Կանաչեանի երաժշտութեան եւ երաժշտութեան գեղարուեստ պարգեւող դաշնաւորումին մէջ։ Նոյնն է պարագան «Վարդերի Հետ»-ին, «Ծիծեռնակ»-ին, «Հայրենի Կարօտ»-ին, եւ այլն։
դ.- Կանաչեանի ներքին մղումը, որ երազային է, իր մէջ ունի գեղագիտութեան արուեստ։ Անկախ անկէ, որ դաշնաւորման սքանչելի զգացողութիւն մը ունի, ունի նաեւ ճաշակ, որ զեղուն է յորդառատ, ո՛չ իրարու նման, տարբեր, բայց միաժամանակ Կանաչեան բուրող։
ե.- Կանաչեանի գեղագիտութիւնը ինքնուրոյն է եւ յղացական շարունակականութիւն մը ունի իր մէջ։ Ոեւէ ձայն կը սկսի երգել եւ եթէ քիչիկ մը ձայնանիշերու ծանօթութիւն ունիս՝ կը շարունակես երգել. բայց դուն չէ որ անպայման կþերգես ձայնանիշերը ընթերցելով, այլ՝ զգացումդ եւ ականջդ քեզ կը մղեն, որ երգես առանց երաժշտութեան ծանօթ ըլլալու անգամ։ Փորձելու համար, երկու տարուան ոեւէ նուագարանի հետեւող աշակերտին, սկսէք երգել օրինակ՝ «Օրօր»-ը՝ «Քուն եղիր բալաս». առաջին հինգ ձայնանիշերը երգելէ ետք. ինք անպայման յաջորդ ձայնանիշը պիտի երգէ առանց ծանօթ ըլլալու իսկ։ Սկսէք «Ծիծեռնակը բոյն կը շինէր», առաջին ութը ձայնանիշերէն ետք, ինք պիտի շարունակէ եւ այսպէս Կանաչեանը, որպէս երաժիշտ, մեծ է իր յղացական շարունակականութեան համար։
զ.- Ինչո՞ւ այսքան դիւրին է Կանաչեանը, հակառակ մեծ ըլլալուն, որովհետեւ առարկայականի եւ ենթակայականի փոխանակ բախումի, ներցուլման եւ միութեան դաշնաւորման արհեստն է որ կþօգտագործէ։ Երբեմն, կը մտածեմ, արդեօ՞ք (քաղաքավարութեան համար կþըսեմ «երբեմն» եւ «արդեօ՞ք», բայց կասկած չունիմ) Կանաչեան դաշնաւորած ատեն երաժշտութիւնը, որ նախապէս պէտք էր գրած ըլլար, փոխած է։ Առարկայականը երաժշտութիւնն է, ենթակայականը դաշնաւորումն է։ Կանաչեան մէկը միւսին զոհ չէ դարձուցած. պէտք եղած ատեն մշակած է ի՛ր իսկ հեղինակած երաժշտութիւնը, որպէսզի դաշնաւորումին հետ ըլլայ ներդաշնակ։ Կþարժէ նայիլ «Շուշօ»-ի, «Նանօր»-ին, «Դալիլօ»-ին, եւ այլն։
Այս հանգրուանին պիտի թուարկեմ երաժշտական քննարկումի միայն քանի մը ոլորտներ
Ա.- ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱՅՍ ՎԻՃԱԿԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԱՊՈՒԱԾ Է ԱՆՁԻՆ։
Երաժշտական հմտութիւնը միայն գիտութեան հետ կապուած չէ, այլ՝ հոգիին եւ հոգեբանական վիճակին, այլապէս՝ կեղծ է։ Կանաչեանի հոգեբանական վիճակին կապուած է իր երաժշտութեան մշակման կերպին հմտութիւնը։
Կանաչեանի երաժշտութեան վերլուծման մէջ կան ինը կարեւոր հոգեբանական վիճակներ.-
- Գիտակցութեան արթնացման հոգեբանական վիճակ.
- Խոր քունի հոգեբանական վիճակ.
- Երազային հոգեվիճակ.
- Երազազուրկ հոգեվիճակ (արհեստագիտական).
- Վերացական գիտակից հոգեվիճակ.
- Տիեզերական գիտակցութեան վիճակ.
- Փառաւորեալ տիեզերական գիտակցութեան վիճակ.
- Տիեզերական գիտակցութեան միասնական վիճակ.
- Ասուծոյ գիտակցութեան հոգեվիճակ.
Զգո՜յշ։ Երաժշտութեան մշակումը, ամէն բանէ առաջ, արուեստի հմտութիւն (technique) եւ մեթոտ (method) է՝ հնար, ոճ, կերպ կամ դրութիւն։ Ձայնանիշերը քով-քովի դնելով կրնաս եղանակ մը դաշնաւորել, բայց չես կրնար երաժիշտ ըլլալ, այնպէս ինչպէս ոեւէ գրող չի կրնար գրագէտ ըլլալ, գիրին, շարահիւսութեան կամ քերականութեան մասնագիտութեամբ։ Ո՛չ մէկ երաժշտութիւն դերագնահատելի է, բոլորն ալ կրնան եւ արժէք ունին, բայց կրնայ մէկուն կամ միւսին ճաշակին չյարմարիլ, իսկ երաժշտագէտին հոգեբանական վիճակը եւ վիճակին ներքեւ կատարուած ստեղծագործութիւնը, վեր է այս բոլորէն, անոր համար ալ հազարաւոր երաժիշտներու մէջէն նշանաւոր են.-
Mozart – Eine kleine Nachtmusik
Beethoven – Fur Elise
Puccini – ‘O mio babbino caro’
J.S. Bach – Toccata and Fugue in D minor
Beethoven – Symphony No.5 in C minor
Vivaldi – The Four Seasons
Bizet – ,,Carmen”
Johann Strauss II – The Blue Danube
Ravel – Bolero
Mozart – Overture from The Marriage of Figaro
Puccini – ‘Nessun Dorma’
Rossini – Overture from ‘William Tell’
Իսկ Կանաչեանի պարագային, որովհետեւ ապրած ժամանակաշրջանը եղաւ քաղաքականօրէն դժուար, տնտեսականօրէն նեղ եւ անձուկ, այս բոլորին վրայ Կոմիտաս Վարդապետի հետ հանդիպումն ու գործակցութիւնը ե՛ւ որպէս աշակերտ ե՛ւ որպէս գործակից, ապա՝ տեղէ տեղ փոխադրութիւնը եւ ի վերջոյ «Գուսան»-ի իր իսկ «սեփականութիւն»-ը նկատելը, իր մէջ հոգեկան յոյզերու եւ զգացումներու, բայց մանաւանդ ներշնչման աղբիւր եղան։
Կանաչեանի ապրումները, յոյզերն ու զգացումները, պատճառ եղած են, որ անոր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը դասական երաժշտութեան օրէնքներէն անդին, մշակման արուեստի հմտութենէն անդին, գեղարուեստական արուեստէն անդին ըլլան, որովհետեւ ընդհանրապէս հոն դասական երաժշտութեան օրէնքներ չկան, այլ կան զգացումի եւ լսողութեան հետ առնչուած արհեստագիտական հնարամտութիւններ, որոնք դասական երաժշտութեան հեղինակներուն համար կրնան տարօրինակ թուիլ, բայց երբ լսեն կամ նուագեն, դասական երաժշտութեան ձգած ազդեցութենէն տարբեր ազդեցութիւն մը կþունենան, որ զգացումի տարօրինակ վիճակ մը կþառնէ, ջիղերը կը գրգռէ եւ հոգեկան ցնցում կը յառաջացնէ երաժշտութեան մասնագէտին վրայ։ Ու չի կրնար մասնագէտ երաժշտագէտը բաղդատել Կանաչեանը այս կամ այն երաժիշտին հետ, որովհետեւ մեծութիւնները չեն բաղդատուիր։
Եթէ Mozart-ը՝ Mozart է, Beethoven-ը՝ Beethoven է, Puccini-ն՝ Puccini է, Bach-ը՝ Bach է, Vivaldi-ն՝ Vivaldi է, Bizet-ը, Strauss-ը, Ravel-ը, երաժշտութեան աշխարհին մէջ գերազանց մեծութիւններ են, եթէ Կոմիտաս Վարդապետը, Արամ Խաչատուրեանը, Թաթուլ Ալթունեանը, Ետուարդ Միրզոյեանը, Առնօ Պապաճանեանը, Ռոմանոս Մելիքեանը, Ալեքսանդր Յարութիւնեանն ու նոյնանուն Սպենդիարեանը, Տիգրան Չուխաճեանը, Էտգար Յովհաննէսեանը, եւայլն, միջազգային երաժշտութեան երկնակամարին վրայ աստղեր են, բոլոր օտար երաժիշտներուն հետ միասին եւ համահաւասար արժէքով, Կանաչեանը անոնց խումբին կը պատկանի, երբեմն ալ քիչ մը աւելի արժէքով։
Ինչո՞ւ, որովհետեւ Կանաչեանի գործերուն մէջ ակնյայտ է.-
1) Գերումի (enthralment) դիւթականութեան, հմայութեան կամ հրապուրանքի հոգեբանական վիճակը։ Երգերու դաշնաւորման ընթացքը կլոր շրջագիծ մըն է, անդադար կը դառնայ, ներքին աչքերդ կը շլացնէ, կը կախարդէ եւ կը գերէ։ Կանաչեանի հոգեբանական այս վիճակը ակնյայտ է մանկական երգերէն «Խնոցի»-ին, «Ճախարակ»-ին, «Խաղաղ Գիշեր»-ին, «Ծիծռնակին Բոյնը», խնբերգներէն «Հայրենի Կարօտ»-ին, «Սօսին», «Խաղաղ Գիշեր»-ին, մեներգներէն՝ «Ուռին», «Ծով Աչեր»-ին եւ այլ երգերուն մէջ։
2) Կանաչեանի գործերուն մէջ ակնյայտ է վերացումի, վեհացումի, վերաբիւրեղացումի եւ վսեմացումի (sublimation) հոգեբանական վիճակը։ «Քայլերգ Կամաւորներու»-ն, «Նէննիր Նայ»-ը, «Ծնկըլը Մնկըլը», «Ռազմերգ»-ը, «Բամ Փորոտան»-ը, եւայլն, գեղեցկագոյն նմուշներ են։
3) Կանաչեանի գործերուն մէջ ակնյայտ է կրկնութեան պարտադրանքի (repetition compulsion) հոգեբանական վիճակը։ Այս վիճակը բնական երեւոյթ է երաժշտութեան անդաստանէն ներս։ Բայց ոմանք ձախողած են։ Երաժշտութեան մէջ հոգեբանական այս վիճակը արեւելեան երաժշտութեան յատուկ ոճ մըն է, որ կը կլորցնէ երաժշտութիւնը եւ կը հասնի հոն ուրկէ սկսած էր։ Ինք իր վրայ դարձող անիւի մը պարտադրանքն է։ Մեծութիւններէն շատեր, մանաւանդ արեւմտեան մեծութիւններէն շա՜տ շատերը ձախողած են։ Կանաչեանի պարագային հետաքրքրական է, որ կրկնութեան պարտադրանքի հոգեբանական վիճակը շատ սահուն է։ «Նանօր»-ը, «Դալիլօ»-ն, «Վարդերի Հեր»-ը, «Շուշօ»-ն, եւայլն, գեղեցկագոյն նմուշներ են։
4) Խմբային զգացումի հոգեբանական վիճակ (group feelings)։ Երաժիշտը ինքզինք առանձին չզգար։ Իր հրահանգին սպասող մեծ թիւով մարդիկ կան, երբեմն ուրախ կամ տխուր պահերու հաւաքուած ընկերներ, երբեմն՝ ամբոխներ, երբեմն՝ բանակներ, որոնք բոլորն ալ սպասումի մէջ են։ Այս բոլորը միայն խօսքի արտայայտութիւն չեն, այլ նաեւ երաժշտական ձայնանիշերու համատեղ հնչողութիւն, որոնք հրահանգ են, ներքին զգացումներու հզօր արձագանգ։ Այսպէս են «Նէննիր Նայ»-ը, «Հօպ Կիւլիւզար»-ը, «Մարալօ»-ն, «Մեղու»-ն, եւայլն։
5) Ջղային անհանդարտութեան (dysphoria) վիճակը, որ ստեղծագործութեան գերազանց եւ ամենադժուար հանգրուանն է։ Զգո՜յշ, երաժշտական ջղայնութիւն չի նշանակեր պոռթկում, շա՜տ յաճախ հանդարտ եւ խաղաղ երաժշտութիւնն անգամ իր խորքին մէջ (օրինակ, բամբ կամ bass ձայնին մէջ) ջղային է, պիտի պայթի, բայց հոն է, խաղաղ է։ Ջղային է, բայց ներքին տագնապ կþանցնէ, որուն մակարդակին հասնելու կարողութիւն ամէն երաժիշտ չունի։ Իսկ Կանաչեանին մէջ շա՜տ է։ «Նանօր»-ին, «Օրօր»-ին, «Ալվարդին Երազը, «Ծիծեռնակ»-ին մէջ եւ տակաւին շա՜տ գործեր, եթէ ներքին լաւան կամ երաժշտական լեզուով dysphoria-ն չըլլայ, չի կրնար թռչիլ՝ բարձրանալ։ Ներքին, ուժեղ մղում մը պէտք է, որ վեր բարձրացնէ երաժշտութիւնը, կատարելութեան հասցնէ՝ երանութեան եւ խաղաղութեան։
Բ.- ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ.-
ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱՅՍ ՎԻՃԱԿԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԱՊՈՒԱԾ Է ՈՒՆԿԸՆԴԻՐԻՆ։
1) Կանաչեանի երաժշտութիւնը անեզրական, այսինքն անսահման, անծայրածիր համարողութիւն՝ թուաբանական գիտութիւն է (integral calculus)։ Երբ լսես, չես կարծեր որ պիտի վերջանայ, բայց կ վերջանայ։ Ձգողութիւն մը ունի, քաշողականութիւն մը, ունկնդիրը՝ չուզեր որ վերջանայ, բայց՝ կը վերջանայ։
2) Տարբերական, այսինքն չնմանող, իւրայատուկ, ինքնուրոյն համարողութիւն է (differential calculus)։ Իւրաքանչիւր երգ ըսելիք մը ունի, անկախ իր բառերու թելադրականութենէն, որպէս երաժշտութիւն ազդեցութիւն ունի, որովհետեւ, երբ լսես, բառերը հասկնալու կարիք չես զգար, երաժշտութիւնը կը գերէ քեզ, իսկ դաշնաւորումը կրակի պէս կը ջերմացնէ էութիւնդ, կը հրդեհուիս, բայց չես այրիր, չես փճանար, այլ՝ կþոգեւորուիս։
3) Տրամաբանական, այսինքն խելքով դատուած վերլուծում է (logical analysis)։ Կանաչեան իր գրածը նուագելով եւ սրբագրելով, բիւրեղացուցած է դաշնաւորումը տուեալ երգին, անոր համար ալ ունկընդիրը հանգիստ կը զգայ ինքզինք, երբ Կանաչեան լսէ։ Ունկընդիրը չի տագնապիր Կանաչեանով, այլ կը խաղաղի, կը յուզուի, բայց չի տխրիր Կանաչեանի երգերով։
Եւ ինչո՞ւ այսպէս է, որովհետեւ Կանաչեանի երաժշտութեան մէջ.-
ա) շարադրութիւնը կամ երգագրութիւնը (composition) առաջնահերթութիւն է.
բ) երկրորդ հանգրուանը՝ երաժշտութեան մշակումն է (composition).
գ) երրորդը՝ ձայնային ձեւաւորումն է (sound design and production), այսինքն՝ ուրկէ սկսիլ եւ ուր հասնիլ.
դ) չորրորդը՝ դաշնաւորումը (arrangement).
ե) ապա կու գայ պահը լծորդումին, միախառնումին, բաղադրումին (mix).
զ) եւ հեղինակել (mastering).
Անոր համար ալ Կանաչեանի երաժշտութիւնը ունկընդիրին համար՝ արհեստական եւ կեղծ չէ, միջավայրն ու շրջապատը հայկական է, ձայնանիշերը դաշնաւորման մէջ գիտակից կերպով զետեղուած են եւ ո՛չ թէ համաձայն երաժշտութեան ընթացքին, շարժումին, թաւալումին եւ հանգումին։
Գ.- ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Կանաչեանի երաժշտութիւնն ու այդ երաժշտութեան դաշնաւորումը, եթէ ուզենք սահմանել, կը տեսնենք որ անոնք անհրաժեշտ պայմանները կþամբողջացնեն Կանաչեանը վաւերական դարձնելու (տակաւին չեմ ուզեր իր խմբավարի դիրքին անդրադառնալ, որովհետեւ այսօրուան նիւթս չէ, բայց կապ ունի, որպէս երրեակ յատկութիւն՝ Կանաչեանին համար)։
Եւ ի՞նչ են այդ պայմանները.-
1) Երաժշտութեան եւ մտքին միջեւ կապ.
2) Երաժշտութեան եւ լեզուին միջեւ կապ.
3) Երաժշտութեան նիւթը (թէ ինչի՞ մասին կը խօսի).
4) Երաժշտութեան եւ յոյզի կապ.
5) Երաժշտութեան եւ իմաստի կապ։
Եթէ քննենք Կանաչեանի երաժշտութեան մէջ միտքը, լեզուն, նիւթը, յոյզն ու իմաստը, համահաւասար զուգորդում մըն են։ Հինգ ձիեր, որոնք ետեւ ետեւի չեն առաջնորդուիր, այլ միաժամանակ, բոլորն ալ ճերմակ են, մէկը կամ միւսը շարքէն դուրս չելլէր։ Եւ այս պատճառով ալ ոգեւորութիւն, կենդանութիւն եւ աշխուժութիւն կը ստեղծեն։ Կանաչեան լսելով՝ ֆիզիքական եւ մարմնական միջավայրի ազդեցութիւն կը կրես։ Հաշուուած արձագանգ մը կը լսես, որ իր մէջ կը խտացնէ զանազան ազդակներ, շարժառիթներ եւ դրդապատճառներ։
ա) Պէտք է շեշտել, որ Կանաչեանի մօտ բացարձակ երաժշտութիւնը, ծրագրուած երաժշտութեան դէմ է։ Կանաչեան չի ծրագրեր, այլ կը ստեղծագործէ։ Ստեղծագործութեան ատեն գործը կը բիւրեղանայ, որովհետեւ պէտք է լսէ, ապա լսածը հաստատէ։ Երաժշտութիւնը մտքին մէջ դաշնաւորուած չէ։ Դաշնամուրէն կը ստանայ իր ներշնչումը։
բ) Կանաչեանի համար երաժշտութեան իմաստն ու նպատակը կը կերտուին դաշնաւորման պահուն։ 1997-ին երաժշտութեան իմաստասէր Steven Pinker-ը իր «How the Mind Work» գրքին մէջ, երաժշտութիւնը կը նմանցնէ «auditory cheesecake»-ի (լսողական պանրաբլիթի)։ Զայն պատրաստելու համար recipe-ին պէտք է հետեւիլ։ Երաժշտութեան համար ալ, եթէ պատրաստութեան եղանակին ծանօթ չես, կրնաս երգ մը դաշնաւորել, բայց պիտի ակնկալես նաեւ, որ այդ երգը կրնայ բնաւ ալ երաժշտականութիւն եւ մանաւանդ երաժշտական տրամաբանութիւն չունենալ։ Մարդիկ կրնան քեզ ծափահարել, բայց քու ողջութեանդ միայն։ Կանաչեան, տակաւին եւ միշտ, ծափահարելի է, որովհետեւ «auditory cheesecake»-ի պատրաստութեան հմտութիւն ունի։
գ) Երաժշտութեան գեղագիտութիւնը Կանաչեանի մասնագիտութիւնն է։ Կարպիս Ափրիկեանը, երբ Կանաչեանի «Նանօր»-ը գործիքաւորեց, գիտէր որ անոր հնչողութիւնը պիտի ըլլայ գերազանց։ Եւ եղա՛ւ, աւելի՛ քան առանց նուագակցութեան (a capella) կատարուած երգեցողութիւնը, որ ինքնին անգամ հրապուրիչ էր։ Կանաչեանը գեղագիտութեան վարպետ է, եթէ միայն «Օրօր»-ը գրած ըլլար, կը բաւէր որ այս մարդը դառնար գեղագիր երաժիշտ։
Դ.- ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Կանաչեանի երաժշտութիւնն ունի.-
1) Անուանական արժէք face value.
2) Իրական արժէք real value.
3) Բացարձակ արժէք absolute value.
4) Արտաքին արժէք extrinsic value.
Արժէք է, որովհետեւ ունի.-
ա) Տարբեր եղանակներու մասնայատուկ ոճ.
բ) Կազմուածք.
գ) Համակարգ.
դ) Ներքին եւ արտաքին մղում.
ե) Զգացողական եւ ենթագիտակցական.
Երբեմն բացայայտ է զգացումը, բայց երբեմն քողարկուած եւ մութ. անոր երաժշտական ձայնանիշերը անտառի մը կը նմանին, իսկ հնչողութիւնը անտառի թաւուտին մէջէն եկող ձայնի։
Կանաչեանի երաժշտութիւնն ու դաշնաւորման հմտութիւնը.-
1) Կը զարգացնեն բանականութիւնը, որովհետեւ անոնց շարահիւսութիւնը տեղեկատուական է (խօսքս բառերուն մասին չէ, այլ՝ երաժշտութեան)։
2) Բարձրամակարդակ համադրութիւն է եւ մանուկ-պատանիներուն ու բոլոր հասակի երգողներուն համար։ Կանաչեանի երգերը կրնան երգել բոլոր տարիքներն ալ։
3) Երգողները կþունենան զգացումի զարգացում, կարեկցութեան յոյզ եւ անհանգստութիւնը դիմակայելու ոյժ։
4) Օրինաչափութիւնը աւելի քան յստակ է։
5) Երգած ատեն կրնաս յայտնաբերել բովանդակալից, նշանակալի, տեղեկատուութիւն պարունակող տարրեր։
6) Կանաչեան մէջդ կը կերտէ երեւակայութիւն եւ մտաւոր հետաքրքրասիրութիւն։
7) Կանաչեանի երաժշտութիւնը եւ դաշնաւորումը հանգստացնող են, յատկապէս օգտակար՝ երեխաներու հանգստեան համար։
8) Կանաչեանի երաժշտութիւնը կը զարգացնէ ստեղծագործական մտածողութիւնը։
9) Կանաչեանի երաժշտական արհեստագիտութիւնը ինքնավստահութիւն կþարթէ ե՛ւ լսողին, եւ մանաւա՛նդ երգողին վրայ։
Բարսեղ Կանաչեանի Երկերու երկու հատորներուն գեղարուեստական շարուածքին մասին ըսելիքներս փոխանցած եմ, բայց քանի մը կարեւոր նշումներ կþուզեմ կատարել.-
Ա.- Այս հատորներէն կը պակսին Կանաչեանի բոլոր արաբերէն դաշնաւորեալ երգերը։ Հատորներու ներածականին մէջ կþըսուի թէ այսինչ անձը (անունը կարեւոր չէ), որ կապ ունէր այս երգերու կատարման մէջ եւ ըստ երեւոյթին նաեւ իր քով կը գտնուէին նօթաները, չէ վերադարձուցած զանոնք։ Իսկ «ըստ իր բարի սովորութեան, Կանաչեան մնացեալներն ալ պատռած ու նետած է՝ զամբիւղ, իր իսկ ձեռքով, որպէս … անօգուտ ապրանք»։ Ինծի համար այս երկու արդարացումներն ալ անհասկնալի եւ անընդունելի են, որովհետեւ եթէ այս երգերը «Գուսանի» տարեկան համերգներուն Պէյրութի, Զահլէի, Պաալպաքի փառատօներուն, Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ «Անօրինակ խանդավառութիւն կը ստեղծէին», Կանաչեան ինչո՞ւ պիտի պատռէր եւ զամբիւղ նետէր։ Պէտք է փնտռել։ Այս առիթով ըսեմ, որ եթէ նախկին «Գուսանական»-ներ ունին այս նօթաները, թող տրամադրեն մեզի, Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ եւ Շահան Սրբազանին գլխաւորութեամբ կրնանք շա՜տ կարճ ժամանակի մէջ զանոնք խմբագրել, ամբողջացնել եւ հրատարակել, որպէս լրացուցիչ Գ. հատոր։
Դժբախտաբար արաբերէն երգերու շարքին կը պակսին նաեւ երեք կարեւոր դաշնաւորումներ.-
ա) Իրաքի Հանրապետութեան քայլերգի դաշնաւորումը.
բ) Սուրիոյ Հանրապետութեան քայլերգի դաշնաւորումը.
գ) Լիբանանի Հանրապետութեան քայլերգի դաշնաւորումը.
Առաջին երկուքին մասին դժբախտաբար միայն լսած եմ։ Իսկ Լիբանանեան քայլերգը երգած եւ ղեկավարած եմ։ Քայլերգին երաժշտութիւնը արդէն խրոխտ է, ոգեւորիչ, իսկ դաշնաւորումը ո՛չ մէկ ձեւով կը զիջի այլ քայլերգներու։ 1941-ին, նախապէս Լիբանանի Ֆրանսական commissaire-ին կողմէ հիմնուած «արեւելեան բանակներու փողերախումբը «The Band of the Armies of the Levant», կը ճանչցուի որպէս Լիբանանեան փողերախումբ, կոչուելով «The Band of the post», որուն կեդրոնատեղին էր։ Լիբանանի Քայլերգի (բանաստեղծութեան հեղինակ՝ Ռաշիտ Նախլան), երաժշտութեան հեղինակ՝ Ուատիհ Սապրան Յուլիս 12, 1927-ին, երբ քայլերգին երաժշտութիւնը կը հեղինակէ եւ առաջին անգամ կը նուագէ Լիբանանի Բանակի օրուան առիթով՝ Օգոստոս 1, 1927ին, միաձայն կը նուագուի։ Կը շարունակուի նուագուիլ միաձայն երաժշտութեամբ մինչեւ 1935, երբ Ճեմարանի մէջ, Լեւոն Շանթի մէկ պարզ առաջարկով Քայլերգը կը դաշնաւորուի եւ 1944 Նոյեմբեր 22-ին կþերգուի առաջին անգամ ըլլալով «Գուսան» երգչախումբին կողմէ։ Եւ այսօր, Լիբանանեան Քայլերգի փողերախմբային տարբերակը, գրեթէ ամբողջութեամբ, առնուած է Կանաչեանի դաշնաւորումէն, բացի նախամուտէն, որուն դաշնաւորումը յայտնի է որ կցուած է Կանաչեանի քայլերգին։
բ.- Դաշնամուրային ստեղծագործութիւններուն մէջէն դժբախտաբար կը պակսի նաեւ «Դալիլօ»-ի չորս ձեռքերով (quatre mains) ստեղծագործութիւնը, որ այստեղ երբեմնի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ նուագած եմ, հանգուցեալ եւ գերազանցօրէն երաժշտագէտ Սեդրակ Սեդրակեանին հետ։ Այդ օրերուն հանգուցեալ Զարեհ Սրբազանը (Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը) կþուզէր առանձին հրատարակել։ Իսկ այսօր, դժբախտաբար, Սրբազան Հօր երաժշտական արխիւներուն մէջ անգամ չկայ։
գ.- Այս գեղեցիկ հատրոներուն մէջ կը պակսի նաեւ Կանաչեանի «ՊԱՏԱՐԱԳ»-ը (Յիսուսի Ծնունդէն մինչեւ Յարութիւն)։ Առաջին անգամ երգուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին Assembly Hall-ի «Chapel»-ին մէջ, «Գուսան»-ին կողմէ, 1943-ին, նոյնինքն Կանաչեանի ղեկավարութեամբ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ, ֆրանսացի երգեհոնահար՝ Ռուպիայի։
Դ.- Այս հատորներու կողքին կը բացակայի նաեւ Կանաչեանի «Աբեղա»-ն. Օպերա երեք գործողութեամբ։ Գործիքաւորումը կատարուած է արդէն Վահէ Հայրապետեանի կողմէ։ Երաժշտութեան բառերը առնուած են Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերական գործէն։ Կը յուսանք, որ մօտիկ ապագային լոյս կը տեսնեն երկու այս գործերը՝ ամբողջականօրէն։
Ի վերջոյ կեցցե՛ն այս հատորները պատրաստողները՝ Պետրոս Յովսէփ Ալահայտոյեանն ու Դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանը, որոնց աշխատանքին արդիւնքն է այս հատորը։
Շնորհակալութիւն այս աշխատանքի մղիչ ուժը հանդիսացող Սիրելի Շահան Սրբազանին։
Եւ Կանաչեանի սիրահար բոլոր երաժշտասէրներուն կողմէ երախտագիտութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ մի՛շտ քաջալերողն է հայ մշակոյթի բոլոր երախտաւորեալները, ի Տէր ննջած կամ կենդանի։ Շնորհակալութիւն Վեհափառ այս հատորներու լոյս ընծայման համար։